Ռուսիան ներկայացնող հայազգի կռփամարտիկ Դաւիթ Աւանէսեան զրկուեցաւ կռփամարտի արհեստավարժ կիսամիջին քաշային կարգի
Տապլիու Պի. Էյ.»-ի վարկածով աշխարհի կանոնաւոր ախոյեանի տիտղոսէն, կը յայտնէ news.am-Sport կայքը:
Միացեալ Նահանգներու Սինսինաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, 28 տարեկան Աւանէսեան պարտուեցաւ ամերիկացի Լեմընտ Փիթըրսընէն, որ իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ:
Նախորդ մենամարտին անուանի ամերիկացի Շէյն Մոզլիին յաղթած Աւանէսեան կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Լեմընտ Փեթըրսըն «Տապլիու Պի. Էյ.»-ի, եւ
Այ. Պի. Էֆ.»-ի վարկածներով աշխարհի նախկին ախոյեան է` առաջին կիսամիջին քաշային կարգին մէջ: