Հալէպի մէջ 26 ապրիլի յետմիջօրէին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ յարակից թաղամասը ռմբակոծութեան ենթարկուած է:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ թաղամասին մէջ հայկական կեդրոն, ակումբ, դպրոց կայ, սակայն դեռ տեղեկութիւններ չկան արձանագրուած վնասներուն մասին. «Շրջանը այս պահուն անհասանելի է, կարելի չէ տեղեկութիւն ճշդել: Սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, վնասները մեծ են, քանի որ քանի մը ժամ ահռելի ռմբակոծութիւններ տեղի ունեցան», նշած է Ռէյիսեանը: Անոր խօսքով` թաղամասին մէջ նաեւ ասորիներու, մարոնիներու եկեղեցիներ կան, իսկ բնակիչներ գրեթէ չկան:
«Հակառակ դժուարին իրավիճակին, այնուամենայնիւ, կը փորձենք դիմակայել», նշած է ան` աւելցնելով, որ քաղաքին մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնդիրը մշտապէս առկայ է, օրուան ընթացքին հազիւ մէկ-երկու ժամ կու գան:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն` Ազգային առաջնորդարանի բանբերը նշած է, որ նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները իրականացուած են, Հալէպէն հետեւած են սրբադասման արարողութեան: Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձած են սուրիական բազմաթիւ պատկերասփիւռի կայաններ:
Հայաշատ Հալէպը 2012-ի ամառուընէ թիրախ դարձած է սուրիական կառավարական ուժերու եւ տարբեր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու: Բախումները այնտեղ մինչեւ այժմ կը շարունակուին: Սուրիական տագնապին ընթացքին զոհուած հայերուն թիւը գերազանցած է 100-ը: