Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Նահատակներուն 100-Ամեայ Պայքարին Կտակով` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Վերանորոգեն Պայքարունակ Սերունդներուն Ուխտը

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_badaniՀայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն 100-ամեայ պայքարին կտակով, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները մասնակցեցան համաժողովրդային քայլարշաւին, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ին,  հայերէն եւ օտարլեզու կարգախօսներով  ներկայացնելով պահանջատէր հայ պատանիին խօսքն ու պատգամը` ցեղասպան Թուրքիայէն եւ միջազգային ատեաններէն պահանջելու ամբողջական հատուցում եւ արդարացի լուծում:

4-24-15_badani1ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Մե՛նք ենք մեր դատին իրաւատէրերը» ապրիլեան նշանաբանին ընդառաջ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ, Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, այցելեցին Պիքֆայայի վերանորոգուած Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանը, կիրակի, 26 ապրիլ 2015-ին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն եւ գոյատեւող սերունդներուն:

Ծանօթանալէ ետք նորակառոյց Նահատակաց խորանին ու Նահատակաց եւ վերածննդեան յուշարձանի շրջափակին մէջ կառուցուած հայ ժողովուրդի պատմական ու ազգային արժէքները խորհրդանշող քանդակներուն եւ արուեստի գործերուն, պատանիները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն եւ նախահայրերու յիշատակին: Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Մարօ Մարգարեան, որ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ միջազգային ատեաններու նոր դիտանկիւնին, վեր առաւ դաշնակցական պատանիին արժանիքները եւ անոնց իրագործումը պատանեկան աշխատանքներուն մէջ` իբրեւ միեւնոյն դատին իրաւատէր սերունդ: Անդրադառնալով  նախանցեալ շաբաթ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն մասնակցած «Մե՛նք ենք մեր դատին իրաւատէրերը» խորագրեալ հացադուլ-նստացոյցին` Մարգարեան ըսաւ. «Դո՛ւք էիք, որ ձեր կամքը ի գործ դրիք ու կարգապահ շարքերով մեր ձայնը լսելի դարձուցիք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունի Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Շարունակեցէ՛ք ձեր գործը, ընդլայնեցէ՛ք մեր պայքարը եւ դաշնակցական պատանիի կորովով ու կարգապահութեամբ տէ՛ր կանգնեցէք մեր դատին»:

Ապա, փունջ մը յեղափոխական երգերով պատանիները վերանորոգ կամքով սկիզբը դրին աշխատանքային նոր դաշտերու եւ «Յառաջ նահատակ»-ով մեկնեցան` պայքարունակ սերունդներուն երթը շարունակելու սուրբ մարտահրաւէրով:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտական Ապրիլեան Քայլարշաւ

Յաջորդը

Հայկական Վարժարաններու Աշակերտները Հաստատեցին Իրենց Կառչածութիւնը Նահատակներու Կտակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?