Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին Արեւմտեան շրջանը յաղթեց Արեւելեանին` 192-182 արդիւնքով (48-53, 49-39, 47-47 եւ 48-43):
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս, որ նշանակեց 52 կէտ, յաջողեցաւ «Օլ-Սթար»-ի մրցումներուն նոր մրցանիշ մը հաստատել:
Բնականաբար, իր նշանակած այդ 52 կէտերուն շնորհիւ ան տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին («Էմ. Վի. Փի.»):
Արեւելեան շրջանէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 30 կէտ, իսկ Արեւմտեան շրջանէն, Ռասըլ Ուեսթպրուք` 41:
Արեւմտեան շրջանէն 10-ական ռիպաունտ կատարեցին Քեւին Տիւրընթ, Անթոնի Տէյվիս եւ Մարք Կազոլ, մինչ նոյն շրջանէն Ճէյմս Հարտեն` 7:
Ռասըլ Ուեսթպրուք (Արեւմտեան շրջան) նշանակեց 7 թրի փոյնթ, մինչ Քեւին Տիւրընթ յաջողեցաւ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործել (21 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ: