Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Տուպայի 28-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը

Փետրուար 20, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկսաւ Տուպայի պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Սաժես եւ Ռիատի:

Իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ, որ նախանցեալ օր մրցեցաւ Ռիատիի դէմ, թէեւ յաջողեցաւ առաջին երկու քորթըրներուն բաւական լաւ խաղարկութիւն մը ունենալ եւ Ա. կիսախաղը աւարտել ի նպաստ իրեն (40-34), սակայն երրորդ քորթըրին զարմանալիօրէն ամէն ինչ շրջուեցաւ: Ռիատի երրորդ քորթըրին նշանակեց 36 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ` 10: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ չորրորդ եւ վերջին քորթըրին ՀՄԸՄ չկարենայ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ռիատի յաղթանակ արձանագրէ 14 կէտի տարբերութեամբ` 89-75 արդիւնքով:

Պէտք է ըսել, որ բաւական մեծ թիւով համակիրներ եկած էին քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի խումբը:

ՀՄԸՄ, որ երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 88-80 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոլ Ըպաւ Օլը:

Այսօր, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ կը մրցի մարոքեան Սալա խումբին դէմ, որ երէկ պարտուեցաւ Ռիատիէն:

Ռիատի, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, յաղթած է իր երեք մրցակիցներուն ալ:

Իսկ լիբանանեան երրորդ խումբը, որ կատարած է երկու մրցում, երկուքին ալ յաղթանակ արձանագրած է:

Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սաժես իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին:

 

Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղըպէյրի` 1-4

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Մխիթարեան Պիտի Շարունակէ՞
Մարզական

Մխիթարեան Պիտի Շարունակէ՞

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Եունիթի Եութ Քափ».  Հայաստան` Փոխախոյեան
Մարզական

«Եունիթի Եութ Քափ». Հայաստան` Փոխախոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
20 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Մարոք Հասաւ Աւարտական
Մարզական

20 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Մարոք Հասաւ Աւարտական

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?