Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Իրաւունքը Պիտի Չմեռնի», Հաստատեց Գէորգ Արք. Խազումեանը

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-26-15_gatoghige14-26-15_gatoghigeԿիրակի , 26 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ,  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով,  Պոլսոյ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի վաստակաւոր առաջնորդ Գէորգ արք. Խազումեան մատուցեց սուրբ պատարագ` առընթերակայութեամբ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի  ու Եղիա վրդ. Դերձակեանի,  իսկ երգեցողութիւնը կատարեց  հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ  դոկտ.Եդուարդ Թորիկեանին:

Գէորգ արք. Խազումեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 12 ապրիլին Վատիկանի քահանայապետական փառահեղ Ս. պատարագին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ զոհերուն, որոնք կառչած մնացին իրենց խաչին եւ ինքնութեան: «Անոնցմէ էր երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը` Մարտինի եպիսկոպոսը,որ 2001-ի հոկտեմբերին երանելի անուանակոչումը ստացաւ երջանկայիշատակ Ս. Յովհաննէս Պօղոսի Բ.-ի կողմէ»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին պատգամին, որուն ընդմէջէն Ս. Գրիգոր Նարեկացին նկատած էր Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:

Գէորգ արք. Խազումեան  23 ապրիլի Էջմիածինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման մասին խօսելով` ըսաւ: «Վատիկանի եւ Ս. Էջմիածինի սոյն հանդիսութիւնները հոգեզմայլ դէպքեր են, որոնք չեն պատահած Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ 14-րդ դարէն ի վեր»: Ան նաեւ շեշտեց լիբանանահայերու  մասնակցութեան կարեւորութիւնը : «Այսօր եկած ենք բերելու համար մեր խնկելի աղօթքն ու սէրը եւ անոնք միացնելու մեր նահատակներուն ու փառաւորելու համար Յիսուս Քրիստոսի խաչը»:

Ան հաստատեց, որ Աւարայրէն մինչեւ Մեծ եղեռն հայ ժողովուրդը արիւնով փաստած է իր հաւատքը քրիստոնէութեան հանդէպ: Ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու քրիստոնէութեան, զայն բարձր պահել եւ հեռու` ամէն տեսակ քաղաքականացումէ:  Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ որքան ժամանակ ալ անցնի, հայութիւնը իր բոլոր շերտերով կառչած պիտի մնայ իր Դատին ու պիտի շարունակէ պահանջատիրութեան երթը:

Գէորգ արք. Խազումեան դիտել տուաւ, որ ապրիլեան նահատակաց յիշատակումը հաւատքի արծարծումէն զատ հռչակումն է կտակի ու պատգամի: Ան հաստատեց, որ եթէ նահատակներ հրաժարէին իրենց ազգութենէն այսօր իրենց գաւառներուն մէջ մնացած պիտի ըլլային, թէեւ դաւանանքով ու այլասերած, սակայն անոնք հաւատարիմ մնացին իրենց ազգութեան ու կրօնքին, նահատակուեցան այն յոյսով, որ յաջորդող սերունդները պիտի հետապնդեն Հայ դատի լուծումը: «Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրեցէ՛ք իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ, զօրացէ՛ք ու քաջալերուեցէ՛ք, վաղը հայ ժողովուրդը պիտի բարգաւաճի, պիտի ուռճանայ ու մեծ ազգ պիտի դառնայ, ահա ձեզի կը յանձնենք մեր դատը, հետապնդեցէ՛ք զայն նոյնիսկ  ամենաբարձր ատեաններու առջեւ. մի՛ վախնաք, Խաչեցեալը եւ յարուցեալը ձեզի հետ է», կոչ ուղղեց ան:

Ան անդրադարձաւ յառաջիկայ հանգրուանին կատարուելիք աշխատանքներուն, անոնց կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Փա՛ռք ու պատի՛ւ մեր հայ ազգին նահատակներուն, ցնծութի՛ւն եւ ուրախութի՛ւն հայ ժողովուրդին,իսկ հայ եկեղեցւոյ սէ՛ր ու պայծառութիւն»: Գէորգ արք. Խազումեան հաստատեց, որ դէպի երկրորդ հարիւրամեակ կը քալենք գօտեպնդուած յիշողութեան, անմոռացութեան եւ պահանջատիրութեան յանձնառութեամբ:

Ապա բոլոր հաւատացեալները միասնաբար ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր յուշակոթողին շուրջ կատարուեցաւ նահատակաց հոգեհանգիստեան պաշտօնը եւ  ծաղկեպսակներու զետեղում:

Նշենք,որ մուտքին բաժնուեցան Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին կողմէ յղուած հայրապետական պատգամը` ի յաւերժական յիշատակ Մեծ եղեռնի ապրիլեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին պատգամը` նուիրուած հայերուն:

Նախորդը

«Ակօս»-ի Խմբագրատան Մօտ Ազգայնականներ Սեւ Ծաղկեպսակներ Դրած Եւ Սպառնացած Են

Յաջորդը

«Մեր Իրաւունքը Պիտի Չմեռնի», Հաստատեց Գէորգ Արք. Խազումեանը

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In