Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտական Ապրիլեան Քայլարշաւ

April 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-19-15_antilias-(1)Կիրակի, 19 ապրիլին առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ոչ սովորական իրարանցում մը կը տիրէր Մըզհերի հայահոծ թաղամասին մէջ:

Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը` մոկլի, գայլիկ, արծուիկ, արի, արենոյշ, երէց եւ պարմանուհի համախմբուած էին ակումբին առջեւ եւ կը պատրաստուէին քայլարշաւի:

Մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը կազմակերպած էին քայլարշաւ մը` Մըզհերէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանք` ընկերակցութեամբ ծնողներու, բարեկամներու, թաղեցիներու: Հրաւիրուած էին Մըզհերի եւ Անթիլիասի քաղաքապետութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները: Խումբերը կոկիկ եւ զուսպ կերպով քալեցին` մասնաճիւղի շեփորախումբին խրախուսիչ նուագին հետեւելով:

Սկաուտները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ գրութիւնները` «Ցեղասպանութեան 100-ամեակ», «Յիշէ եւ պահանջէ», «Չենք մոռնար» եւ այլն` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

Այս նախաձեռնութեամբ սկաուտները կը միտէին իրենց շրջանին հայ եւ օտար բնակիչներուն ցոյց տալ, թէ ապրիլի ոգեկոչումներուն պէտք է իրենք եւս մասնակից դառնան:

Սկաուտական խորհուրդը յատուկ վզակապեր պատրաստած էր` մանիշակագոյն, որուն վրայ նշուած էին անմոռուկը եւ ՀՄԸՄ-ի շուշանածաղիկը:

4-19-15_antilias-(2)Վանք հասնելէ առաջ խումբերը սկաուտական տողանցք կատարեցին Անթիլիասի հրապարակէն մինչեւ եկեղեցւոյ մուտք: Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած վերանորոգուած մատրան առջեւ բոլորը շարուեցան` ՀՄԸՄ-ականի վայել կեցուածքով:

Զետեղուեցան երկու ծաղկեպսակներ` սկաուտական խորհուրդին եւ վարչութեան անունով: Նուագուեցան քայլերգները եւ մահերգ: Ապա խօսք առին արենոյշ Արզնի Մեսրոպեան եւ երէց Սարհատ Հանտեան, որոնք շեշտեցին, որ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ գիտակից են իրենց վստահուած պարտականութեան եւ կը խոստանան կարելին ընել հայկական արժէքներու տէր կանգնելու, յիշելու եւ պահանջելու: Ներկայ էին Շրջանային վարչութենէն Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական վարչութենէն Գառնիկ Մկրտիչեան, Անթիլիասի քաղաքապետութենէն Հայկ Ոսկերիչեան եւ միութենական հիւրեր ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Աւելի ուշ բոլոր ներկաները ուղղուեցան վանք, ուր հաղորդուեցան:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով . Ազգային-Հայրենասիրական Երգերով Ելոյթ Ունեցաւ «Աւետաբեր» Երգչախումբը

Յաջորդը

Սուրբ Նահատակներուն 100-Ամեայ Պայքարին Կտակով` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Վերանորոգեն Պայքարունակ Սերունդներուն Ուխտը

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը`  Դէպի Ազատութիւն»
Գաղութային

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.