Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սատաքայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Ղըպէյրիի դէմ:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս մրցումին արդիւնքը կացութենէն բան պիտի չփոխէր, որովհետեւ ՀՄԸՄ իր յոյսերը կորսնցուցած էր Ա. դասակարգ բարձրանալու:
Այս իսկ պատճառով, ՀՄԸՄ-էն բացակայեցան շարք մը հիմնական մարզիկներ` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 3-0): ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Աւօ Տոնպուրեան: