Մուշեղ Գարավարդանեանին «Սթուտիօ Գարամուշ»-ը Պուրճ Համուտի Արաքս Փողոցին Մէջ
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցի երկայնքին տակաւին կանգնած հնակառոյց ցածրայարկ շէնքերը, որոնք ժամանակին հայ ընտանիքներու երդիք դառնալով` կենսատու եղած են շրջանի հայկական դիմագիծի աճեցման, թերեւս այլեւս նեղ կու գան` իբրեւ բազմանդամ ընտանիքներու բնակարան ծառայելու. այնուամենայնիւ, իրենց մէջ ունին յատուկ ուժականութիւն մը, որ չի զլանար համայնքին տալու իր երբեմնի գրկանքը: «Սթիւտիօ Գարամուշ»-ը այդ տնակներէն մէկն է: Նախքան Մուշեղ Գարավարդանեանը գրկելը`...




















