
Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի սենեկային երգչախումբի (խմբավար Յարութիւն Թոփիկեան) եւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբի (խմբավար` Պարգեւ Թասլաքեան) ելոյթը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան, որ շեշտեց հայ ժողովուրդի միասնակամ ըլլալու կարեւորութիւնը` մանաւանդ այս առիթով: Ան յայտնեց որ Հայ ժողովուրդի պայքարը սկսած է արդիւնաւորուիլ անցնող ամիսներուն: Այնթապլեան կարեւոր նկատեց նաեւ մշակոյթով պայքարիլը բարձր գնահատելով զոյգ երգչախումբերուն տարած աշխատանքը:


Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ բարձր գնահատեց սոյն ձեռնարկին կազմակերպիչները: Ան նաեւ ըսաւ, որ բազմաթիւ ձեռնարկներ պիտի կատարուին աշխարհի բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Սոյն ձեռնարկներուն ներկայ պիտի ըլլան բազմաթիւ հայորդիներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու նախագահներ եւ պատուիրակութիւններ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ միջազգային «Փոլիֆոլիա» երաժշտական կազմակերպութեան նախագահ Ժաք Վանհերլ, որ շեշտեց երգի եւ երգեցողութեան կարեւորութիւնը` բարձր գնահատելով զոյգ երգչախումբերուն տարած աշխատանքը:
Ձեռնարկին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի, որ ներկայացուց հայկական եւ արաբական խմբերգներու շարք մը:
Երկրորդ բաժնով հանդէս եկաւ Երեւանի սենեկային երգչախումբը` խմբավարութեամբ Յարութիւն Թոփիկեանի, որ ներկայացուց կոմիտասեան խմբերգներու շարք մը:
Զոյգ երգչախումբերը արժանացան ներկաներու բարձր գնահատանքին:
Ձեռնարկի աւարտին երկու երգչախումբերը միասին կատարեցին հայկական եւ արաբական զոյգ խմբերգներ:
Այնճարի խաղաքապետը պատուեց խմբավարները Մուսա լերան յուշարձանի մետալներով` առ ի գնահատանք իրենց տարած աշխատանքին: Միջազգային «Փոլիֆոլիա» կազմակերպութեան հիմնադիր- նախագահը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Այնճարի քաղաքապետութեան: