Հովանաւորութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` մասնակցութեամբ Լիբանանի հայկական եւ ոչ հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժինի աշակերտութեան:
Աւելի քան 1000 աշակերտներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի անդամ դոկտ. Թամար Հաշէօլեան: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի աշխարհի տարածքին հայ ազգը կ՛ոգեկոչէ իր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան հանդէպ գործուած ամէնէն ահաւոր ոճիրն էր: Թ. Հաշէօլեան ըսաւ, որ նոյն մարդասպան թուրքը չխնայեց նաեւ լիբանանցիները եւ մօտաւորապէս 250 հազար լիբանանցիներ զոհ գացին սով-ցեղասպանութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, 24 ապրիլին բոլոր վարժարանները փակ մնալու անոր առած յանդուգն որոշումին համար: Հաշէօլեան շեշտեց, որ օրըստօրէ կ՛աւելնայ թիւը այն երկիրներուն` որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը` աւելցնելով, որ Հայ դատի պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ թուրք պետութիւնը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխան հատուցումը կատարէ:
Ապա, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի 12-րդ դասարանի աշակերտ Սթեֆանի Շորճեան արաբերէնով ասմունքեց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» քերթուածը:
Ֆիլմաշարերու բեմագրութիւններու լիբանանահայ հեղինակ Քլոտիա Մարշալեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ մարդու կեանքին մէջ հետզհետէ կը ծնի մարդկային զգացումը` բաժնելու ուրիշի հետ պատահած ողբերգութիւն մը` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ձեռնարկին հայ թէ ոչ հայ աշակերտներու ներկայութիւնը սրահին մէջ կը փաստէ այդ իրողութիւնը: «100 տարի է տեղահան եղած ենք եւ մուրացկան չունինք փողոցները: Մենք չլեցուցինք բանտերը, այլ լեցուցինք երաժշտանոցները` մեր երաժիշտներով, ցուցասրահները` մեր պաստառներով: Մենք Լիբանանի պետութեան կողքին ենք ոչ թէ որովհետեւ տկար ենք, այլ պատճառը այն է, որ մենք դաւաճան չենք, եւ կը յարգենք մեզի ձեռք երկարող պետութիւնը», հաստատեց Ք. Մարշալեան:
Այնուհետեւ լիբանանահայ երաժիշտ Կի Մանուկեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, դաշնակի վրայ մեկնաբանեց իր երաժշտական ստեղծագործութիւններէն փունջ մը, որմէ ետք աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով դիտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ 100 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն եւ տակաւին Թուրքիան անխղճօրէն կը շարունակէ ուրացման իր քաղաքականութիւնը եւ ներողութիւն չի խնդրեր իր նախահայրերուն գործած ոճիրին համար: Ան յորդորեց ներկայ աշակերտութիւնը, որ խօսին եւ գործեն այն բանին մասին, որուն համոզուած են եւ ինչ որ իրենց խիղճը կ՛ըսէ, որ ընեն: Ապու Սաապ նկատել տուաւ, որ հայութիւնը Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունէր անկախութենէն առաջ եւ մաս կազմեց Լիբանանի անկախութեան կերտումին մէջ: Ան անդրադարձաւ քանի մը օր առաջ Հայաստան տուած իր այցելութեան` յիշատակելով Ծիծեռնակաբերդը եւ հաստատելով, որ ինք կողքին է հայութեան, հայկական եկեղեցիներուն, հայ ղեկավարներուն, որոնք կը պահանջեն ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ապրիլ 24-ին Լիբանանի տարածքին բոլոր վարժարանները փակ պահելու գծով իր որոշումին կապակցութեամբ նախարարը յայտնեց, որ ինք համոզումով տուած էր այդ որոշումը, որպէսզի լիբանանցի բոլոր աշակերտները անխտիր գիտնան, թէ հայութեան դէմ Ցեղասպանութիւն կատարուած է, որ արժանի է յիշատակութեան` քաջ գիտնալով, որ իր տուած այդ որոշումին համար պիտի ենթարկուի զանազան քննադատութիւններու: «Եթէ լուռ մնանք, կը նշանակէ, որ մասնակից պիտի ըլլանք 1.5 միլիոն զոհերու նահատակութեան գործին մէջ», հաստատեց նախարարը եւ կոչ ուղղեց բարձր պահելու ազգերու արժանապատուութիւնը, ընդունելու անոնց պատմութիւնը, յարգելու անոնց նահատակները եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները: Ան եզրափակեց իր խօսքը հայերէնով ըսելով. «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»:
Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին:
Անգլերէնով ուղղած իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը յայտնեց, որ պատմութեան դասերը կրնան դիւրութեամբ մոռացումի ենթարկուիլ, բացի այն պարագաներէն, որոնք անարդարութեան դէմ պոռթկում կը յառաջացնեն` աւելցնելով, որ երբ անցեալի սխալներն ու ոճիրները անպատիժ կը մնան, հետեւաբար նման արարքներ` ինչպէս ցեղասպանութիւնը, կրնան շարունակուիլ ներկայիս եւս: «100 տարի անցած է, եւ մենք մեր արդար հատուցումը չենք ստացած, սակայն ձեր ներկայութիւնը այստեղ վկայութիւն մըն է, որ մենք առանձին չենք մեր պահանջատիրութեան մէջ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց, որ կեանքի բոլոր ժամանակահատուածներուն մէջ անհրաժեշտ է արդար ըլլալ եւ բարձր պահել մարդու արժանապատուութիւնը:
Աւարտին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարախումբը ներկայացուց 2 պար: