Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքի Մեծ Ընտանիքը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

April 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_zmmarՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 24 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին Զմմառեան միաբանութեան Վերափոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան մատուցեց Ս. պատարագ:

Ան իր քարոզին մէջ ներկայացուց քրիստոնեայ հայ մարդու նկարագրին բնորոշ գիծերը` ըսելով. «Իր հոգեկերտուածքին ու բնաւորութեանը հարազատ կրօնը դաւանելով` հայը քրիստոնէութիւնը դարձուց իր էութեան բաղկացուցիչ մասը, անոր հաղորդելով հայեցի բնոյթ եւ հնչեղութիւն, իսկ քրիստոնէութիւնը իր կարգին ամբողջացուց հայ մարդու մարդկային կերպարը: Այսպիսի փոխկապակցութեան ամբողջականութիւնն է դարերու դառն ու դաժան փորձութիւններու դիմակայած քրիստոնեայ հայու մարդկային կերտուածքը»:

Հայր սուրբը սոյն գաղափարը հիմնաւորելու միտումով աւելցուց. «Աստուածատուր իւրայատուկ բանականութեամբ օժտուած հայուն համար բաւարար էր «Բանն Աստուծոյ» հետ առաջին իսկ հանդիպումը` զայն ընկալելու եւ իր սեփականութիւնը դարձնելու: Տակաւին առաքեալներու օրօք իր ծիլերը արձակած Հայոց եկեղեցին, երբ 301 թուականին պետականօրէն իր գոյութիւնը կը բացայայտէր, արդէն Հայաստան աշխարհը համայն քրիստոնեաներու համար դարձած էր լոյսի եւ փրկութեան կռուան, ուր հեթանոս բռնակալներէն հալածուած հաւատացեալ քրիստոնեաները կը ստանային ապահով ապաստարան ու ազատօրէն զԱստուած փառաբանելու պատեհութիւն»:

Հայր Մաշտոցը 23 ապրիլ 2015-ի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն նահատակներու սրբադասման հոլովոյթին անդրադառնալով` ըսաւ. «Այսօր եւս Հայ եկեղեցին կը մնայ իր պատուանդանին ու պատնէշին վրայ եւ իր պատուաւոր տեղը կը գրաւէ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ, որուն ամենավառ վկան 400 տարիներու ընդմիջումէն ետք Հայ եկեղեցին սրբադասման կարգը շնորհեց` Ա. Աշխարհամարտին Օսմանեան Թուրքիոյ ձեռամբ յանուն հաւատի եւ յանուն հայրենեաց ինկած մեր մարտիրոսներուն, նման` Վարդանանց երախտաւորներուն: Եւ այս կատարուեցաւ համայն աշխարհէն Հայաստան ժամանած քոյր եկեղեցապետներուն ներկայութեամբ»:

Փոխտեսուչը նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն յորդորեց կառչած մնալ իրենց պահանջատիրութեան, մինչեւ մեր Դատի տրամաբանական աւարտը, անով իսկ եզրափակեց խօսքը:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ Զմմառու մայրավանքի շրջափակին մէջ կանգնեցուած խաչքար-յուշակոթողին շուրջ, ուր զետեղուած են Տէր Զօրէն բերուած սուրբերու մասունքները: Շարականներով, խունկով եւ մոմով աղօթեցին եւ սուրբերուն բարեխօսութիւնը հայցելով` մեկնեցան Անթիլիասի մայրավանք` մասնակցելու ապրիլեան քայրերթին:

Նախորդը

Պոլսոյ Ոստիկանները Մահակներով Ծեծած Են Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը Ոգեկոչողները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մարտինի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Աղօթած Են Ցեղասպանութեան Զոհերուն Համար

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.