Գաղութային

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ` Սուրիոյ Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ` Սուրիոյ Մէջ

- Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինին, ներկայութեամբ Սուրիահայ համայնքապետերուն, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսին ու սուրիահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան մը, ուրբաթ 24 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00ին հալէպահայութիւնը յիշելու եւ պահանջելու ուխտով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: - Կիրակի, 26 ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէին ժամը 4:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին...

Փոքրիկ Հայաստանէն Թրքական Հիւպատոսարան Ճանապարհը Ողողուեցաւ Արդարութիւն Պահանջող 130,000 Հայորդիներով

Փոքրիկ Հայաստանէն Թրքական Հիւպատոսարան Ճանապարհը Ողողուեցաւ Արդարութիւն Պահանջող 130,000 Հայորդիներով

Ուրբաթ, ապրիլ 24-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Լոս Անճելըսի հայութիւնը շարժման մէջ էր: Լոս Անճելըսի եւ մերձակայ քաղաքներու հայկական կեդրոններէն ու եկեղեցիներէն հանրակառքերով, իսկ հազարաւոր հայեր սեփական փոխադրական միջոցներով կը ժամանէին Փոքրիկ Հայաստան, ուրկէ պիտի սկսէր Արդարութեան քայլարշաւը: Ժողովուրդին հոսքը կարծես դադրելու միտում չունէր: Սանսեթ եւ Ուէսթըրն խաչմերուկ հասնող բոլոր փողոցներէն երիտասարդ ու տարեց, աշխարհի ամէնէն տարբեր շրջաններէ եկած ու այժմ...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումը Թայմզ Սքուերի Վրայ

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումը Թայմզ Սքուերի Վրայ

26 ապրիլին 12 հազար հայեր բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Նիւ Եորքի մէջ` պահանջելով Թուրքիայէն, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ցուցարարները Ս. Վարդան եկեղեցիէն քայլարշաւով հասած են Թայմզ Սքուեր: Հազարաւոր հայեր երկրին զանազան կողմերէն Թայմզ Սքուեր հաւաքուեցան հայկական դրօշներով եւ պաստառներով: Ցոյցին մասնակցեցաւ նաեւ ամերիկացի ծերակուտական Չարլզ Շումեր, որ նշեց, թէ ինք այսօր այստեղ կանգնած է, որպէսզի համոզուի, որ «անոնք, որոնք կը ժխտեն...

Պահանջատիրական-Զօրակցական Երթ.  Աւելի Քան 50 Հազար Լիբանանահայեր  Թուրքիոյ Դէմ Բողոքելով Անկէ Պահանջեցին  Իրենց Արդար Իրաւունքները

Պահանջատիրական-Զօրակցական Երթ. Աւելի Քան 50 Հազար Լիբանանահայեր Թուրքիոյ Դէմ Բողոքելով Անկէ Պահանջեցին Իրենց Արդար Իրաւունքները

«Ննջեցէ՛ք Հանգիստ, Մեր Հերո՜ս Նահատակներ. Մենք Կ՛երդնունք Աստուծոյ, Որ Անձնատուր Պիտի Չըլլանք Եւ Պիտի Չտկարանանք, Մինչեւ Մեր Բոլոր Իրաւունքներուն Վերատիրացումը Եւ Ամբողջական Արդարութեան Հաստատումը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի 24 ապրիլ 2015... 24 ապրիլ 1915¬էն ճիշդ 100 տարի անց: Հարիւր տարի առաջ իրենց հարազատ հողէն արմատախիլ եղած եւ դէպի անորոշը քալած Ս. նահատակներուն թոռներն ու ծոռերը հարիւր տարի ետք եւս քալեցին, սակայն այս անգամ դէպի իրենց...

Ս. Նահատակաց Մատրան Վերաօծում.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մենք Թուրքիայէն  Ցաւակցութիւն Չենք Խնդրեր,  Այլ Դատապարտում Ու Ճանաչում Կը Պահանջենք»

Ս. Նահատակաց Մատրան Վերաօծում. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մենք Թուրքիայէն Ցաւակցութիւն Չենք Խնդրեր, Այլ Դատապարտում Ու Ճանաչում Կը Պահանջենք»

Ուրբաթ, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Ս. Նահատակաց մատրան շուրջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնով վերաօծեց վերանորոգուած մատուռը, որուն նորոգութեան աշխատանքները իրականացան Պէզիքեան ընտանիքի նիւթական ներդրումով: Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի...

Հարիւր Հազարաւոր Մասնակիցներ`  Լոս Անճելըսի Մէջ

Հարիւր Հազարաւոր Մասնակիցներ` Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, երէկ` 24 ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որուն մասնակիցները հաւաքուեցան «Լիթըլ Արմենիա» շրջանին մէջ եւ ուղղուեցան դէպի Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական դեսպանատուն: Քայլարշաւին մասնակցեցան հարիւր հազարաւոր հայորդիներ:  

Պոլսոյ Մէջ Քայլերթ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

Պոլսոյ Մէջ Քայլերթ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մեծ թիւով մարդիկ Պոլսոյ մէջ 23 ապրիլին մասնակցած են քայլերթի` յանուն Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին եւ կատարուած ոճրագործութեան հետ առերեսման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, 23 ապրիլին Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի այն հատուածին մէջ, ուր հարիւր տարի առաջ նոյն օրը հաւաքուած եւ ձերբակալուած էին պոլսահայ մտաւորականները, ներկաները քայլերթ կատարած են` իրենց ձեռքերուն մէջ պահելով Ցեղասպանութեան զոհը...

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Յայտարարեց Մինչեւ Վերջ Պայքարիլ Հայութեան Իրաւունքներու Վերատիրացման Վճռակամութեամբ

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Յայտարարեց Մինչեւ Վերջ Պայքարիլ Հայութեան Իրաւունքներու Վերատիրացման Վճռակամութեամբ

Հայոց ցեղասպանութեան կեդրոնական ձեռնարկին` ժողովրդային քայլարշաւին նախօրեակին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Միշել Մըր»-ի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, կազմակերպուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կողմէ: Ներկայ էին պետական պաշտօնատարներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ` ներկայ եւ նախկին, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայկական երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ...

Լիբանանահայութիւնը Հետեւեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Սրբադասման Արարողութեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կազմակերպած երէկուան հսկումի արարողութենէն առաջ, լիբանանահայութիւնը ակնդէտ հետեւեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Ս. Էջմիածինի մէջ կատարուած` Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու սրբադասման արարողութեան: Սրբադասման արարողութենէն ետք, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 6:15-ին, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը 100 անգամ հնչեցին` իբրեւ խորհրդանիշ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:...

ԿՈՉ

ԿՈՉ

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու զաւակներ, Մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակին հարազատ ժառանգորդներ, Ազգային բարձր գիտակցութեամբ հրաւիրուած ենք ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` պահանջատիրական քայլարշաւով մը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ի կէսօրին: Արդարեւ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարուելիք յիշատակի արարողութենէն ետք, պահանջատէր լիբանանահայութիւնը, ազգային իր կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ յարանուանական պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, վճռակամ շարքերով պիտի քալէ Անթիլիասէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ, ուր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Նախարար Ֆարաոնի Գլխաւորած  Պէյրութեան Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նախարար Ֆարաոնի Գլխաւորած Պէյրութեան Պատուիրակութիւնը

Չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի առաջնորդութեամբ Պէյրութի շրջանը ներկայացնող շուրջ 50 լիբանանցի երեւելի դէմքերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատուիրակութեան ներկայութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Անդրադարձ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Անդրադարձ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 21 ապրիլին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներ, երկրորդ տարին ըլլալով, անակնկալի եկան իրենց բաժնուած ձրի ջուրի շիշերով: Համալսարանի «Լիբանանեան հայկական ակումբ»-ը առաւօտեան խճողուած ժամերուն ուսանողութեան եւ ուսուցիչներու բաժնեց 1000 ջուրի շիշեր, որոնք կը կրէին «Ջուրը իրաւունքդ է, նոյնպէս` ապրիլը» անգլերէն նախադասութիւն եւ կ՛անդրադառնային Հայոց ցեղասպանութեան: Նաեւ տրամադրելի էին A եւ G տառերու դաջուածքները, եւ շատ մը ոչ հայ ուսանողներ տեղւոյն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպած դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 27 ապրիլ 2015: Ուխտաւորները ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ին, պիտի մասնակցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ քայլարշաւին: Բարի երթ եւ ուխտը կատար բոլոր ուխտաւորներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Առիթով.  Կլոր Սեղան` Լիբանանեան  Համալսարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Կլոր Սեղան` Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանական, քաղաքական եւ վարչական գիտութիւններու երկրորդ բաժանմունքին, երէկ` երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Լիբանանեան եւ համալսարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Ռընէ Խուրի ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Խուրի յայտնեց,...

Ապրիլեան Հսկում`.  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի  Յուշակոթողին Շուրջ

Ապրիլեան Հսկում`. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշակոթողին Շուրջ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեամբ եւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարիլիցին նուիրուած Ապրիլեան հսկում մը տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշակոթողին շուրջ, Ժեհթաուի, երեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններու ու մարմիններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ողջոյնի...

Լիբանանեան Ամերիկեան  Համալսարան-Ժիպէյլի Մասնաճիւղ`.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Ոգեկոչում

Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարան-Ժիպէյլի Մասնաճիւղ`. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի «Հայկական ակումբ»-ին, երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, նոյն համալսարանի «Սելինա Գորպար»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ներկայութեամբ համալսարանի տնօրէնութենէն ներկայացուցիչներու, բազմաթիւ դասախօսներու եւ աւելի քան 280 համալսարանականներու: Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի «Հայկական ակումբ»-ին ներկայացուցիչը փոխանցեց ակումբին խօսքը, ապա ներկաներուն բացատրեց անմոռուկ ծաղիկին նշանակութիւնը` իբրեւ 100-ամեակի խորհրդանիշ: Այնուհետեւ խօսք առաւ համալսարանի բժշկական բաժինի ուսանող...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան  Լայնածաւալ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Լայնածաւալ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Շարունակելով Հայոց ցեղասպանութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին ծանօթացնելու աշխատանքը, երէկ` երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամները Պէյրութի հարաւային արուարձաններու մէջ ձայնասկաւառակներ բաժնեցին անցորդներուն: Ձայնասկաւառակները կը պարունակէին  հայ եւ օտար հանրածանօթ արուեստագէտներու կատարողութեամբ երգացանկ մը: Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած երգերը նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան, այդ երգերը համաշխարհային կամ շրջանային մակարդակի վրայ մեծ արձագանգ ձգած են` յիշեցնելով մեր դատը եւ 100...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Յիշատակում` Թրիփոլիի  «Սեն Քէօր» Վարժարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Յիշատակում` Թրիփոլիի «Սեն Քէօր» Վարժարանին Մէջ

Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Թրիփոլիի «Սեն Քէօր» վարժարանին մէջ, մօտ հազար աշակերտներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակի ոգեկոչում: Յատուկ հրաւէրով ներկայ էր Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան: Հանդիսութեան բացման խօսքէն ետք, Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտ Սանահին Նալպանտեան, արաբերէնով ներկայացուց 1915-ի հայկական ջարդերուն ամփոփ բացատրութիւնը` շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ, որ եղածը Ցեղասպանութիւն...

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ  Արաբերէն Բացառիկ Համար

100-Ամեակին Առիթով «Ազդակ-Արաբերէն»-ի Բացառիկի Բովանդակութիւնը

Բացառիկը կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, անմոռուկ ծաղիկի բացատրութիւն, արաբական վկայութեան փաստաթուղթեր, Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի գրութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով արաբերէնով վերջերս հրատարակուած գիրքերու գրախօսականներ եւ յօդուածներ: - Յակոբ Բագրատունի, «Միասնաբար Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանաչում, ներողութիւն, հատուցում եւ բռնագրաւուած հողերու վերադարձ... Բոլորս Լիբանանեան պետութենէն կը պահանջենք Ապրիլ 24-ը յատարարել ցեղասպանութեան դէմ ազգային զօրակցութեան օր»: - Ժաք Աուսի, «Նոր օսմանցիներուն քաղաքականութեան...

Page 350 of 364 1 … 349 350 351 … 364

Արխիւներ