ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Չէիք երեւար –
բայց հոն էիք,
միշտ հոն`
աներեւոյթ ներկայութիւն մը,
կեանքիս վարագոյրին ետեւ,
ինչպէս air bag մը անտեսանելի, պահուած,
սակայն միշտ պատրաստ` բացուելու:
Երբ բախեցայ`
դուք բացուեցաք:
Ո՛չ ձայն,
ո՛չ գանգատ,
ո՛չ իսկ ակնարկ մեղադրանքի –
միայն նուրբ ինքնաոչնչացում:
Իմ փրկութիւնը`
ձեր կորուստի գնով:
Խոնարհ յանձնառութիւն,
զոհաբերում,
երբ ամէն բան պիտի կորսուէր մէկ ակնթարթով:
Այլեւս
բան մը չունիմ ըսելիք –
բացի միայն.
Մամա:
Պապա:


