Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով երէկ` երկուշաբթի, 27 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ մոմերով քայլարշաւ` Հայաշէնէն դէպի Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան յուշակոթող` ՀՄԸՄ¬ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ:
Քայլարշաւին եւ անոր յաջորդած ոգեկոչման հանդիսութեան մասնակցեցան նախկին նախարարներ Վրէժ Սապունճեան եւ Նիքոլա Սահնաուի, քաղաքական գործիչ Մասուտ Աշքար, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Զիատ Ապս, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան, Պէյրութի թաղապետեր եւ մեծ թիւով հայորդիներ:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:

Բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան, որ ըսաւ, թէ իր նահատակներուն կտակը յարգող եւ զանոնք սրբադասող ժողովուրդը չ՛ընկրկիր ու չի մեռնիր, այլ կը շարունակէ կառչած մնալ իր պահանջատիրական երթին, այնքան ատեն որ իր իրաւունքները չեն հատուցուած: Ան հաստատեց, որ պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ օսմանեան դարաւոր երազը` հայ ազգը բնաջնջելու, ձախողութեան մատնուած է, որովհետեւ աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը այսօր բարձրաձայն իր իրաւունքները կը պահանջէ: Իր խօսքը եզրափակելով ան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք հայութիւնը կը թեւակոխէ վճռական հանգրուան մը, որուն ընթացքին առկայ մարտահրաւէրները կարելի է դիմագրաւել միասնականութեամբ եւ անկէ ծնունդ առնող զօրութեամբ:

Այնուհետեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բանախօսեց Աւետիս Կիտանեան, որ անդրադարձաւ հայութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ամեակներուն ունեցած ընկալումին` դիտել տալով, թէ մինչեւ 50-ամեակ Ապրիլ 24-ը ողբի ու ցաւի օր էր, իսկ անկէ ետք դարձաւ ձայն բարձրացնելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհին պահանջատիրական պատգամ ուղղելու առիթ, հակառակ անոր որ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը յաճախ անտեսեց հայոց պահանջները եւ քիչ թիւով պետութիւններ սկզբնական շրջանին ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ հակառակ այս բոլորին, հայութիւնը ո՛չ մէկ օր յուսահատեցաւ, ո՛չ մէկ օր պաղատեցաւ կամ աղաչեց, այլ պահանջեց անդադար, իսկ այսօր ճանաչումէն անդին անցնելով նաեւ նիւթական ու բարոյական հատուցում կը պահանջէ: Ան նշեց, որ Հայ դատի յանձնախումբերու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ վերջերս տարբեր երկիրներ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը, նաեւ կայ այն, որ Թուրքիոյ դիմակը ինկաւ արդէն, ու բոլորը տեսան, թէ ան ահաբեկչական ծայրայեղական կազմակերպութիւններու նեցուկ եղող եւ բռնութիւններ հրահրող երկիր մըն է: Ապա Աւետիս Կիտանեան խօսեցաւ Թուրքիոյ ներքին կացութեան մասին` նշելով, որ թէեւ ան իբրեւ յառաջդիմած երկիր կը ներկայանայ, սակայն խորքին մէջ ազատ կարծիքի դէմ է, կը սահմանափակէ համացանցի գործածութիւնը եւ այլն: Բանախօսը յիշեց Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անկէ ետք տարբեր պետութիւններու ճանաչումները, որոնք հայութիւնը կը մղեն առաւել եւս կառչելու իր դատին եւ պահանջատիրութեան:
Իր խօսքը եզրափակելով Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ 100 տարի ետք հայութիւնը փաստեց, որ ինք տակաւին կենդանի է ու իրաւատէր, որ իր նախնիներուն ջահը վառ մնացած է եւ ինք նախանձախնդիր է զայն մնայուն կերպով բոցավառ պահելու:

«Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ ողջունեց իրաւատէր եւ ազգային նկարագիրի տէր հայութիւնը` դիտել տալով, որ ոչ ոքի իրաւունքն է կասկածի տակ առնել լիբանանահայութեան լիբանանցիութիւնը, որովհետեւ երբեմն լիբանանահայը շատ աւելի լիիրաւ քաղաքացի է եւ կառչած է Լիբանանին, քան լիբանանցին ինք: Ան շնորհաւորեց հայութիւնն ու համայն մարդկութիւնը մէկուկէս միլիոն սուրբերուն համար, որոնք քանի մը օր առաջ սրբադասուեցան, եւ որոնց աղօթքով կարելի պիտի ըլլայ հայութեան դատի արդար լուծման հասնիլ, ինչպէս նաեւ աշխարհին մէջ հաստատել խաղաղութիւն ու արդարութիւն:
Գրող, մտաւորական Հապիպ Եունես իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ հայ ժողովուրդը յաղթած է ցեղասպանութեան իր վճռակամ գիտակցութեամբ, իր յիշողութեամբ, ապա ըսաւ, որ 100 տարիէ ի վեր ժողովուրդը իր սերունդներուն կը պատմէ իր տառապանքը, տարագրութեան ցաւը եւ պիտի շարունակէ պատմել` դատը փոխանցելով սերունդէ սերունդ: Հայութեան կեանքը գիրք մըն է, որուն մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդի զաւակները իրենց աշխատասիրութեամբ եւ կամքի ուժով զարգացան կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, արժանի դարձան վերապրելու: Ան հաստատեց, որ հայերը իրենց գիտակցութեամբ եւ արժանապատուութեամբ դարձան աշխարհի քաղաքակիրթ ու ազնիւ ժողովուրդներէն մէկը:
Հապիպ Եունես` անդրադառնալով պատմական տուեալներուն, ըսաւ, որ արդարութիւնը չի կորսուիր, եթէ ետին կանգնած է պահանջատէրը: Մազապուրծ եղած հայերը դարձան վկաները պահանջի, իրաւունքի, Քրիստոսի եւ Հայ դատին, որուն համար ամէն օր խաչուեցան: Իր խօսքին մէջ Հապիպ Եունես դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին հետ միաժամանակ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան նաեւ ասորի, քաղդէացի եւ այլ փոքրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ նոյն օրերուն Լեռնալիբանանի բնակչութեան մեծ մասը սպաննուեցաւ` սովի ենթարկուելով օսմանցիներուն կողմէ:
Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրի իրագործման մէջ Հապիպ Եունես խօսեցաւ Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ ժխտական դերակատարութեան մասին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող հանգրուանին մասին խօսելով` Հապիպ Եունես կարեւոր նկատեց սփիւռքահայութեան կողմէ քարոզչական տեղեկատուական աշխատանքներու առաւել աշխուժ ծաւալումը` արտաքին աշխարհին բացուելու ու Հայ դատը աւելի լայն տարողութեամբ աշխարհին ներկայացնելու նպատակով:
Ան աւարտեց խօսքը մէջբերելով Եղիշէ Պատմիչի խօսքը` «Մահ իմացեալ մահ է, մահ ոչ իմացեալ անմահութիւն»` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը անմահ ժողովուրդ է:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: