Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով . Ազգային-Հայրենասիրական Երգերով Ելոյթ Ունեցաւ «Աւետաբեր» Երգչախումբը

April 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-26-15_avedaperՀայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, կիրակի, 26 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Աւետաբեր» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարիա Յովսէփեան-Քէշիշեանի:  Համերգին մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երգիչներ Գէորգ Պեպեճեան, Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Ճոնի Կէօքճեան:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ երեկոյին ընթացքին երգեցողութեան ընդմէջէն ուխտի նուիրականութեամբ պիտի միանանք մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն, որոնք 100 տարի առաջ քալեցին անապատներու աւազներուն մէջէն, անցան անմարդկային տառապանքներէ, տեսան անօթութիւն, սով եւ մահ, սակայն չյուսալքուեցան, որովհետեւ հաւատացին, որ իրենց չմեռնող կամքով պիտի գայ այն օրը, երբ այդ անապատը, այդ տառապանքներն ու մարմնացեալ մահը պիտի վերածուին ստեղծագործութեան մշտակենդան վկայարանի: Տէր հայրը նկատել տուաւ, որ հայութիւնը իր աննկուն կամքով աշխարհին  փաստեց իր ինքնութիւնը: «Փատեցինք, երբ 23 ապրիլին բոլորս ականատես վկաները եղանք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասման Ս. արարողութեան եւ եզակի առիթը ունեցանք ի սփիւռս աշխարհի լսելու բոլոր հայ առաքելական եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջները, որոնք աքսորի, ջարդի եւ ցեղասպանութեան բառերու փոխարէն վերականգնումի, վերածաղկումի եւ յարութեան ղօղանջներն էին: Փաստեցինք, երբ Ապրիլ 24-ին հարիւր հազարաւոր հայորդիներ աշխարհի չորս ծագերուն մէկ երկինքի տակ, մէկ նպատակով քալեցին` իբրեւ մեր ժողովուրդի դէպի վեր սլացող յարութեան փաստը», եզրափակեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան:

Այնուհետեւ 40 անդամներէ բաղկացած «Աւետաբեր» երգչախումբը իր բարձրորակ կատարումներով անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ հայ ազգը հաւատարիմ է իր սուրբ նահատակներու յիշատակին, մինչեւ արդար իղձերու իրականացում: Հնչեցին «Տլէ Եաման», «Ատանայի ողբը», «Հայաստան», «Յուշարձաններ», «Միացէ՛ք հայեր», «Ապրիլ կրկին», «Խանի երգը», «Ես իմ անուշ Հայաստանի», «Հայրենիքիս հետ», «Կռունկ», «Թող հնչէ շեփոր», «Ով հայոց աշխարհ», «Տէր Ողորմեա», «Խուժան ասկեար», «Բամբ որոտան», «Երեւան, Էրեբունի», «Սարդարապատ», եւ այլ երգեր: Ասմունքով ելոյթ ունեցան Նաթալի Քելխաչերեան` «Ղօղանջ եղեռնական» եւ Մարօ Սարգսեան` «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» քերթուածներով:

Աւարտին օրհնութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան հաստատեց, որ մեր ժողովուրդը իր բազում տառապանքներուն ընդմէջէն յաջողած է ապրիլ եւ իր արարքներով փաստած է, թէ ինք իրաւատէրն է բռնի կերպով իրմէ խլուածին: Ան գնահատեց «Աւետաբեր» երգչախումբին կատարումը եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց խմբավար Երուանդ Քէշիշեանի:

Համերգը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Նախորդը

ՀՄԸՄ Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատականերուն Յիշատակը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտական Ապրիլեան Քայլարշաւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.