Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Արցախեան Շարժումի Խեղաթիւրման Նոր Փորձարկումներ

September 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 օգոստոսին, Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի 35-ամեակին առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց ուղերձ մը, ուր կրկին փորձեց վերաշարադրել եւ այլաբանական շերտերով խեղաթիւրել արցախեան շարժումի պատմութիւնը: Անոր խօսքը միայն պատմական վերաշարադրում չէր, այլ` յստակ քաղաքական ուղեգիծ, փորձ` մոռացութեան տալու կամ իմաստազուրկ դարձնելու հիմնահարց մը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է հայկական ազգային-պետական օրակարգի առանցքը:

Փաշինեանի նոր ձեւակերպումները ընդվզումի եւ հակազդեցութեան ալիք յառաջացուցին քաղաքական դաշտէն ներս, ինչպէս նաեւ` հասարակութեան տարբեր խաւերուն մէջ, յատկապէս այն պարագային, երբ վարչապետը փորձեց համոզել, որ ղարաբաղեան շարժումը իբր թէ խորհրդային գաղափարաբանութեան արգասիքն էր եւ իր խորքին մէջ չէր ծառայեր Հայաստանի «իրական» անկախութեան: Փաշինեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Խորհրդային Միութիւնը կաթիլ-կաթիլ սերմանած էր հայրենասիրութեան արհեստածին կերպ մը, որ ըստ իր ձեւակերպումին, աւարտեցաւ ղարաբաղեան շարժումով, եւ թէ` այդ շարժումը իրականութեան մէջ թուլացուց Հայաստանի անկախ պետականութիւնը: Նաեւ շեշտեց, որ արցախեան պայքարի շարունակութիւնը կը նշանակէ Հայաստանի անկախութեան վերացում:

Հայրենի քաղաքական եւ փորձագիտական միտքը յստակ մատնանշեց Փաշինեանի ուղերձին հակասութիւնները: Եթէ շարժումը խորհրդային նախագիծ էր, ինչպէ՞ս բացատրել, որ նոյն խորհրդային իշխանութիւնները մերժեցին Ղարաբաղի հայերու բազմաթիւ դիմումները` միանալու այդ օրերու Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ընդդիմութիւնը բնորոշեց Փաշինեանի ելոյթը` որպէս «պատասխանատուութենէն խուսափելու փորձ»: Վարչապետը իրերամերժ բացատրութիւններով կը ձգտի ազատիլ այն բեռէն, որ պարտադրաբար պէտք է կրէ` իբրեւ պետութեան ղեկավար եւ արցախեան վերջին պատերազմի պարտութեան գլխաւոր պատասխանատու: 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ երկընտրանքը պարզ էր` կա՛մ հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներէն, կա՛մ դիմագրաւել պատերազմը: Իսկ այսօր, ողբերգական օրերէն հինգ տարի ետք, ան կը պնդէ, որ «զիջումներու չգնալը» միակ ձեւն էր անկախութիւնը պահելու համար, առանց բացատրելու, թէ որո՛նք էին այն զիջումները, որոնց մասին կ՛ակնարկէ: Միւս կողմէ, ժողովուրդի յիշողութիւնը ձեռնավարելով, կը յայտնէ, թէ հասած է «աներեր համոզման, որ մենք պէտք չէ շարունակենք ղարաբաղեան շարժումը, քանզի դա նշանակում է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերացում»: Այս հակասութիւնները ոչ միայն ցոյց կու տան վարչապետի` իշխանութեան գլուխը գալէն ետք դրսեւորած պետական ղեկավարի մը համար քաղաքական վտանգաւոր անկայունութիւնը, այլ նաեւ անգամ մը եւս բացայայտ կը դարձնեն իշխանաւոր խումբի` պետութիւնը կառավարելու անկարողութիւնը: Աւելի՛ն. վերջին հինգ տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդին պատուհասած ողբերգութեան համար պատասխանատուութեան իր բաժինը ստանձնելու վարչապետի շարունակական մերժումը պէտք է համարել նոյնինքն խորհրդային գաղափարախօսութեան ժառանգութիւն, որուն ազդեցութենէն չէ կարողացած ձերբազատիլ այսօրուան իշխանական խաւը:

Խորհրդային օրերու պատմաշինութեան ուղղութիւններուն հետեւելով, Փաշինեան կը փորձէ պատմութիւնը վերաշարադրել ի շահ իր քաղաքական օրակարգին` անտեսելով պատմական իրողութիւնները:

Այսօր, երբ Արցախի բովանդակ հայ բնակչութիւնը բռնի կերպով տեղահանուած է,  եւ զոհուած հազարաւոր հայ երիտասարդներու հոգիները կը փնտռեն կորսուած արդարութիւնը, վարչապետին փորձերը` շարժումը ներկայացնելու որպէս «խորհրդային ձեւակերպման» հետեւանք, ջուր կը լեցնեն Պաքուի եւ Անգարայի ջաղացքին: Անոնց ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը կը պարտադրուի Հայաստանի վրայ` սուղ գին վճարած ըլլալով Արցախի հայաթափումով, ռազմաքաղաքական գերիներու ողբերգութեամբ, Սիւնիքի միջանցքի զիջումներով, սահմանադրական փոփոխութիւններու ամէն տեսակի արտաքին պարտադրանքներով, որոնք նաեւ կը համընկնին ներկայ իշխանութեան քաղաքական օրակարգին հետ:

Վարչապետը իր ձախող ելոյթով կը փորձէ ստեղծել նոր «պատմական ճշմարտութիւն» մը, ուր Արցախի հիմնահարցը եւ անոր պատմական իրաւացիութիւնը տեղ չունին հայ ժողովուրդի ազգային կտակին մէջ:

Այլեւս նոր մարտահրաւէր մը կը դրուի հայ քաղաքական միտքին առջեւ, որուն պարտականութիւնն է տեւաբար իր պատուանդանին վրայ պահել այն արդար իրողութիւնը, թէ արցախեան շարժումը ոչ մէկ ատեն ծնունդ առաւ որպէս խորհրդային ձեռնարկ, այլ իբրեւ ժողովուրդի ճշմարիտ ձգտում` ազատ ու անկաշկանդ ապրելու համար սեփական հողին վրայ: Պատմական անառարկելի շարժումի արմատները խորապէս ազգային էին. ան ոչ միայն կերտեց Հայաստանի անկախութեան հիմքերը, այլ նաեւ հայ ժողովուրդին մէջ արմատաւորեց ինքնութեան նոր վստահութիւն մը:

Արցախեան շարժումը հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ կը մնայ որպէս հայոց նորագոյն պատմութեան անկիւնադարձային էջերէն մէկը: Քաղաքական աշխարհի եւ մտաւորականութեան պարտականութիւնը կը դառնայ մշտապէս պաշտպանել ճշմարտութիւնն ու հայոց անվիճելի իրաւունքները, որպէսզի ոչ մէկ գնայուն ձախող իշխանութիւն կարենայ զանոնք խեղաթիւրել:

Նախորդը

Նշմար. Խե՜ղճ Աշխէն Ալեքսանեան…(*)

Յաջորդը

Երկու Ոճրագործ, Մէկ Խաղ-Հայոց Ցեղասպանութեան Շահագործում

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.