Կիրակի , 26 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, Պոլսոյ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի վաստակաւոր առաջնորդ Գէորգ արք. Խազումեան մատուցեց սուրբ պատարագ` առընթերակայութեամբ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի ու Եղիա վրդ. Դերձակեանի, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ դոկտ.Եդուարդ Թորիկեանին:
Գէորգ արք. Խազումեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 12 ապրիլին Վատիկանի քահանայապետական փառահեղ Ս. պատարագին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ զոհերուն, որոնք կառչած մնացին իրենց խաչին եւ ինքնութեան: «Անոնցմէ էր երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը` Մարտինի եպիսկոպոսը,որ 2001-ի հոկտեմբերին երանելի անուանակոչումը ստացաւ երջանկայիշատակ Ս. Յովհաննէս Պօղոսի Բ.-ի կողմէ»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին պատգամին, որուն ընդմէջէն Ս. Գրիգոր Նարեկացին նկատած էր Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:
Գէորգ արք. Խազումեան 23 ապրիլի Էջմիածինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման մասին խօսելով` ըսաւ: «Վատիկանի եւ Ս. Էջմիածինի սոյն հանդիսութիւնները հոգեզմայլ դէպքեր են, որոնք չեն պատահած Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ 14-րդ դարէն ի վեր»: Ան նաեւ շեշտեց լիբանանահայերու մասնակցութեան կարեւորութիւնը : «Այսօր եկած ենք բերելու համար մեր խնկելի աղօթքն ու սէրը եւ անոնք միացնելու մեր նահատակներուն ու փառաւորելու համար Յիսուս Քրիստոսի խաչը»:
Ան հաստատեց, որ Աւարայրէն մինչեւ Մեծ եղեռն հայ ժողովուրդը արիւնով փաստած է իր հաւատքը քրիստոնէութեան հանդէպ: Ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու քրիստոնէութեան, զայն բարձր պահել եւ հեռու` ամէն տեսակ քաղաքականացումէ: Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ որքան ժամանակ ալ անցնի, հայութիւնը իր բոլոր շերտերով կառչած պիտի մնայ իր Դատին ու պիտի շարունակէ պահանջատիրութեան երթը:
Գէորգ արք. Խազումեան դիտել տուաւ, որ ապրիլեան նահատակաց յիշատակումը հաւատքի արծարծումէն զատ հռչակումն է կտակի ու պատգամի: Ան հաստատեց, որ եթէ նահատակներ հրաժարէին իրենց ազգութենէն այսօր իրենց գաւառներուն մէջ մնացած պիտի ըլլային, թէեւ դաւանանքով ու այլասերած, սակայն անոնք հաւատարիմ մնացին իրենց ազգութեան ու կրօնքին, նահատակուեցան այն յոյսով, որ յաջորդող սերունդները պիտի հետապնդեն Հայ դատի լուծումը: «Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրեցէ՛ք իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ, զօրացէ՛ք ու քաջալերուեցէ՛ք, վաղը հայ ժողովուրդը պիտի բարգաւաճի, պիտի ուռճանայ ու մեծ ազգ պիտի դառնայ, ահա ձեզի կը յանձնենք մեր դատը, հետապնդեցէ՛ք զայն նոյնիսկ ամենաբարձր ատեաններու առջեւ. մի՛ վախնաք, Խաչեցեալը եւ յարուցեալը ձեզի հետ է», կոչ ուղղեց ան:
Ան անդրադարձաւ յառաջիկայ հանգրուանին կատարուելիք աշխատանքներուն, անոնց կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Փա՛ռք ու պատի՛ւ մեր հայ ազգին նահատակներուն, ցնծութի՛ւն եւ ուրախութի՛ւն հայ ժողովուրդին,իսկ հայ եկեղեցւոյ սէ՛ր ու պայծառութիւն»: Գէորգ արք. Խազումեան հաստատեց, որ դէպի երկրորդ հարիւրամեակ կը քալենք գօտեպնդուած յիշողութեան, անմոռացութեան եւ պահանջատիրութեան յանձնառութեամբ:
Ապա բոլոր հաւատացեալները միասնաբար ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր յուշակոթողին շուրջ կատարուեցաւ նահատակաց հոգեհանգիստեան պաշտօնը եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Նշենք,որ մուտքին բաժնուեցան Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին կողմէ յղուած հայրապետական պատգամը` ի յաւերժական յիշատակ Մեծ եղեռնի ապրիլեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին պատգամը` նուիրուած հայերուն: