Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Վարժարաններու Աշակերտները Հաստատեցին Իրենց Կառչածութիւնը Նահատակներու Կտակին

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-23-15_ashagerd-(1)Ապրիլ 23-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն:

Իրենց մասնակցութիւնը բերին Քառասնից Մանկանց, Ռուբինեան, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան, Սոֆիա Յակոբեան, Սուրէն Խանամիրեան, Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարանները, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան, Թորոսեան, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարաններն ու Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց եւ Մխիթարեան վարժարանները, ՀԲԸՄ¬ի Դարուհի¬Յովակիմեան եւ Պօղոս Կարմիրեան դպրոցները, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանն ու Վահան Թէքէեան վարժարանը, ինչպէս նաեւ` Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան յատուկ դասընթացքներու աշակերտները:

Հաւաքին սկիզբը բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մատրան դիմաց, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասին:

4-23-15_ashagerd-(2)Այս առիթով աշակերտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ նահատակուած մէկուկէս միլիոնին սուրբ օրհնութիւնն ու կտակը գալիք տասնամեակներուն եւս պիտի շարունակեն մնալ նոր սերունդներուն փարոսը: Ան հաստատեց, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կանգնած մատուռը, ուր ամփոփուած են նահատակներուն աճիւնները, կու գայ բոլորին, յատկապէս հայ նոր սերունդներուն յիշեցնելու, որ իրենք ազգովին պարտք ունին նահատակներուն դիմաց եւ սրբազան կտակ դրուած է իրենց ուսերուն. քաղցր կտակ եւ պարտաւորութիւն` յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու:

Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հայութիւնը աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ պահանջատէր, որմէ խլուած են իր արդար իրաւունքներն ու ինչքերը` հաստատելով, որ այդ պայքարի շարունակութեամբ կարելի է հասնիլ հայութեան գերագոյն նպատակներուն:

Շահէ եպս. Փանոսեան սփիւռքահայ, յատկապէս լիբանանեան իրականութեան մասին խօսելով` յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապաստան գտած հայութիւնը գոյատեւեց եւ իր ինքնութիւնը կրցաւ պահել շնորհիւ հայ վարժարաններուն, նուիրեալ ուսուցիչներուն, որոնք հայ աշակերտին սորվեցուցին հայոց լեզու ու պատմութիւն, փոխանցեցին հայկական արժէքներ, անոր մէջ վառ պահեցին ազգային բարձր ոգին: Ան հաստատեց, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած աւանդին տէր պիտի մնայ հայ աշակերտը` հաւատարիմ մեր ժողովուրդի իղձերուն, տեսլականին եւ պահանջատիրութեան, նաեւ միշտ պատիւ բերելով իր ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան օրհնեց հայկական վարժարաններու աշակերտները, պատասխանատուներն ու դաստիարակները եւ ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է, որ մեր պահանջատիրութիւնը տասնեակ տարիներ միեւնոյն գիտակցութեամբ եւ ոգիով շարունակուած է եւ պիտի շարունակուի մինչեւ մեր արդար իրաւունքներուն հատուցումը»:

Աշակերտական հաւաքը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» եւ «Մեր հայրենիք» երգերով:

Նախորդը

Սուրբ Նահատակներուն 100-Ամեայ Պայքարին Կտակով` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Վերանորոգեն Պայքարունակ Սերունդներուն Ուխտը

Յաջորդը

Մոմերով Քայլարշաւ` Հայաշէնի «Ռոստոմ» Ակումբէն Ժեհթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Յուշակոթող

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?