Գաղութային

Եուրոզ` Լիբանանցի  Երեխաներուն Հետ

Եուրոզ` Լիբանանցի Երեխաներուն Հետ

Հինգշաբթի, 7 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսեալ, «Սոլիտեր»-ի «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր» պատկերասրահը լեցուն էր երեխաներու կենսալից ճռուողիւններով: Ուրախ էին երեխաները, ուրախ էին նաեւ անոնց մայրերը եւ բոլոր ներկաները: Օրը տօնական էր կարծես: Պատճա՞ռը... Քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ եկաւ աշխարհահռչակ կերպարուեստագէտ Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան)` յատուկ քաջալերելու համար Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսը: Ան բացման հանդիսութեան առաջին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սերպիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սերպիոյ Դեսպանը

Շաբաթ, 2 մայիս 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան` Ալեքսանտր Ռեսթիչի: Այցելութեան նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ հայ ու սերպ ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հայաստանի եւ Սերպիոյ գործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը եւ շեշտեց երկու ժողովուրդներուն...

Ամենայն Հայոց Գարեգին  Բ. Կաթողիկոսը Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս հայրապետական այցելութեամբ երէկ հասաւ Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն: Այցելութեան  ընթացքին վեհափառ հայրապետը պիտի օրհնէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի թեմական-պատգամաւորական տարեկան ժողովը: Ամենայն Հայոց հայրապետին կ՛ուղեկցին Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան, Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան, գաւազանակիր Անանիա աբղյ. Ծատուրեան, կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Խորէն քհնյ. Կիրակոսեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրին` չորեքշաբթի, 6 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Վեհափառ հայրապետը պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի,  Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Տիթրոյիթի, Շիքակոյի եւ այլ շրջաններու համայնքները եւ իր հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Հայկական գաղութներու այցելութեան առընթեր, վեհափառ հայրապետը շարք մը...

Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին գործակցութեամբ երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ կազմակերպած էր դասական երաժշտութեան համերգ, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ձեռնարկը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը ներկայացումով, որուն մէջ օտար գրողներ, խմբագիրներ, դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց վկայութիւնը կու տան 20-րդ...

Սին Էլ Ֆիլի Մէջ .  Հոգեհանգիստ Եւ Մոմավառութիւն`  Եուսեֆ Քհնյ. Հայէքի Նահատակութեան  100-Ամեակին Առիթով

Սին Էլ Ֆիլի Մէջ . Հոգեհանգիստ Եւ Մոմավառութիւն` Եուսեֆ Քհնյ. Հայէքի Նահատակութեան 100-Ամեակին Առիթով

Լիբանանի Նահատակաց օրուան նախօրեակին երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Սին էլ ֆիլի Ս. Աստուածածին (Սայտէ)  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Լիբանանի առաջին նահատակ Եուսեֆ քհնյ. Հայէքի նահատակութեան 100-ամեակին առիթով: Եուսեֆ քհնյ. Հայէք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կախաղան բարձրացուած առաջին լիբանանցին է, որ կառուցած է վերոնշեալ եկեղեցին եւ հոն մատուցած 24 դեկտեմբեր 1914-ի Ս. Ծննդեան պատարագը, որ եղած է իր նախագահած վերջին...

Զահլէի Մէջ.  Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց  Ցեղասպանութեան  100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ»  Գիրքին Ներկայացումը

Զահլէի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Գիրքին Ներկայացումը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` կիրակի, 3 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը  7:00-ին, Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. 100 արաբական վկայութիւններ» գիրքին ներկայացումը` կազմակերպութեամբ  Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին: Խաժակ Բալուլեան Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին անունով արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Բալուլեան: Ան  յիշեց Օսմանեան կայսրութեան կատարած ոճիրները լիբանանցիներուն նկատմամբ` ըսելով, որ Լիբանանի նահատակաց հրապարակի...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ.  Տոքթ. Թորոս Թորանեան Եւ Դոկտ.  Անդրանիկ Տագէսեան Ներկայացուցին  Զաւէն Խանճեանի Զոյգ Հատորները

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. Տոքթ. Թորոս Թորանեան Եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Ներկայացուցին Զաւէն Խանճեանի Զոյգ Հատորները

Հայկազեան համալսարանի կազմակերպած ձեռնարկներուն ծիրին շարքին, երկուշաբթի, 4 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայ հասարակական գործիչ` Զաւէն Խանճեանի հեղինակած զոյգ հատորներու ներկայացումը: Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ տոքթ. Թորոս Թորանեան յաջորդաբար ներկայացուցին հատորները` անդրադառնալով անոնց գրուելուն տուն տուող պատճառներուն, բովանդակութեան գլխաւոր խորագիրներուն եւ անոնց կարեւորութեան: Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքահայութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան անդրադարձաւ գիրքերու...

Հաղորդագրութիւն.  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին  Նուիրուած Ձեռնարկներու Վերաբերեալ

Հաղորդագրութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներու Վերաբերեալ

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ուրբաթ, 1 մայիսի ուշ երեկոյեան վերադարձաւ իր նստավայրը` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ կատարուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ` Մոսկուայի եւ Վինիովի մէջ նախագահելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու: Արդարեւ, անկախ Հայոց  ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համահայկական ձեռնարկներէն, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի...

«Քրտագիտութեան Կեդրոն»-ին  Կազմակերպութեամբ.  «Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներու  Ցեղասպանութեան  Եւ Ջարդերուն Մասին» Համաժողով

«Քրտագիտութեան Կեդրոն»-ին Կազմակերպութեամբ. «Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներու Ցեղասպանութեան Եւ Ջարդերուն Մասին» Համաժողով

Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի Սուլայմանիէ համալսարանի «Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` 29-30 ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: Համաժողովին նշանաբանն էր այն, որ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին ուսումնասիրողներ եւ մասնագէտներ` քրտական ինքնավար շրջանէն...

Սարգիս Կիրակոսեանի  «Ականեալ Ձայներ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ Ձայներ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 4 մայիս 2015-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» գիրքին շնորհահանդէսը: Սիլվա Քիւրքճեան Իրմա Գապագեան-Տէտէեան Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա  Քիւրքճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները նախ ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանը` իբրեւ արձակագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, խմբագիր, կրթական գործիչ` անդրադառնալով անոր գրական վաստակին ու գործունէութեան, հայագիտական շրջանակին մէջ անոր ունեցած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ.  «Ազգի Մը Վերածնունդը» Ցուցահանդէսին  Ընթացքին Ցուցադրուեցան Յայտնի  Գեղանկարիչներուն Լաւագոյն 100-է Աւելի Գործերը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Ազգի Մը Վերածնունդը» Ցուցահանդէսին Ընթացքին Ցուցադրուեցան Յայտնի Գեղանկարիչներուն Լաւագոյն 100-է Աւելի Գործերը

Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին, երէկ` երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր»-ին մէջ տեղի ունենցաւ «Ազգի մը վերածնունդը» խորագրեալ  ցուցահանդէսին բացումը, որ կը վայելէր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ Արտա Եանիքեան ներկայացուց բացման խօսքը: Ան ներկաները ողջունելէ ետք ընդգծեց կարեւորութիւնը...

Այնճարի Մէջ.  Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակ. 100 Արաբական  Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` շաբաթ, 2 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. 100 արաբական վկայութիւններ» հատորին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական- քարոզչական յանձնախումբին: Ռիթա Լագիսեան Ձեռնարկին ներկայ էին Գիւղի հոգեւոր ներկայացուցիչները, Այնճարի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին...

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ.  Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց  «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, անցնող շաբաթավերջին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը Ժտէյտէի «Սաժես» թատերասրահին մէջ հանրութեան ներկայացաւ «Կամուրջներ» պարային համոյթով, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Յովհաննէս Խաչիկեան, օգնական պարուսոյց` Կարիկ Խաչիկեան: Ծրագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին բաժինով ներկայացուեցան ազգագրական պարեր, «Հայուհի», «Քոչարի», «Անուրջներ», «Ձկնորսներ», «Հայոց աղջիկներ», «Վրացական» պարերը: Այս բաժինին մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, ...

«Ազգի Մը Վերածնունդը»

«Ազգի Մը Վերածնունդը»

Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին այսօր` երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ բացումը յատկանշական ցուցահանդէսի մը, որ կը վայելէ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը: Ցուցադրութեան դրուած են հարիւրէ աւելի կերպարուեստի ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին Յովսէփ Փուշմանի, Շարթի, Վրոյրի, Այվազովսքիի, Երուանդ Քոչարի, Ժանսեմի, Գառզուի, Մ. Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Լեւոն...

Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան  Իր «Ծաղկում»-ը Կը Նուիրէ «Ազդակ»-ին

Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան Իր «Ծաղկում»-ը Կը Նուիրէ «Ազդակ»-ին

Սփիւռքահայ արուեստագէտ, գեղանկարիչ Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան իր ստեղծագործութիւններէն գեղեցիկ գործ մը` «Ծաղկում» (Պլում) խորագիրով նուիրեց «Ազդակ»-ին: Անիկա պիտի արձանագրուի «Ազդակ»-ի հաւաքածոյի «Ոսկիէ ֆոնտ»-ին մէջ: Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան ստեղծագործական բեղուն ուղի անցած գեղանկարիչներէն է, անոր համար գեղանկարչութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեանի` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ ստեղծագործական կանաչ ուղի:  

Հրթիռարձակում՝ Հալէպի Զանազան Շրջաններուն Մէջ

Հրթիռարձակում՝ Հալէպի Զանազան Շրջաններուն Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի օր Հալէպի  տարբեր թաղամասերու մէջ, ինչպէս՝ Թիլալ, Ազիզիէ և Ժամիլիէ, արձանագրուեցան հրթիռներու հարուածներ, որոնք պատճառեցին զոհեր և վիրաւորներ, որոնց մէջ հայեր չկան: Պաշտօնական լուրերը կը հաստատեն, որ սուրիական բանակի միաւորներ կը շարունակեն  «Հին Հալէպ»-ի և այլ թաղամասերու մէջ հալածել զինեալ խմբակները: Քաղաքի շրջակայքի շրջանները ենթակայ կը մնան բուռն բախումներու:

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի  Բացում` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Բացում` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, որմէ ետք բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան յուշակոթողին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Քրիստ Իսկենտերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ իր ողջոյնի խօսքին մէջ պատմական յետադարձ ակնարկով սեղմ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ներկայացում  Եւ Քննարկում` «Գրատուն Անթուան»-ի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ներկայացում Եւ Քննարկում` «Գրատուն Անթուան»-ի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլին «Գրատուն Անթուան» կազմակերպած էր տեղեկութիւններու ներկայացում, որուն յաջորդեց քննարկում մը` գրատան Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու մասնաճիւղին մէջ: Նախ եւ առաջ պատմաբան Քրիսթին Պապիկեան - Ասաֆ «Փաուըր փոյնթ»-ի ընկերակցութեամբ պատմական ակնարկ մը նետեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի վիճակին, ջարդերուն, հայկական հարցին եւ Ցեղասպանութեան վրայ: Ապա պատմաբան դոկտ. Լեւոն Նորտիկեան ներկայացուց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն Լիբանան...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ.  Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր Հողային  Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային  Իրաւունքին Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայկազեան համալսարանի լսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին, տեղի ունեցաւ մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր հողային պահանջատիրութիւնը միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ» վերնագիրով գիրքին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց Տինա Նորշահեան, որ յայտնեց, թէ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին` հայութիւնը կը սպասէր դարադարձային նոր հարցադրում մը` մեր զաւթուած հողերուն վերադարձին հարցադրումը: Ապա խօսք առաւ մեթր Գասպար Տէրտէրեան,...

Page 348 of 364 1 … 347 348 349 … 364

Արխիւներ