Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատականերուն Յիշատակը

April 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-23-15_h2Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2015-ին, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի մասնաճիւղերու աստիճանաւորական կազմերը, խմբապետական կազմերը, շրջանային խմբապետութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդը` 160 անդամներով` ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի  Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի, Ռաուտայի, Պաուշրիէի մասնաճիւղերը եւ ՀՄԸՄ-ի  շեփորախումբը այցելեցին Պիքֆայայի յուշարձան` ներկայ գտնուելու համար 20-րդ դարու Ա. ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հսկումի արարողութեան, յարգանքի տուրք մատուցանելու եւ ծաղկեպսակ զետեղելու 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներու  յիշատակին:

4-23-15_h3Ժամը 6:15-ին սկաուտները արդէն հասած էին Պիքֆայա եւ  շարքերով պատրաստ կը սպասէին եկեղեցւոյ 100 ղօղանջներուն, որմէ ետք ուղղուեցան սուրբ նահատակներու յուշարձանին դիմաց, ուր յոտնկայս 1 վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը:

Ապա խօսք առաւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան, որ ըսաւ, թէ թէեւ Հայոց ցեղասպանութենէն անցած է դար մը, սակայն այդ չի նշանակեր, որ այլեւս ապարդիւն եւ անիմաստ է պահանջել մեր ազգային արդար իրաւունքները, այնքան ատեն որ հատուցում չենք ստացած թրքական պետութենէն: Ան խօսքը ուղղելով ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն ու եղբայրներուն անոնց թելադրեց, որ յիշեն, յիշեցնեն եւ պահանջեն, մինչեւ որ հասնին Հայ դատի պահանջատիրութեան ամբողջական գործադրման:

Շնորհք աբղյ. Աշըգեան փոխանցեց իր պատգամը` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ականը միշտ  եղած է այն ազգասէր հայը, որ երբեք չէ մոռցած իր ազգային պարտականութիւնը Հայ դատին նկատմամբ: Հայր սուրբը ներկաներուն թելադրեց, որ անոնք  Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն կամքով շարունակեն իրենց երթը, ապա պահպանիչով փակեց իր պատգամը:

«Յառաջ նահատակ» քայլերգին երգեցողութենէն ետք, շեփորախումբի մահերգի եղանակով սկաուտները զետեղեցին ծաղկեպսակն ու ծաղիկները:

Նախորդը

Ապրիլեան Եղեռնի 100-Ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով . Ազգային-Հայրենասիրական Երգերով Ելոյթ Ունեցաւ «Աւետաբեր» Երգչախումբը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.