Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Արաբերէնով Բանաստեղծական Գիրքի Շնորհահանդէս

Ապրիլ 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-29-15_aub-2Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական աւանդներու ակումբին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցութեամբ, ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հատի Մրատի «Արմանուլ Ահիա» («Թաղերուն հայերը») գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը երկուքին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ Հոլ» սրահին մէջ: Ի դէպ` Հատի Մրատ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ բժշկութեան ուսանող է, միաժամանակ` Լիբանանի գրողներու միութեան ամէնէն կրտսեր անդամն է (22 տարեկան) եւ բանաստեղծ է: Երիտասարդ բանաստեղծին գիրքը կը բաղկանայ հարիւր բանաստեղծական տունէ` նուիրուած հայութեան:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:

4-29-15_aub-3Լրագրող Հալիմէ Թապիհա տպաւորիչ բառերով իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին դատին եւ արհաւիրքներուն, անոր բարեմասնութիւններուն եւ վերջապէս ներկայացուց երիտասարդ բանաստեղծին կենսագրականը:

Ապա, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական ակումբի նախագահ Խաժակ Կէօքճեան կարճ խօսքով մը ողջունեց գիրքին հրատարակութիւնը:

Այնուհետեւ Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակի վրայ երաժշտական կտոր մը հրամցուց ներկաներուն, որմէ ետք «Արմանուլ Ահիա»-ի հեղինակ Հատի Մրատ ելոյթ ունեցաւ եւ գեղարուեստական ոճով իր սրտի խօսքը ըսաւ: Ցուցադրուեցաւ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» խորագիրով գեղարուեստական տեսահոլովակ մը` Հատի Մրատի բառերով, Մաժտ Խալիլի երաժշտական յօրինումով,  Լուայ Մերհիի գործիքաւորումով, Մոհամետ Կըպպաուիի բեմադրութեամբ եւ երգչուհի Մարիան Ալուանի կատարողութեամբ:

Ապա` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան խօսք առաւ եւ իր կարգին ողջունեց հեղինակին եւ Համազգայինի միացեալ ջանքերը:

Դոկտ. Կէօքճեանի ելոյթէն ետք օրուան հիւր բանախօսը` ֆիլմաշարերու բեմագրութիւններու հեղինակ Քլոտիա Մարշալեան բեմ բարձրացաւ: Մարշալեան շեշտեց, որ այսօր ոչ մէկ հայ գոյութիւն ունի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ. հետեւաբար պատահածը զուտ ցեղասպանութիւն է: Մարշալեան ըսաւ, որ լիբանանահայերը` իբրեւ հիւրեր, հիւրընկալ եղան ու Լիբանանի բարօրութեան նպաստեցին: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք շա՞տ է մէկ օր գոնէ դպրոցները փակ պահել ի յիշատակ մարդկային նման դատի մը 100-ամեակին:

4-29-15_aub-1Ձեռնարկին աւարտին Հատի Մրատին պատուոյ յուշանուէր շնորհուեցաւ, ապա երիտասարդ բանաստեղծին գիրքին մակագրումը կատարուեցաւ:

Պէտք է նշել, որ սկզբունքով ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլար նաեւ լիբանանցի տաղանդաշատ դերասան Ժորժ Խապպազ, որ Հռոմ կը գտնուէր իր պատրաստած «Ղատի» ժապաւէնին մրցանակի արժանանալուն անակնկալ պատճառով:

Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 27 ապրիլին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ժիպէյլի Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ եւս տեղի ունեցաւ նոյն գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով խօսք առին Փոլա Եագուպեան եւ դոկտ. Նիտալ Տեքեշ:

Նշենք, որ գիրքին պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 13 մայիսին:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով . ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ Ձայնասկաւառակներու Բաշխումը Շարունակուեցաւ

Յաջորդը

Դամասկոս. «Թրքական Բանակը Կ՛աջակցի Սուրիոյ Մէջ Յարձակում Կատարող Ահաբեկիչներուն»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?