Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Շարքերը Կը Խտանան Եօթը Նորաօծ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սերունդի Միաբաններով

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-26-15_otzoumՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն, նախորդ շաբաթավերջին իր միաբանական շարքերուն մէջ ընդունեց եօթը նորաօծ ուխտեալ միաբաններ:

Արդարեւ, շաբաթ, 25 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը: Ընծայեալները ծնրադիր իրենց խարտաւիլակին` դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դաս, ուր ձեռնադրիչը` Եփրեմ արք. Թապագեան կատարեց հաւատքի խոստովանութիւնը: Ընծայեալները նախ նզովեցին բոլոր հերետիկոսները եւ այն ուսուցումները, որոնք անյարիր են եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին: Ապա, անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն իրենց հաւատարմութիւնը: Արարողութեան աւարտին, նորընծաները ծունկի, վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերուն, ձեռնադրիչ սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ, հրապարակաւ ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրուելու իրենց ուխտը:

4-26-15_otzoum1Կիրակի, 26 ապրիլ 2015-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Նախքան «Հաւատամք»-ը, սկսաւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը: Նորընծաները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացան Սուրբ խորան եւ «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհական կեանքէն:

Սրբալոյս միւռոնով օծման սրտառուչ պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատները, աջ ու ձախ ձեռքերը, Աստուծոյ ու սուրբ եկեղեցւոյ ծառայութեան ընծայուած «նոր մարդ» դառնալու հրաւիրեց եւ քահանայական անուններ տուաւ. Յակոբ սրկ. Գարտանաքեան վերանուանուեցաւ Թաթուլ աբեղայ, Յովհաննէս սրկ. Թեփիրճեան` Պսակ աբեղայ, Խաժակ սրկ. Նալպանտեան` Ռուբէն աբեղայ, Յարութիւն սրկ. Բանճարճեան` Յովակիմ աբեղայ, Կարապետ սրկ. Նաճարեան` Զաւէն աբեղայ, Շանթ սրկ. Շարոյեան` Արտաւազդ աբեղայ եւ Գէորգ սրկ. Նալպանտեան` Սեւակ աբեղայ: Նոր օծում ստացած միաբանները իրենց առաջին խաղաղութեամբ օրհնեցին բոլոր ներկաները:

Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը իր քարոզը փոխանցելով նշեց, որ ցնծութեան օր է այսօր երկնային եկեղեցւոյ` սուրբերուն, նահատակներուն, վկաներուն եւ մարտիրոսներուն համար, որովհետեւ իրենց զոհողութեան պտղաբերումը կը տեսնեն. նաեւ` ցնծութեան օր է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ իրենց զաւակները Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան կը նուիրուին:

Ձեռնադրիչ սրբազանը իր խօսքը ուղղելով նօրաօծ միաբաններուն յիշեցուց, որ իրենք վերամկրտուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբ եկեղեցականներու ու մտաւորականներու անուններով եւ հրաւիրեց նորընծաները գործով ու աշխատանքով արժեւորելու իրենց տրուած անունները եւ ծառայութեամբ մեր եկեղեցւոյ ու Կիլիկիոյ սուրբ աթոռին պարծանքը դառնալու: Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը շնորհաւորեց դպրեվանքի տեսչութիւնը, ծնողները եւ բոլոր անոնք, որոնք ձեռնադրեալներուն հոգեմտաւոր աճման ու զարգացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են:

«Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետը եւ միաբան հայրերը Ս. խորան բարձրանալով համբուրեցին նորաօծ ճակատները: Նշենք, ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Զարեհ Պէզիկեան, որ նորընծաներուն ճակատներուն եւ ձեռքերուն լուացումը կատարեց:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, նորընծաները բարձրացան վեհարան: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով անոնց ըսաւ. «Ապրիլ 24-ի Մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, թէ հայ ժողովուրդը յաղթեց ցեղասպան թուրքին: Այսօր, շարունակելով Մեր Ապրիլ 24-ի պատգամը կ’ուզենք նաեւ շեշտել, որ մենք յաղթեցինք ցեղասպանին մեր եկեղեցին աւելի պայծառացնելով իր հաւատքի առաքելութեամբ: Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբացումը վստահաբար նոր մղում պիտի տայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան: Ահաւասիկ այսօր, Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան լծուելու կոչուած եօթը նոր միաբաններ կը միանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան` վերակոչուելով ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակ հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու անուններով: Ցեղասպան թուրքը 48 ժամուան պայմանաժամ տուաւ հեռանալու Սիսի մեր դարաւոր կաթողիկոսարանէն: Յաջորդող տասնամեակներուն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը Հայաստանի մէջ քաղաքական դժնդակ պայմաններու տակ, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աքսորական կաթողիկոսութիւնը այլապէս դժնդակ պայմաններու մէջ, շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ: Փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր, աքսորական դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վերածաղկած է իր միաբանութեամբ, իր կառոյցներով ու իր առաքելութեամբ եւ առաւել նուիրումով լծուած իր եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան»: Խօսքին աւարտին ընծայեալները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Ապա, Մայր տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն` աջահամբոյրով ստանալու անոնց առաջին օրհնութիւնը:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մարտինի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Աղօթած Են Ցեղասպանութեան Զոհերուն Համար

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Ոստիկանութիւնը Միջամտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Առիթով Կազմակերպուած Երթին Եւ Ձերբակալութիւններ Կատարած

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?