ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Օգոստոս 18-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմելով ժողովուրդին` հանդէս եկաւ խաղաղութեան վերաբերեալ քանի մը մոլորեցնող եւ պարտուողական յայտարարութիւններով:
Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Փաշինեան կեղծաւորութեամբ յայտարարեց, որ խաղաղութիւն բերած է Հայաստան: Հայերը խորհուրդ կու տան. «Ջուրը չտեսած` մի՛ բոպիկնաք», մինչդեռ ամերիկացիները կ՛ըսեն. «Երբեք ձեր հաւերը մի՛ հաշուէք նախքան անոնց ծնիլը»: Տարբեր ձեւով ըսելով` մի՛ աճապարէք վաղաժամ դատողութիւններ ընելու:
Նկատելով, որ ոչ ոք լրջօրէն կը մօտենայ խաղաղութեան վերաբերող իր պատրանքային պնդումներուն, Փաշինեան վերջապէս նախորդ շաբաթ խոստովանեցաւ, որ խաղաղութիւնը տակաւին շատ հեռու է. «Ես եւ Ազրպէյճանի նախագահը ընդունեցինք անհրաժեշտութիւնը շարունակելու հետագայ գործողութիւնները` հասնելու խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրմանը եւ վերջնական վաւերացմանը»: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատեց նոյն միտքը, երբ Սպիտակ տան հանդիպումէն քիչ անց կրկին պահանջեց, որ Հայաստան փոխէ իր սահմանադրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստորագրել պայմանագիրը:
Օգոստոս 18-ին Փաշինեան ժողովուրդին յղած իր ուղերձին մէջ պաշտպանեց Ազրպէյճանի հիմնական տարածքը Նախիջեւանին կապող առաջարկուող ուղին` յայտարարելով, որ անիկա` «Հիմնուած է պետութիւնների ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման վրայ»: Իրականութեան մէջ ան համաձայն կը գտնուի Հայաստանի տարածքի կենսական նշանակութիւն ունեցող մէկ հատուածի վերահսկողութիւնը յանձնել օտար պետութեան` 99 տարիով, յաւելեալ 99 տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ: Եթէ Փաշինեանին նպատակը Հայաստանի տարածքով ազրպէյճանցիներուն անցնելու կարելիութիւն տալն է, ապա ինչո՞ւ անոնց տրամադրել Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ գտնուող «անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնը», ինչ որ կը նշանակէ` սահմանին չստուգել անոնց անձնագիրներն ու բեռը: Քանի որ համաձայնագիրը իբր թէ «փոխադարձութեան սկզբունքով» է, ապա ինչո՞ւ Հայաստան չի պահանջեր Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ գտնուող նմանատիպ «անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն» Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Ռուսիա:
Հայ հասարակութիւնը հետագայ զիջումներու նախապատրաստելու նպատակով Փաշինեանը յայտարարեց. «Մենք սահմանի հատման պարզեցումների պատրաստակամութիւն ենք յայտնել»: Ասիկա քողարկուած մեղմաբանութիւն է, որ կը նշանակէ` զրկել Հայաստանը ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայկական սահմանը հատելու նկատմամբ որեւէ վերահսկողութենէ: Նախապէս ան յայտարարած էր, որ պատրաստ է «հեշտացնել» անոնց տարանցումը Հայաստանի տարածքով:
Փաշինեան կը փայփայէ պատրանքներ, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` «Կը նախանշեն պայծառ ապագայի ուղի… որը կանխորոշուած չէ անցեալի հակամարտութեամբ», պնդելով, որ` «մեր ժողովուրդների համար վերջապէս ստեղծուել են բարիդրացիական յարաբերութիւններ սկսելու պայմաններ…»: Ան երկու անգամ յայտարարեց, որ` «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է»: Առանց իրական խաղաղութիւն ձեռք բերելու` Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի պաշտպանական պիւտճէն էականօրէն պիտի չաւելնայ, այդ ալ` եթէ աւելնայ, մինչդեռ Ալիեւ, որուն բանակը մինչեւ ատամները արդէն զինուած է, կը ծրագրէ միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ ժամանակակից զէնքեր գնել:
Չափազանց անզգամ մօտեցումով Փաշինեան յորդորեց հայերը` դադրեցնելու 2020-ի պատերազմին իրենց ընտանիքի անդամներուն կորուստը սգալ. «Մեր նահատակներին խնկարկելու եւ սրբացնելու, նրանց յիշատակի հետ յարաբերուելու մեր ձեւն անգամ կաթիլ-կաթիլ, միլլիմեթր առ միլլիմեթր պիտի փոխուի»: Փաստօրէն ան վշտահար մայրերը կը հրաւիրէ մոռնալու իրենց որդիներուն կորուստը: Ուղերձը հետեւեալն է` «Կերէ՛ք, խմեցէ՛ք, քէֆ ըրէք…»:
Փաշինեան անտեսեց 2021-2022 թուականներէն Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի գրաւումը` պնդելով, որ կան նաեւ ազրպէյճանական տարածքներ, որոնք կը գտնուին հայկական վերահսկողութեան տակ` նախքան Ալիեւի կողմէ նման պահանջի ներկայացումը: Ան միամտօրէն յոյս յայտնեց, որ տարածքներու փոխանակման հարցը պիտի լուծուի ապագայ սահմանազատման ատեն:
Փաշինեան նոյնիսկ արդարացուց նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրէն Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջի բացակայութիւնը` պնդելով, որ գերիներու որեւէ յիշատակում պիտի ուշացնէ անոնց ազատ արձակումը: Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է: Փաշինեան ոչինչ ըրած է անոնց ազատ արձակման համար` վախնալով, որ անոնց ազատ արձակումով անոնք կրնային մարտահրաւէր կարդալ իր անկայուն իշխանութեան:
Վերջին սադրանքով Փաշինեան համարձակեցաւ կոչ ուղղել ժողովուրդին` ապստամբելու իր իշխանութեան դէմ, եթէ անոնք դէմ են իր կողմէ Արցախի յանձնման: Հակառակ պարագային` ան պնդեց, որ` «ժողովուրդը համաձայն է ինձ հետ»: Ասիկա կեղծ ենթադրութիւն է, որովհետեւ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը անոր չի զօրակցիր, ինչպէս ցոյց տուած են բազմաթիւ հարցախոյզեր: Ցաւօք, մարդիկ լիովին հիասթափած են եւ չեն ուզեր որեւէ առնչութիւն ունենալ քաղաքական հարցերու հետ:
Փաշինեան նսեմացուց արցախեան պայքարը` սխալելով ու պնդելով, որ` «Որոշ ուժեր պարզապէս զայն օգտագործում էին որպէս գործիք` Հայաստանի անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, պետականութեան կայացումն ու զարգացումը թոյլ չտալու համար»: Այսպիսով, ան փաստօրէն խոստովանեցաւ, որ ինքն ալ ծառայած է որպէս «գործիք» օտար պետութիւններու, երբ 2019-ին յայտարարեց. «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»: Այժմ ան «անիրատեսական» կը նկատէ Արցախի հայերու հնարաւոր վերադարձը իրենց հայրենիք եւ նոյնիսկ կ՛ըսէ, որ այս հարցի բարձրացումը վտանգաւոր է, վնասակար` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն համար, եւ որ` «Երկու պետութիւնների միջեւ դառնալու է լարուածութեան նոր աղբիւր»: Ան բացայայտեց, որ` «Իմ այս պատկերացումը կիսել եմ նաեւ պաշտօնական Պաքուի հետ: Եւ արձանագրում եմ, որ այո՛, դա վտանգաւոր եւ վնասակար թեմա է նորընծայ խաղաղութեան համար»:
Փաշինեանը իր կեղծ յայտարարութիւններու շարքը եզրափակեց հայ ժողովուրդին ուղղուած հետեւեալ պարտուողական ուղերձով. «Քո պարտութիւնն անխուսափելի է, ու դու անխուսափելիօրէն կը պարտուես, որովհետեւ անվերջ յաղթել հնարաւոր չէ»:
Հայաստանի 2020 թուականի աղէտալի պարտութենէն ետք ես կոչ ուղղեցի Փաշինեանին` անյապաղ հրաժարական տալու: Ղեկավար մը, որ պատասխանատու է նման հսկայական աղէտի, զուրկ է իր երկրի կենսական շահերը պաշտպանելու անհրաժեշտ բարոյական հեղինակութենէն եւ ոգիի տոկունութենէն: