Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի 100-ամեակի հսկում:

Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Յովիկ Ադամեան: Ան ըսաւ. «Մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է մեր բոլոր հաստատութիւններուն մէջ մարդակերտումի եւ տիպար հայ պատրաստելու աշխատանքները քաջալերել, մենք իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, լաւ հայ երիտասարդներ պատրաստելու կողքին պէտք է աշխատինք ամէն գնով, որպէսզի զգուշացնենք հայ երիտասարդը իրեն սպառնացող բոլոր վտանգներէն եւ յոռի երեւոյթներէն»:
Ան ըսաւ, որ զարգացման եւ յառաջդիմութեան կողքին մեր ազգը ունի հայապահպանման պարտականութիւնը, որպէսզի ան կարենայ պահել իր ինքնութիւնը, պահպանել իր մշակոյթը եւ պաշտպանել իր դատը:
Ապա Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» երկրորդական վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց «Սուրբերու աչքեր» երգը` ընկերակցութեամբ աշակերտական նուագախումբին:

Օրուան բանախօս Րաֆֆի Աշգարեան խօսեցաւ հայ ազգի պահանջատիրութեան երթին ընթացքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ ըսաւ, թէ հայ ազգը կը գտնուի իր գոյատեւման պայքարին ամէնէն թէժ եւ փոթորկոտ հանգրուանին մէջ իր զոյգ հատուածներով` հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին: Թէեւ տակաւին ամուր կը փորձէ նաւարկել դէպի ապագայ եւ դէպի պայծառ հորիզոններ, բայց քաջ կը զգայ, թէ օրըստօրէ ինչքա՛ն փոթորկոտ եւ դժուար կը դառնայ այդ երթը:
Ան ըսաւ, թէ հաշուետուութեան, բայց նաեւ գերազանցօրէն պատասխանատու ոգիով ու հայու վայել վճռակամութեամբ վերակազմակերպուելու ու ծրագրումի պահը հասած է:
Աշգարեան շարունակեց ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան 1ՕՕ-ամեակի ոգեկոչման ուխտի ու մտածումի այս սրբազան պահուն, ըլլանք արթուն ու մեր կամքերը լարենք ամէն ճակատի վրայ` յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար այս օրերուն մեր երթին դիմաց ցցուող վտանգները»:
Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պիտի մնայ իր ժողովուրդին կողքին ամէն տեղ` երեւցող եւ աներեւոյթ ամէն պատնէշի վրայ, անսակարկ յանձնառութեամբ ու նուիրուածութեամբ:
Բանախօսութենէն ետք Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի աշակերտները ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, սակայն հայ ենք» բանաստեղծութիւնը:
Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Կիլիկիա» եւ «Հայաստան» երգերը:
ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները պատկերներու շարքով մը ներկայացուցին հայոց պատմութեան վերջին 100 տարիները, որմէ ետք Նազօ Փոլատեան ասմունքեց «Քարտէս» եւ «Յաղթանակ» բանաստեղծութիւններէն հատուածներ:
Ներկաները սրահէն դուրս գալով ականատես եղան կրակով ներկայացուած հատուցման ժամուն եւ 100 կրակէ գիրերուն` որոնք վառեցան ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբի ազգային նուագներու կատարումներուն զուգընթաց:
Ժողովուրդը` առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն, սկսաւ քայլարշաւի, որ անցաւ Այնճարի կեդրոնական փողոցներով` հասնելով Մուսա Լերան Հերոսներու Յուշարձան:
Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան կոթողին մօտ` Այնճարի քաղաքապետութեան, «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման առիթով` առաջնորդութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ մասնակցութեամբ գիւղի հոգեւոր հայրերուն:
Այս առիթով մասնաճիւղին կողմէ 2007 թուականին Տէր Զօրէն բերուած աճիւններու արկղը փոխանցուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ: