Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեանի Կոլը Տապալեց Սենթ Էթիենը

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Սենթ Էթիեն - Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը: Երթին Մանչեսթըր իր դաշտին վրայ տպաւորիչ խաղարկութեամբ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր, շնորհիւ` Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլերուն: Երէկուան մրցումը թէեւ որոշ չափով ձեւական բնոյթի էր, բայց եւ այնպէս երկու կազմերն ալ ցուցաբերեցին վճռական խաղարկութիւն, սակայն Մանչեսթըր Եունայթըտի աստղը եւ մեր պարծանքը` Հենրիխ...

«Լիւք Շօ Պէտք Է Օրինակ Առնէ Հենրիխ Մխիթարեանէն»

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ ԺոզԷ Մուրինիօ տեղեկացուց, որ ինչո՛ւ անգլիացի պաշտպան Լիւք Շոն մաս չէ կազմած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ Ֆրանսա ճամբորդած Մանչեսթըր Եունայթըտի խումբին: «Շօ մնացած է Մանչեսթըր, որովհետեւ խումբին մէջ կան  Պլինտը, Ռոխոն եւ Տարմիանը: Ինծի հաճելի կը թուի, թէ ինչպէս անոնք կը կատարեն եզրային պաշտպանի պարտականութիւնները: Լիւքը պէտք է սպասէ իր առիթին: Պէտք է աւելի շատ...

Ճատրակ. «ՖԻՏԷ»-ի Կրան Փրի-ի Մրցաշարք. Արոնեան Հաւասարութեան Վարպետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՖԻՏԷ»-ի «Կրան փրի»-ի մրցաշարքին հինգերորդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճակատեցաւ առաջին դիրքը գրաւող ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին դէմ եւ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական հաւասարութիւնը:

«Չեմփիընզ Լիկ». Երէկուան  Մրցումներուն Արդիւնքները

«Չեմփիընզ Լիկ». Երէկուան Մրցումներուն Արդիւնքները

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Առաջինը` Փորթուկալի մէջ, ուր Փորթօ հիւրընկալեց  Եուվենթուսը, իսկ Սպանիոյ մէջ, Սեւիլլա` Լայսթըր Սիթին: Փորթօ -  Եուվենթուս 0-2 Սեւիլլա- Լայսթըր Սիթի 2-1

Մրցումի Ընթացքին Ուտող Բերդապահին Հետ Համաձայնագիրը Խզուեցաւ

«Սաթոն Եունայթըտի» 45-ամեայ պահեստային բերդապահ Ուէյն Շոն հեռացած է խումբէն: Ակումբը 125 քկ. ծանրութիւն ունեցող ֆութպոլիստէն խնդրած է խզել համաձայնագիրը, որովհետեւ Անգլիոյ ֆութպոլի համադաշնակցութիւնը դատ բացած է անոր դէմ: Արդարեւ, Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ,  Արսենալի դէմ տեղի ունեցած մրցումի ժամանակ (0-2) Շոն համպըրկըր կերած էր, որուն համար գրաւի ընկերութիւնները գրաւ ընդունած են: Անձամբ Շոն գրաւի չէ մասնակցած, բայց իր...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

Աւելի Գէշը . Ֆութպոլի խումբի մը մարզիչը յաջորդական պարտութիւններէ ետք, իր մարզիկներուն զայրացած կ՛ըսէ. - Ա. դասակարգին մէջ 20 խումբ կայ, եւ դուք վերջինն էք: Մարզիկներէն մէկը կ՛ըսէ. - Աւելի գէշը կրնար ըլլալ, քոչ: 24 խումբ կրնար ըլլալ:   Մահացու Մեղք . Կոլֆ խաղացող մը իր մարզիչին կը հարցնէ. - Կը կարծե՞ս, թէ կիրակի օրերը կոլֆ խաղալով մեղաւոր կ՛ըլլամ: Մարզիչը...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 28-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթեց Մայթի Սփորթցին` 100-93 Արդիւնքով

Երէկուան հանդիպումէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի 28-րդ միջազգային մրցաշարքի հինգերորդ օրը, երէկ լիբանանեան երեք խումբերը` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես, մրցումներ կատարեցին: Առաջին մրցումին Ռիատի, որ ճակատեցաւ Պոլ Ըպաւ Օլի դէմ, 95-72 արդիւնքով արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ասիկա Ռիատիի հինգերորդ յաջորդական յաղթանակն էր: Երկրորդ մրցումին, Սաժես արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), երբ 81-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Թատամոն մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ցարդ կատարած է 7 մրցում արձանագրած է 6 յաղթանակ, կրած պարտութիւն մը եւ իր տրամադրութեան տակ ունի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Լուէյզի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Թատամոն - Լուէյզի մրցումը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք), պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: Թատամոն (6-րդ) արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած 7 պարտութիւն, մինչ Լուէյզի (5-րդ) արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած նոյնքան պարտութիւն:

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Խրուաթիայէն

Երէկ Խրուաթիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը, որ յատկացուած էր փոքրերուն, տարբեր դասակարգերու մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 երկիրներէ եկած 197 մարզիկներ: Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ռոպեր Քէյրուզ ըսաւ, որ թէեւ լիբանանցի մարզիկները որեւէ մետալի չկրցան տիրանալ, սակայն յաջողեցան ձեռք ձգել միջազգային շատ մեծ փորձառութիւն, որ իր լաւ անդրադարձը պիտի ունենայ ապագայի...

Ժիւտօ. Անթուան Շարթիէի Անուան Միջազգային Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի ունեցաւ Անթուան Շարթիէի անուան միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 67 մարզիկներու: Անոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ երկիրները. Կիպրոս, Իրաք, Գերմանիա, Սուրիա եւ Լիբանան: Անոր ներկայ գտնուեցան հանգուցեալ Անթուան Շարթիէի դուստրը` Մայա Մուպարաք, Մոն լա Սալ ակումբի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին անդամները, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները: Մարզիկներուն միջեւ այս...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Սենթ Էթիեն – Մանչեսթըր Եունայթըտ Դարձի Մրցումը

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 22 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Սենթ Էթիեն - Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը: Անիկա պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչպէս ծանօթ է, երթին Մանչեսթըր իր դաշտին վրայ տպաւորիչ ելոյթէ մը ետք արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ` Զլաթան Իպրահիմովիչի հեթրիքին: Անգլիական ակումբը գլխաւորութեամբ մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի, երէկ 20 մարզիկով մեկնեցաւ...

Ռունի Կրնայ Բացակայիլ Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտականէն

Մանչեսթըր Եունայթըտի խմբապետ Ուէյն Ռունի, որ ցարդ վիրաւոր է, կրնայ բացակայիլ այս կիրակի օր «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումէն: Ռունի, որ ակումբին պատմութեան մէջ բոլոր ժամանակներու ռմբաձիգն է, այս ամսուան սկիզբէն ի վեր դաշտ չէ ներկայացած` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը յայտնէ, որ ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դժուար...

«Չեմփիընզ Լիկ». 14 Կոլ… Երկու Մրցումի Ընթացքին

Մանչեսթըր Սիթի - Մոնաքօ մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Առաջինը` Գերմանիոյ մէջ, երբ Պայէր Լեւերքուզըն հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը, մինչ երկրորդը Անգլիոյ մէջ, ուր Մոնաքօ հիւրը եղաւ Մանչեսթըր Սիթիի: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այսօր եւս տեղի կ՛ունենան երկու այլ ճակատումներ: Փորթօ կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը. մինչ երկրորդին Սեւիլլա` Լայսթըր...

Պարթոմէօ Եւ Ինիեսթա Կը Զօրակցին Էնրիքէի

Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Պարթոմէօ եւ ակումբի խմբապետ Անտրես Ինիեսթա իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին մարզիչ Լուիս Էնրիքէի, որ մեծ ճնշումի տակ է, մանաւանդ որ նախորդ շաբաթավերջին Լեկանեսի դէմ արձանագրուած դժուարին յաղթանակէն ետք (2-1), Պարսայի համակիրները դժգոհութեան սուլիչներով իրենց զայրոյթը յայտնեցին անոր նկատմամբ, երբ ան դուրս կու գար «Քամփ Նու» մարզադաշտէն: Նշենք, որ ակումբին համակիրներուն համար ցարդ անմարսելի է իրենց կազմին...

Անգլիական Ֆութպոլ. Արսենալի Մրցակիցին Դաշտը Ունի 765 Աթոռ

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, լոնտոնեան Արսենալը քառորդ աւարտականի իր մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` հիւրը ըլլալով 5-րդ դասակարգին մաս կազմող Սաթընի: Թէեւ Սաթընի դաշտը կրնայ հիւրընկալել 5013 հանդիսատես, բայց ունի միայն... 765 աթոռ:

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Յայտագիրը

10-13 մարտին տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ճակատումները: Բնականաբար ամէնէն զօրաւոր եւ տաք ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Չելսիի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջեւ: Միտըլզպորօ պիտի մրցի Հատըրսֆիլտ Թաուն (Բ. դասակարգ) - Մանչեսթըր Սիթի մրցումին յաղթականին դէմ: Միլուոլ (Գ. դասակարգ) հիւրը պիտի ըլլայ Թոթենհամի, մինչ վերջին ճակատումին Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Լինքոլն Սիթին (Ե. դասակարգ, ոչ արհեստավարժ):

Իբրեւ Բողոքի Նշան` Վիեթնամեան Խումբը Իր Բերդին Մէջ Երեք Կոլի Թոյլտուութիւն Տուաւ

Վիեթնամի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Տոնկթամ Լոնկանհոշիմին մրցումը գրեթէ աւարտելու վրայ էր, երբ անիկա կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ: Սակայն ի նպաստ Հոշիմինի փենալթի մը սուլեց օրուան իրաւարարը` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն: Այդ որոշումին դէմ իբրեւ բողոք, Տոնկթամ Լոնկան թոյլ տուաւ, որ մրցակիցը կորսուած վայրկեաններուն նշանակէ 3 կոլ եւ 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրէ:

Պասքեթպոլ. Տուպայի 28-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Իրաւարարներուն Կողմնակալ Սուլիչը Պատճառ Դարձաւ ՀՄԸՄ-ի Պարտութեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին 4-րդ օրը` երէկ, թատերաբեմը դարձաւ իրաւարարներուն բացարձակ եւ յստակ կողմնակալութեան, որուն պատճառով ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը պարտութիւն կրեց իր մրցակիցէն` մարոքեան Սալա խումբէն, 91-90 արդիւնքով: Մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ կ՛ուղղուէր դէպի յաղթանակ` նկատի ունենալով, որ 90-89 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը: Սակայն պատահեցաւ տարօրինակ երեւոյթ մը, եւ իրաւարարներուն...

Սափորօ-2017. Ճափոն Մեկնած Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Ամբողջացաւ

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շաբաթ, 18 փետրուարին, Ճափոն մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը ամբողջացաւ, երբ Սափորօ մեկնեցան լիբանանցի վերջին մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սափորօ-2017-ի ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերուն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեց Սափորոյի նահանգապետը, ներկայութեամբ` լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Զէյտանի: Ապա նահանգապետը եւ Զէյտան երկուքը, իրարու հետ յուշանուէրներու փոխանակում կատարեցին:

Page 1007 of 1277 1 … 1,006 1,007 1,008 … 1,277

Արխիւներ