Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մօտ

Ապրիլ 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

11127896_1052531911427177_1199778802_nՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ` պահանջելով Սիսի իր պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը:

Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ ետք 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ: 1921-ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ տուաւ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին վերջնականապէս հեռանալու կաթողիկոսարանէն: Սահակ կաթողիկոս ինչ որ կրնար իբրեւ կրօնական ու մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, ներառեալ` միւռոնի կաթսան) իրեն հետ առնելով, իր փոքրաթիւ միաբանութեամբ բռնեց գաղթի ճամբան: Վեհափառը յաջորդաբար հաստատուեցաւ Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ 1930-ին` Անթիլիաս:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ պահանջատիրութեան աւելի գործնական արտայայտութիւն տալու հեռանկարով, Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամներուն մէջ յաճախակի կերպով յիշեցուց հատուցման վրայ շեշտը դնելու հրամայականը: «Այս շրջագիծին մէջ Սիսի կաթողիկոսարանի եւ ապա ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը կրնայ կարեւոր քայլ մը դառնալ` մեր ժողովուրդի կալուածներուն վերադարձին եւ բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնումին առաջնորդող: Ահա այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշեց դատ բանալ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ», կ՛ընդգծէ կաթողիկոսարանի դիւանը:

Դիւանը կ՛աւելցնէ, որ «անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, յիշեալ դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային դատավարական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը` վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ: Վաղը (Այսօր, «Ա.») Ուաշինկթընի մէջ եւ յառաջիկային Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին մեր պահանջը օտար շրջանակներուն ու միջազգային համայնքին ծանօթացնելու համար: Այս ուղղութեամբ նաեւ վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ապրիլ 24-ին Ստեփանակերտի Մէջ Արցախցիներուն Հետ Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան Յիշատակը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ 29 Ապրիլ 1965)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?