Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ. «Փոթորիկներ Փորձած Են Մեզ Ցիր Ու Ցան Ընել, Բայց Մենք Կանգնուն Մնացած Ենք Մեր Լեռներուն Պէս» Ըսաւ Րաֆֆի Աշգարեան

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-26-15_pegor-41Համատարած մութին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողի անմար կրակն էր միայն, որ կը լուսաւորէր Ֆանարի շրջափակը: Խուռներամ բազմութիւնը հետզհետէ կը խտանար ու լուռ կը սպասէր, որ յարգանքի իր տուրքը մատուցէ, իսկ երիտասարդութիւնը` կայտառ ու աշխուժ, կը պատրաստուէր հանրութեան անգամ մըն ալ ցոյց տալու իր պահանջատիրական ոգին ու յեղափոխաշունչ ձայնը:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած սուգի եղանակով Ֆանարի հայութեան բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին շուրջ, որմէ ետք հանդիսաւոր թափօրով ներկաները ուղղուեցան Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի դաշտ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, կիրակի, 26 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

Ծիծեռնակաբերդի մանրապատկերն ու անմոռուկը կը յիշեցնէին ներկաներուն հայու ցաւն ու պայքարը միաժամանակ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա ցուցադրուեցաւ «Պայքար Ազատեան» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, որ կը խօսի հայու ինքնութեան մասին, պատնէշի վրայ միշտ պատրաստ եւ յանձնառու հայ երիտասարդութեան տարած պայքարի ու յաղթական երթի մասին:

4-26-15_pegor-424-26-15_pegor-43Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գազանճեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Եղեռնի զոհերուն անմահ յիշատակը:

Ան ըսաւ, որ 1915-ին Թուրքիոյ գործադրած ծրագիրը ձախողած է, որովհետեւ 100 տարի ետք հայ ազգը իր գոյութիւնը կը շարունակէ կառչելով իր իրաւունքներուն, իր մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն: Հայ ժողովուրդը, հակառակ տարագրութեան ու Եղեռնի ցաւին, իր յամառ կամքով կրցաւ քարէն տուն շինել, եկեղեցիներ կերտել եւ սերունդներ պատրաստել` կառուցելով դպրոցներ ու կրթական հաստատութիւններ:

Ապա հաստատեց, որ հայ դաշնակցական երիտասարդը մեծ դեր ունի կատարելիք, այնքան ատեն որ հայութեան պայքարը իր արդար լուծումը չէ գտած, այնքան ատեն որ Թուրքիան կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել Արեւմտեան Հայաստանը:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ԼԵՄ-ականներուն, որ իրենց պահանջատիրական կամքը զօրացնեն, հաւատարիմ մնան նախահայրերու կանչին եւ հայութեան  արդար ձայնը լսելի դարձնեն արար աշխարհին, մինչեւ որ իրականութիւն դառնայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մեծ տեսլականը:

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Նազօ Փոլատեան: Ան ազդու խօսքով յաջողեցաւ հայ գրականութեան անդաստան տանիլ եւ տպաւորիչ պատկերներ բանալ ունկնդիրներու առջեւ: Նոյնքան տպաւորիչ էր Կարինէ Սերսերեանի «Կռունկ» երգի բարձրորակ մեկնաբանութիւնը:

4-26-15_pegor-44Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան:

Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած 100-ամեակի ոգեկոչման սոյն հաւաքը լաւագոյն ապացոյցն է հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքին, լաւագոյն փաստն է, որ հայ ազգին զաւակները գիտակից են իրենց պարտականութեան եւ իրենց ներքին կանչին մղումով եկած են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ այս հաւաքը առիթ ըլլայ խորհրդածութեան, ուխտի վերանորոգման` յիշելով այն արիւնոտ գողգոթան, այն ծարաւն ու անօթութիւնը, այն հաւատքի փորձութեան ծանր օրերը, որոնք իրականացուեցան թուրքին կողմէ:

Աշգարեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս քաղաքակիրթ հայը դարեր մնացեր էր Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ եւ օգնութիւն կ՛աղերսէր քաղաքակիրթ Եւրոպայէն, ինչ որ սակայն երբեք չէր իրականանար:

Միեւնոյն ատեն ան ակնարկ մը նետեց նորագոյն պատմութենէն արցախեան ազատագրական պայքարի օրերուն ազրպէյճանցիներու կատարած վայրագութիւններուն` հաստատելու համար, որ թուրք ցեղը կը մնայ թուրք: Ան յայտնեց, որ Թուրքիան չէ հրաժարած փանթուրանականութեան իր պատմական ծրագիրէն եւ Հայաստանը կուլ տալու երազը իրականացնելու իր ցանկութենէն: Հայաստանը տնտեսապէս տկարացնելու համար թուրքերը առիթ չեն խնայեր:

Աշգարեան անդրադառնալով Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի քաղաքական անկայուն վիճակին ըսաւ, որ կարելի չէ մնալ անտարբեր, ազգային շահը չգերադասել, հայութեան սպառնացող վտանգները չկանխատեսել:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլորին զինուելու վճռակամութեամբ բոլոր ճակատներուն վրայ, ըլլալու զգաստ, անհատական հաշիւներով առաջնորդուելու փոխարէն մտածելու եւ աշխատելու յանուն հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերուն: Ապա ան խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդութեան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը եղած է ու է յառաջապահ դիրքի վրայ` իբրեւ յանդուգն ուժ, որ գիտէ իր ազգին կարիքները, գիտէ ծրագրել ողջմտութեամբ: Ազգային դաստիարակութեամբ կը կերտուին սերունդները. գիտութեամբ, ուսմամբ ու կրթութեամբ մենք պիտի հասնինք արշալոյսին: Փոթորիկներ փորձած են մեզ ցիր ու ցան ընել, բայց մենք կանգուն մնացած ենք մեր լեռներուն պէս, մեր կամքի հորիզոնին վրայ լուսաշող արեւը միշտ վառ պիտի մնայ, մինչեւ միացեալ Հայաստանի կերտում:

ԼԵՄ-ական եւ պատանի ընկերուհիներ ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ պար մը, ապա ելոյթ ունեցաւ «Հայք» նուագախումբը` մեկնաբանելով «Զինուորի մօր երգը», մասնակցութեամբ` Լոռի Զէքեանի:

ԼԵՄ-ականներ նաեւ բուրգեր կազմեցին` պարզելով Եռագոյն դրօշակն ու ՀՅԴ զինանշանը:

Սերոբ  Յակոբեան փունջ մը հայրենասիրական ու յեղափոխաշունչ երգերով ջերմացուց ներկաներուն հոգիներն ու միտքերը:

Հանդիսութեան աւարտին Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան արտասանեց սրտի խօսք մը, ուր ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն իրողութեան, որ նահատակները արդէն սուրբեր են, որոնք երկինքէն կը բարեխօսեն հայութեան արդար դատի լուծման համար: Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ տէր կանգնին ազգային արժէքներուն, սրտի մօտիկ պահեն հայերէնը, հայ զաւակները անուանեն հայկական անուններով, որպէսզի հայ ազգը ըլլայ զօրաւոր ու հեռու մնայ օտարամոլութեան ահաւոր վտանգներէն, ապա քահանայ հայրը պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը:

Նախորդը

Մոմերով Քայլարշաւ` Հայաշէնի «Ռոստոմ» Ակումբէն Ժեհթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Յուշակոթող

Յաջորդը

«Ակօս»-ի Խմբագրատան Մօտ Ազգայնականներ Սեւ Ծաղկեպսակներ Դրած Եւ Սպառնացած Են

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?