
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՖԻՏԷ»-ի «Կրան փրի»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքի դէմ:
Արոնեան այժմ կը բաժնէ 5-14-րդ դիրքերը:
Առաջին դիրքին վրայ է ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, որ առաւելագոյն 3 կէտէն ապահոված է 2,5 կէտ:
4-րդ հանգրուանին Արոնեան կը մրցի (ճերմակ քարերով) ռուս Ալեքսանտր Ռիազանցեւի դէմ:


