Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ սկսաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Շարժա քաղաքին մէջ սկսած ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի մրցաշարքը:
Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Արոնեան 22-րդ շարժումին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Եւգենի Թոմաշեւսքիի հետ:
Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 18-27 փետրուարին: 23 փետրուարին հանգիստի օր է, կը յայտնէ News.amSport կայքը:
Երէկ Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ անգլիացի Մայքըլ Ատամզի հետ` 24-րդ շարժումին: