«ԷՄ. ԷԼ. ԷՍ.»-ի նոր տարեշրջանին նախապատրաստուող ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըր, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 5-2 արդիւնքով յաղթեց Մայեմիի:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան յաղթական կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ Ա. կիսախաղի դադարէն ետք: 52-րդ վայրկեանին ան արդիւնքը դարձուց 4-1` այսպիսով նշանակելով իր առաջին կոլը` իր կազմին հետ:
22 տարեկան Արշակեան, որ նախորդ տարեշրջանին Շիքակոյի հետ դաշտ ներկայացաւ 9 մրցումի ընթացքին, Թրաքայէն (Լիթուանիա) տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ: