Մարզական

Տուպայի Միջազգային Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Վաղը` ՀՄԸՄ – Պոլ Ըպաւ Օլ

ՀՄԸՄ-ի կազմը` նախքան Լիբանանէն իր մեկնումը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը երէկ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Տուպայի միջազգային մրցաշարքին: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին մէկ անգամ (իւրաքանչիւրը` 6 մրցում): Աւարտին դասաւորման առաջին չորս դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Թէեւ մրցաշարքը սկսաւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ` 1-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հիւրը եղաւ Ահլի Սայտայի: Մրցումին 42-րդ վայրկեանին, ՀՄԸՄ բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Սերժ Չաքըրեանի նշանակած կոլին, որ փոխանցուեցաւ Գէորգ Օհանեանէն: Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի գերակայութեամբ, սակայն հիւրընկալ կազմը 78-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը, հակառակ անոր որ մինչ այդ ՀՄԸՄ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Վաղը` Պլեքպըրն – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան շարք մը հետաքրքրական մրցումներ: Ընդհանրապէս բաժակի մրցաշարքերը կ՛ըլլան հետաքրքրական եւ անակնկալներով հարուստ, որովհետեւ համեմատաբար աւելի տկար խումբեր եւ վարին դասակարգերու մաս կազմողները մրցաշարքէն դուրս կը ձգեն աւելի զօրաւոր կազմերը: Մանչեսթըր Եունայթըտ իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը, ժամը 18:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով)` հիւրը ըլլալով Պլեքպըրնի (Բ. դասակարգ): Ստորեւ կու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ 123-25 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց ՀՄԸՄ Անթիլիասէն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով, որ 123-25 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը (38-6, 29-9, 28-5 եւ 28-5): Սանտրա Նաժըմ եւ Ժիւըլ Թանսթալ նշանակեցին 30-ական կէտ, մինչ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Շաբաթավերջի Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ղըպէյրիի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի լաւ ներկայացում մը կատարելով ամէն գնով յաղթանակ ապահովել:  

Ֆութսալ. Հայաստան – Ճափոն` 3-2

Իրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Ֆութսալ Պիզնըս լիկա հաւաքականը, 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ճափոնին` այսպիսով իր կէտերու հաշիւը բարձրացնելով 6-ի: Արսէն Մանուկեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Հայկ Կիրակոսեան: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 10-2 արդիւնքով ջախջախեց Թուրքիան, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Հունգարիայէն (4-1):

Եւրոպական Ֆութպոլ՛ Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ. Վաղը` Միլանօ Քաղաքի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական մրցումներ, որոնց կարգին` Ա. Սէ. Միլան - Ֆիորենթինա, Ռէալ Մատրիտ - Էսփանիոլ եւ այլ ճակատումներ: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԻՏԱԼԻԱ. 25-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Աթալանթա (5) - Քրոթոնէ (19) 19:00 Էմփոլի (17) - Լացիօ Ռոմա (6) 21:45 ԿԻՐԱԿԻ  ...

Սափորօ-2017. Լիբանանեան Պատուիրակութենէն Մաս Մը Մեկնեցաւ Ճափոն

Ինչպէս ծանօթ է, 19-26 փետրուարին Ճափոնի Սափորօ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենան ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան: Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Զէյտանի Ճափոն հասնելէն քանի մը օր ետք, Սափորօ մեկնեցան նաեւ լիբանանցի քանի մը դահուկորդներ` գլխաւորութեամբ Տինա Նասըրի: Նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ լիբանանեան դրօշակի բարձրացման արարողութիւնը, վաղը` խաղերուն պաշտօնական բացումը, որմէ ետք պիտի սկսին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Թատամոն` 116-106

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ երեկոյեան, երբ Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը: Բաւական հետաքրքրական այս ճակատումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Շանվիլի յաղթանակով, 116-106 արդիւնքով (28-19, 54-51, 88-77 եւ 116-106): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թատամոնէն Մորիս Քեմփ (32), մինչ անոր խմբակից Իրվին Մորիս` (29): Շանվիլէն Փաթրիք Ռեմպըրթ նշանակեց 30 կէտ, Տարիան Թաունզ`...

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Եւ Ուիզըրտծ` Յաղթական

Ճիմի Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան միայն երկու ճակատումներ: Շիքակօ Պուլզ, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, կէտի մը տարբերութեամբ` 104-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ճիմի Պաթլըր (Պուլզ) եւ Իսայահ Թոմաս (Սելթիքս) նշանակեցին 29-ական կէտ: Իսկ երկրորդ մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 111-98 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն: Յառաջիկայ երկու օրերուն որեւէ մրցում տեղի պիտի...

Ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին.  Նախարար Աւետիս Կիտանեան Բացումը Կատարեց «Սթեփ Ըհետ»-ի Տորայի Մասնաճիւղին

Ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին. Նախարար Աւետիս Կիտանեան Բացումը Կատարեց «Սթեփ Ըհետ»-ի Տորայի Մասնաճիւղին

Լիբանանի տարածքին բազմաթիւ մասնաճիւղեր ունեցող «Սթեփ Ըհետ», կատարեց իր նոր մասնաճիւղին` Տորայի կեդրոնին բացումը: Բացումը կատարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, «Սթեփ Ըհետ»-ի Տորայի մասնաճիւղի պատասխանատուներ, «Սէ. Ի. Թէ.» արհեստից հիմնարկի տնօրէն եւ պատասխանատու Իպրահիմ Հատտատ եւ Ահմետ Տիապ, «Սթեփ Ըհետ»-ի գլխաւոր մարզիչ Ֆուատ Ժըրժես,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 17 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի Հարաւային Լիբանան, ուր Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Սայտայի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ այժմ 19 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը, իսկ Ահլի Սայտա` 20 կէտով 7-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 17 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին փոխարէն (Նաքքաշ), եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին: Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս այժմ ունի 16 կէտ` Ռիատի Պէյրութի...

Ֆութսալ. Հայաստան 10-2 Արդիւնքով Ջախջախեց Թուրքիան

Իրանի մէջ տեղի ունեցող ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող ֆութսալ պիզնըս լիկայի հաւաքականը իր կատարած երկրորդ մրցումին արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 10-2 արդիւնքով ջախջախելով Թուրքիան: Իր կատարած առաջին մրցումին, հայկական խումբը 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց մրցաշարքը հիւրընկալող Իրանի հետ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Ռիատի Երկրորդ Մրցումը

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Տուպայի Միջազգային Մրցաշարքը

Մասնակցութեամբ եօթը խումբերու, այսօր կը սկսի Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը: Նախապէս յայտարարուած էր, որ անոր պիտի մասնակցին 9 խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի: Սակայն նկատի ունենալով, որ երկու խումբեր քաշուեցան անկէ, 7 խումբեր պիտի մրցին իրարու դէմ, երթի դրութեամբ, առանց խմբակներու բաժնուելու: Մրցաշարքին մասնակցող եօթը խումբերն են` ՀՄԸՄ, Սաժես, Ռիատի, Եգիպտոսի ազգային խումբ, Պոլ Ըպաւ Օլ, Սալա եւ Մայթի Սփորթց: Մրցաշարքին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Մէյրուպա` 96-81

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մէյրուպան, 96-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով վերստին Ռիատիէն խլեց երկրորդ դիրքը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-22, 37-34, 65-53 եւ 96-81: Մրցումին եւ Պիպլոսի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էպի Նտուտի (42 կէտ, 16 ռիպաունտ), մինչ Մէյրուպայէն Էմանուէլ Ճոնզ նշանակեց 30...

Կռփամարտ.  Պուլկարիա Մեկնող Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Կռփամարտ. Պուլկարիա Մեկնող Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

21-27 փետրուարին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի կ՛ունենայ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն 9 մարզիկով կը մասնակցի նաեւ Հայաստան: Հայ կռփամարտիկները Սոֆիայի մէջ ելոյթ պիտի ունենան հաւաքականի երկրորդ մարզիչ Վահան Ադիլխանեան եւ մարզիչ Ռուդիկ Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Պուլկարիոյ մէջ մետալներու տիրանալու համար պիտի պայքարին հետեւեալ կրփամարտիկները: Գասպար Բաբախանեան (49 քկ), Վահէ Բադալեան (56 քկ), Կարէն Տօնականեան...

Ժորժ Զէյտան Մեկնեցաւ Սափորօ

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ժորժ Զէյտան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Սափորօ (Ճափոն), ուր 19-26 փետրուարին տեղի պիտի ունենան ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերը: Զէյտան, որ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է, չորեքշաբթի այդ խաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւններուն նախագահներուն հետ ժողով գումարեց եւ այդ խաղերուն կազմակերպման վերաբերեալ նիստերու մասնակցեցաւ: Ան նաեւ դասաւորումներ պիտի ընէ լիբանանեան պատուիրակութեան իջեւանելիք պանդոկին գծով, ինչպէս նաեւ յատուկ կարգադրութիւններ պիտի ընէ...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Զուիցերիա

Մասնակցելու համար աշխարհի դահուկարշաւի ախոյեանութեան, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Սեն Մորիս (Զուիցերիա) մեկնեցաւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի գանձապահ Եուսեֆ Շամել Խալիլի: Ստորեւ` Զուիցերիա մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան մնացեալ կազմը. Սելիմ Քէյրուզ, Ռեմոն Սըքքար (պատասխանատուներ), ֆրանսացի Ռոման Կերսան եւ սերպ Քրիսթօ Մաքիչ (մարզիչներ), Սելին Քէյրուզ, Լիա Քէյրուզ, Լեթիսիա Խուրի, Սոնիա Ժորժ, Տենի Շամուն, Ալեն Պըհլոք, Ճեֆրի Ռահմէ եւ Նայիմ Ֆինիանոս (մարզիկներ):

Լողարշաւ. Մայքըլ Ֆելփս «Կապափենթի» Գործածած Է

23-ակի ողիմիպական ախոյեան, ամերիկացի լողորդ Մայքըլ Ֆելփս, մրցումներու ընթացքին գործածած է «Կապափենթի», այս գծով յայտարարութիւն մը կատարած է «Ֆենսի Պերզ»: Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցած «Արենա Փրօ Սուիմ Սիրիզ» մրցումին ընթացքին է, որ ան այդ դեղամիջոցը գործածած է: Թէեւ «Կապափենթի»-ն էփիլեփսիայի եւ այլ ցաւերու դէմ է, բայց եւ այնպէս միջազգային խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ գործակալութիւնը զանիկա արգիլուած դեղամիջոցներու ցանկին մէջ չէ...

Page 1009 of 1277 1 … 1,008 1,009 1,010 … 1,277

Արխիւներ