ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցի երկայնքին տակաւին կանգնած հնակառոյց ցածրայարկ շէնքերը, որոնք ժամանակին հայ ընտանիքներու երդիք դառնալով` կենսատու եղած են շրջանի հայկական դիմագիծի աճեցման, թերեւս այլեւս նեղ կու գան` իբրեւ բազմանդամ ընտանիքներու բնակարան ծառայելու. այնուամենայնիւ, իրենց մէջ ունին յատուկ ուժականութիւն մը, որ չի զլանար համայնքին տալու իր երբեմնի գրկանքը: «Սթիւտիօ Գարամուշ»-ը այդ տնակներէն մէկն է:
Նախքան Մուշեղ Գարավարդանեանը գրկելը` յարկաբաժինը ծառայած էր Հրանդ Գալեմքերեանին, որ մագիստրոսականի ուսման համար հեռացաւ արուեստանոցէն եւ բանալին յանձնեց Մուշեղին: Այս արուեստանոցին պատշգամը նստած` Մուշեղն ու ես, փորձելով ատեն-ատեն յանկարծակի բարձրացած ժխորին մէջ զիրար հասկնալ, կը զրուցենք «Գարամուշ»-ին մասին:
«Ես տեսած եւ սիրած էի տեղը: Երեք սենեակ, խոհանոց եւ բաղնիք ունեցող հայկական հին տուն է, որ շատ յարմար է արուեստանոցի մը համար: Երազի պէս է ինծի հիմա այս արուեստանոցը ունենալը, որովհետեւ երազս միշտ ալ գեղանկարիչ ըլլալ եղած է, եւ այդ իրականացնելու ջանք թափած եմ: Դպրոցական տարիներուս Գօգօ Արփաճեանի սթիւտիոն կը սորվէի գծել, յետոյ գացի համալսարան եւ գծելու կողքին, հասկցայ նաեւ, որ ես կը սիրեմ գիտցածս ուրիշին ալ սորվեցնել: Այս իմաստով անշուշտ ունեցած եմ տարբեր աշխատանոցներու մէջ այլոց օգնելու փորձառութիւններ, բայց նախապէս «Ֆորմիքարիա»-ի մէջ եւ ներկայիս «Սթիւտիօ Գարամուշ»-ի մէջ է, որ ուղղակի դասընթացքներ կը կազմակերպեմ եւ աշակերտները կ՛ուղղեմ»:
Մուշեղ Գարավարդանեան ապա խօսեցաւ մարտահրաւէրներուն մասին: «Ճիշդ է, որ երկրին տնտեսական պայմանները բնաւ քաջալերական չեն` երազ մը իրականացնելու, բայց արտաքին աշխարհի կողքին, մեր ներքին աշխարհին ալ պէտք է ականջ տանք: Կ՛արժէ ամբողջ ուժդ, սէրդ, ամբողջ երեւակայութիւնդ երազիդ համար ի գործ դնել, քանի որ պէտք է փորձենք կարելի եղածին չափ մեզի հոգեկան գոհունակութիւն տուող մեր իղձերը հետապնդել: Մենք ենք մեր ուրախութեան պատասխանատուն: Որքան որ ալ երկիրը պատեր հիւսէ առջեւդ, կամ պայմանները չարտօնեն քայլ մը առաջ երթալդ, պէտք է ներքին աշխարհիդ վրայ կեդրոնանալ: Խորքին մէջ ես ատիկա փորձեցի ընել եւ շատ ուրախ եմ, որ այս առիթը ունեցայ»:
«Այս երեք սենեակներէն ամէնէն մեծը դասապահերուս համար է: Այստեղ նաեւ կը ցուցադրեմ իմ գործերս: Միւսին մէջ ես կը ստեղծագործեմ: Իսկ երրորդը, այս պատշգամին նման, յարմար է մարդոց հանդիպելու եւ զրուցելու: Խորքին մէջ աշխատանոցը նաեւ մշակութային ժամադրավայր ալ կարելի է համարել, եւ այդ ալ իմ նպատակներէս մին է: Կրնանք հանդիպիլ եւ խօսիլ արուեստի ու զանազան այլ նիւթերու մասին»:
«Սթիւտիօ Գարամուշ»-ը մինչ այդ իր դռները բանալուն առիթով հաւաք մը կազմակերպած էր իր յարկին տակ 25 յուլիսի երեկոյեան: Այդ երեկոյ ընկերներ եւ ծանօթներ եկած էին զինք շնորհաւորելու` իր առաջին անձնական աշխատանոցը ունենալուն առիթով: Մուշեղ Գարավարդանեան մեր զրոյցին ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձաւ իր ընտանիքին, մտերիմներուն եւ բարեկամներուն անսակարկ նեցուկին, իսկ յատկանշական կերպով խօսեցաւ արուեստագիտուհի Ժագլին Օհանեանին` բացման օրը ներկայ ըլլալուն եւ գործերէն մին գնելուն մասին. այս ապացոյց է արուեստին առատաձեռն եւ մեծահոգի ըլլալուն, ըսաւ ան: Մուշեղ շատ ծրագիրներ ունի տակաւին կազմակերպելիք «Սթիւտիօ Գարամուշ» անունը կրող այս մշակութային ժամադրավայրին մէջ, իսկ ատկէ անկախ` իր դասընթացքները տեղի կ՛ունենան ամէն հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:
Իսկ երբ հարց տուի, թէ կարեւո՞ր է, որ իր քով աշակերտել փափաքողը փորձառութիւն կամ ձիրք ունենայ, Մուշեղ ըսաւ, որ ամէնէն կարեւորը հետաքրքրութիւն ու եռանդ ունենալն է գծագրութեան հանդէպ: Այնքան ատեն որ աշակերտը տրամադիր է ինքզինք բարելաւելու եւ զարգացնելու, փորձառութիւնն ու ձիրքը ժամանակի ընթացքին կը կազմուին կամ կը զարգանան: Ան դիտել տուաւ, որ ձիրքը միակ ազդակը չէ յաջողութեան, այլ պարզապէս ազդակներէն մէկն է. կարեւորագոյնը` աշխատելու տրամադրութիւն եւ հետաքրքրութիւնն է գործի մը յաջողութեան համար, ըսաւ ան: «Ունիմ տարիքով փոքր աշակերտներ եւ երէցներ: Օրինակ, ունիմ տարիքով յառաջացած աշակերտուհի մը, որ երկար տարիներ դադրեցուցած էր գծելը, իսկ հիմա, որ կը վերամիանայ իր եռանդին, հետաքրքրութեան, շատ լաւ արդիւնք կու տայ կտաւին վրայ: Մեծ գոհունակութիւն կը զգամ, երբ իրենց այս ճանապարհորդութեան մաս կը կազմեմ: Մօտեցումս պարզ է` աշակերտը պիտի գծէ, իսկ ես զինք պիտի ուղղեմ, ճամբան ցոյց պիտի տամ: Ես այս ամէնը կ՛ընեմ, քանի որ շատ կարեւոր է ինծի համար համայնքիս եւ հանրութեան տալ, ինչպէս որ համայնքն ու հանրութիւնս ինծի տուաւ», բացատրեց Մուշեղ Գարավարդանեան:
Մուշեղ Գարավարդանեանին կարելի է հետեւիլ Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի իր էջերէն:


