Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Արաբերէնով Բանաստեղծական Գիրքի Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական աւանդներու ակումբին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցութեամբ, ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հատի Մրատի «Արմանուլ Ահիա» («Թաղերուն հայերը») գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը երկուքին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ Հոլ» սրահին մէջ: Ի դէպ` Հատի Մրատ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ բժշկութեան ուսանող է, միաժամանակ` Լիբանանի գրողներու միութեան ամէնէն կրտսեր...


















