ArmFootball.am կը հաղորդէ, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր երրորդ մրցումը, փենալթիներով` 4-2 արդիւնքով յաղթեց Անտորրային:
Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Արման Ղազարեան նշանակեց հայրենի կազմին կոլը` մրցումին ընթացքին: