Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Խե՜ղճ Աշխէն Ալեքսանեան…(*)

Սեպտեմբեր 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Օգոստոսի վերջին շաբաթ օրը` 30-ին, Երեւանի մէջ տարածուեցաւ ՊԵՏԱԿԱՆ վարչամեքենային մէջ դաւաճանական գայթակղութեան մը նորագոյն լուրը: Պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հիւպատոսի աստիճանի պաշտօն վարող «փափկասուն» մը` Աշխէն Ալեքսանեան անունով, ձերբակալուած է Ազրպէյճանի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարած ըլլալու մեղադրանքով (նման «հերոսներու» հաշիւը ո՞վ կը պահէ): Լուրը գաղտնի պահուած է… երկուք ու կէս ամիս: Մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան կնոջ, լրտեսութեան գործողութեան եւ բացուած քննութիւններուն, նաեւ սպասուող պատիժին մասին: Սա ամէն բանէ առաջ նոր ապացոյց մըն է, թէ իշխանական դասը որքա՛ն փտած է, իսկ իշխանապետն ու «ուսապարկերը» անշե՛ղօրէն հաւատարիմ են ամէն բան ժողովուրդէն գաղտնի պահելու «աւանդութեան»:

Մտածեցի. խե՜ղճ Աշխէն Ալեքսանեան: Այդ ի՞նչն էր, որ քեզ մղեր է նման դաւաճանութեան: Արդեօք պարգեւավճարներու ցանկին վրայ չէի՞ր, իսկ եթէ էիր, արդեօք «Ապագայ կայ»-ի խոստումները իրականացած չէի՞ր տեսներ եւ կ’ուզէիր աւելի շո՞ւտ հասնիլ մուրազիդ, Պաքուէն տարածուող քարիւղաբոյր հրապոյրները քե՞զ ալ մագնիսացուած էին, ինչպէս որ կը ներգրաւեն եւրոպացի, ամերիկացի եւ այլ ջոջեր…

Բայց քեզ խեղճ որակելուս պատճառը ասոնք չեն: Խեղճ ես, որովհետեւ դուն ըրեր ես «պզտիկ դաւաճանութիւն» մը եւ ահա կը խայտառակուիս, պիտի դատապարտուիս ու բանտ նետուիս, մինչդեռ անդին` Արցախը նոյն ազերիին նուիրողը, հայրենիքէն պատառիկներ իբրեւ վրադիր յանձնողը, վերջերս ալ Սիւնիքի սահմանային կենսական հողաշերտի մը վրայ գերիշխանութիւնը նօսրացնողը ազատ-համարձակ կը պտտի երկրի լայնքին ու երկայնքին, կը պատրաստուի թշնամիին ջաղացքներուն ջուր բերող նոր քայլերու, կը բացայայտէ դաւաճանական այլ արարքներ` Ցեղասպանութեան իրողական դրժում, ցեղասպան թշնամիներուն արիւնոտ ձեռքերուն «մաքրազտում», բանակի թուլացում, մէկ խօսքով` հազարապատիկ աւելի՛ ծանր յանցանքներ, քան` քու «պզտլի՜կ դաւաճանութիւնդ»: Քեզ ո՛չ թէ պէտք է բանտ տանին, այլ ազատ արձակեն, Ռամիլ Սաֆարովին պէս պատիւներո՜ւ արժանացնեն, որպէսզի իշխանապետին ու դաւադրակիցներուն պէս ազատ-համարձակ շրջիս եւ… օրինակ դառնաս «նոր Հայաստանին» մէջ:

Քու «անմեղութիւնդ» ապացուցելու համար խորհուրդ կու տամ, որ դատաւորիդ ուշադրութեան յանձնես, յիշեալներէն բացի, մէկ քանի այլ նորութիւններ: Հարց տուր, թէ այդ ինչպէ՞ս պատահած է, որ զուիցերիացի Սանտրօ մը իր մոթոսիքլեթով շրջապտոյտի ելեր է դէպի Հայաստանի սահմանային դիրքերը, եւ արդեօք սահմանապահներու հետ գաւաթ պարպելէ անդին` ի՞նչ ըրած է, վաղը արդեօք ի՞նչ «ներդրում» պիտի աւելցնէ վաստակին վրայ եւրոպացի խաղաղապահ դէտերու, որոնք իրենց տեղեկագիրները Պաքու կը փութացնեն: Եթէ դատաւորդ այդ ալ «արհամարհելի բան» որակէ, հարց տուր, թէ ի՞նչ որակում պէտք է տալ Փաքիստանի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման ճամբայ բանալուն, ա՛յն Փաքիստանին, որ Արցախի պատերազմի օրերուն Թուրքիոյ նման զինական եւ այլ օժանդակութիւն հասցուց մեր բանակները ջարդող ազերիներուն, մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անոր սերտ գործակիցը, իսկ մեր նահատակներուն ծնողները հայանուն ոստիկաններու ձեռքով կը քաշկռտուին, բանտ կը նետուին: Սա նաեւ ա՛յն Փաքիստանն է, որ սերտ գործակից է համաթուրանական Թուրքիոյ ու երդուեալ մէկ թշնամին` Հնդկաստանի, որմէ ՔՊ-ական իշխանութիւնները կ՛ուզեն զէնք գնել, բայց գործնական յաջողութիւն չեն արձանագրեր: Եթէ դատաւորդ առարկէ, որ սա դիւանագիտական նուաճում է, յիշեցուր, թէ արդեօք դիւանագիտական ա՞յլ նուաճում էր կապեր հաստատելը Իսրայէլի ոճրածին իշխանութիւններուն հետ, որոնք նմանապէս զէնք ու այլ միջոցներ հասցուցին-կը հասցնեն Ազրպէյճան, պատերազմի մտան մեր հարաւի դրացիին հետ, իսկ հիմա անոր անորակելի վարչապետը նիկոլական ստաբանութիւններու հետ մրցումի ելած` կը խօսի, միայն կը խօսի Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, մինչդեռ անոր եւ նախընթաց իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը եղած է դրժողականութիւն:

Խե՜ղճ Աշխէն, խե՜ղճ «մանր դաւաճաններ»: Պէտք էր իշխանականներուն համազօր պատուհասներ բերէիք, որպէսզի անպարտ ու ազատ մնայիք:

30 օգոստոս 2025

(*) Այս տողերուն մէջ թող ո՛չ ոք տեսնէ դաւաճանական արարքը արդարացնելու միտում:

Նախորդը

Air Bag

Յաջորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Արցախեան Շարժումի Խեղաթիւրման Նոր Փորձարկումներ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?