ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այսպէս էր Յասմիկը, բեմն ու բնութիւնը շատ տարբեր չէին իրեն համար: Սանձազերծելով ամէն տեսակի թապուներն ու հոգեմտաւոր աւանդական կաշկանդումները, ինքնիր մարդկային իսկութիւնը կը բացայայտէր բնութեան մէջ տարերայնօրէն բուսած վայրի ծաղիկի մը նման: Իսկ ան բեմին վրայ կը մարմնաւորէր կեանքէ փրցուած տարբեր եւ իւրայատուկ կերպարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, թէեւ իրողապէս ինքը չէր, սակայն էապէս իրմէ ծնած կը թուէր ըլլալ: Պատկերացուցէք, որ 1983-ին Յասմիկը «Ես մարդ եմ» ներկայացման մէջ բացառիկ յաջողութեամբ մարմնաւորեց ինը կնոջական տարբեր կերպարներ եւ արժանացաւ համապատասխան պետական շքանշանի: Այսպէս էր Յասմիկը եւ այսպէս է նաեւ այսօր:
Երեւան, 1980, Աշուն
Երբ կը պատրաստուէի Յասմիկին հետ դուրս ելլելու, յանկարծ ան ներս մտաւ եւ յայտարարեց.
– Մովսէս, չենք կարող թատրոն գնալ:
– Ինչո՞ւ…
– Տես` Շաքէն (Թուխմանեան) եւ Ժանոն (Նշանեան) մի քանի օրից Լոս են մեկնում:
– Լսել եմ… դու գիտես, որ ես դէմ եմ, որ նրանց նման տաղանդները հայրենիքը լքեն, Աստուած հետերնին, ի՞նչ անենք:
– Հասկանում եմ, հարցը դա չի: Պէտք է գնանք ցտեսութիւն ասենք, Շաքէն է հրաւիրել:
– Բայց ես այդքան մօտիկութիւն չունեմ նրանց հետ:
– Ե՛ս ունեմ, լաւ կը լինի որ դու էլ գաս:
– Լա՛ւ, կը գամ, սակայն ողջերթի յուզիչ բաժակաճառեր կան, այլ բաժանման արտայայտութիւններ չեմ ուզում:
– Ի՞նչ ես խօսում, լաւ ժամանակ կ՛անցկացնենք, այսօր մենակ ջահելներ են հաւաքուելու:

Գացինք, երիտասարդ դերասան-դերասանուհիներու խումբ կար հոն, եւ իսկապէս շատ լաւ ժամանակ անցուցինք: Եւ որովհետեւ գրեթէ նոր վերադարձած էի Միացեալ Նահանգներէն, բազմաթիւ ու բազմատեսակ հարցերումներ կ՛ուղղէին ինծի: Ժանոն խանդավառ էր, իսկ Շաքէն քիչ մը մտահոգ կը թուէր ըլլալ: Ուշ ատեն, երբ քիչեր միայն մնացին եւ մտերմական զրոյց սկսաւ մեր մէջ, ես Շաքէին հարց տուի.
– Ո՞ւր էք գնում Շաքէ, յատկապէս դուն (Ժանոն նոր սկսած էր իր թատերական ասպարէզը), որ «Տէզտէմոնա»-ի, «Կէկել»-ի եւ «Իֆիգէնեա»-ի նման դերեր են վստահում քեզ, ի՞նչ ես անելու Լոսում: Ես նոր եմ եկել այնտեղից եւ գիտեմ գաղութի չափանիշներն ու մակարդակը…
– Դրա համար էլ գնում ենք, մեր ընկերներից Յարութը (Ֆուտուլեան) արդէն այնտեղ է եւ որոշ նախապատրաստական աշխատանքներ տարել է, յետոյ` ի՞նչ կայ որ, եթէ չհաւանենք ետ կը գանք:
Երբ դուրս ելանք փողոց, հարց տուի Յասմիկին.
– Եթէ դու լինէիր Շաքէի տեղ ի՞նչ կ՛անէիր:
– Ի հարկէ չէի գնայ: Ո՞նց թողնեմ հայրենիքս ու մեկնեմ օտարութեան մէջ:
Ուրիշ պատասխան չէի սպասեր Յասմիկէն: Չէի սպասեր, որովհետեւ գիտէի, թէ ան արժանաւոր դուստրն է վաստակաշատ թատերագէտ եւ արուեստաբան Վարսիկ Գրիգորեանի եւ Պարսկաստանէն ներգաղթած հայրենի լաւագոյն դերասաններէն Զարեհ Տէր Կարապետեանի, որ «Մերժուածներու եօթնեակի» հաւատարիմ անդամներէն էր: Այլախոհ հայրենասէրներու խմբակ մըն էին անոնք, որոնք իրենք զիրենք իշխանութեան կողմէ «մերժուածներ» կը համարէին, որովհետեւ ոչ միայն հսկողութեան տակ էին, այլ նաեւ` կը հալածուէին թէ՛ ուղղակի, եւ թէ մանաւա՛նդ … անուղղակիօրէն: Զարեհ Տէր Կարապետեանէն աւելի մօտիկ յարաբերութեան մէջ էի գրականագէտ, գեղագէտ եւ դերասան Լեւոն Ներսիսեանի եւ գեղանկարիչ Արտաշէս Յունանեանի հետ, որոնց «Բագին» կը տրամադրէի, եւ որոնք իրենց հերթին կը փոխանցէին զայն խմբակի միւս անդամներուն (ֆիլմարուեստի գործիչ Եուրա Էլոյեանին, մարքսականութեան դասախօս Էտմոնտ Աւետեանին, գրող եւ գրականագէտ Լիպարիտ Գրիգորեանին, շարժապատկերի բեմադրիչ Յարութիւն Ճանիկեանի եւ ուրիշներու): Յասմիկը դաստիարակուած էր նմանօրինակ մթնոլորտի մէջ եւ հօրը շունչին տակ, հետեւաբար ուրիշ ձեւով չէր կրնար մտածել: Հետագային, երբ ան ամուսնացաւ աւստրալահայ կանացի հագուստներու ոճաբան` Քէն Չէյթըրի հետ, ան ոչ միայն մնայուն բնակութիւն հաստատեց Երեւան, այլ նաեւ ամուսինն ու ընտանիքը եւս կապեց հայրենիքին:
Այսպէս էր Յասմիկը եւ այսպէս ալ մնաց…
Իսկ ինչ կը վերաբերի Շաքէին եւ Ժանոյին Միացեալ Նահանգներ մեկնելուն, իմ մտահոգութիւններս ու վերապահութիւններս բարեբախտաբար անհիմն դուրս եկան: Հոն հասնելէն քանի մը տարի ետք անոնք հիմնեցին «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատերախումբը` գլխաւորութեամբ Ժան Փիեռ Նշանեանի եւ մասնակցութեամբ Շաքէի նման հայրենիքէն մեկնած այլ մասնագիտական կրթութիւն տէր եւ արդէն իսկ կայացած դերասան-դերասանուհիներու (ինչպէս` Ալիս Գափլանջեան, Ալիք Խաչատրեան…): Իսկ «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատերախումբը ոչ միայն թատերական մթնոլորտը բարելաւեց եւ խանդավառութիւն ստեղծեց, այլ նաեւ նոր որակ եւ չափանիշ ներմուծեց գաղութին մէջ: Իսկ երբ հայրենիքի մէջ կազմակերպուեցան Սփիւռքահայ թատերախումբերու մրցոյթ-հիւրախաղեր, հակառակ անոր որ մրցոյթին կը մասնակցէին Ժիրայր Փափազեանի եւ Նորա Արմանիի նման բացառիկ տաղանդներ, բայց եւ այնպէս առաջին մրցանակը շնորհուեցաւ «Վարդան Աճէմեան»-ի թատերախումբին:
Այո՛, ես սխալած էի: Եւ լաւ է, որ սխալած էի, որովհետեւ Ժանն ու Շաքէն Հայաստանի անկախացումէն ետք ոչ միայն վերադարձան հայրենիք, այլ նաեւ իրենց արժանաւոր ուստրին` Արման Նշանեանի հետ միասին մեծապէս կը շարունակեն նպաստել հայրենի թատերական կեանքի աշխուժացման ու վերելքին:
Երեւան, Աջափնեակ, 2012, Ամառ
Ընկերներով (Վազգէն Մանուկեան, Հենրիկ Էդոյեան, Լեւոն Չուքասզեան եւ ուրիշներ… ) կանգնած էինք թիւ 153 դպրոցին դիմաց, որ քիչ անց պաշտօնապէս պիտի մկրտուէր վաստակաշատ լեզուաբան եւ հմուտ գրականագէտ դոկտ. փրոֆ. Ռաֆայել Իշխանեանի անունով: Դպրոցը կառուցուած էր Աջափնեակ թաղամասի ծայրագոյն դարաւանդի լանջին: Յանկարծ տեսայ, որ երկու աղջիկներ` ձեռք-ձեռքի բռնած, վերէն վազելով կ՛իջնէին դէպի մեր կողմը: Երբ նշմարեցի, որ Յասմիկն ու մեր համատեղ ընկերուհին` Նարինէն էին, դուրս ելայ խումբէն, թեւերս բացի ու գրկաբաց ընդունեցի զանոնք… Որովհետեւ ընկերներս կը ճանչնային զիրենք, լսեցի, որ Լեւոնը կ՛ըսէր. «Տեսէք, ի՞նչ բախտաւոր մարդ է Մովսէսը», ու հասկցայ, որ շատ բան պէտք չէ տղամարդ մը երջանկացնելու համար:
Իմ մշակութասէր ընթերցո՛ղ,
Շատ չանցած ներս հրաւիրեցին մեզ: Սրահը բաւականին մեծ ըլլալով հանդերձ, ծայրէ ծայր լեցուն էր: Որովհետեւ ելոյթ պիտի ունենար Յասմիկը, մեր ընկերուհին եւ զիս ալ իրեն հետ առաջնորդեցին առաջին շարքերը: Նկատի առած իմ քրտնելու խառնուածքը, ես նախընտրեցի ետեւը դրան մօտ մնալ, դիւրութեամբ դուրս ելլելու համար: Սակայն երբ նստած կը մտածէի, թէ ինչպէ՛ս հանդիպիմ Իշխանեանի կողակիցին` տիկին Բիւրակն Չերազին, որպէսզի կարողանամ զսպել յուզումս, յանկարծ իրենց արժանաւոր դուստրը` Վարդուհին (Վազգէն Մանուկեանի կողակիցը) մօտեցաւ ինծի եւ առաջարկեց, որ ես ալ ելոյթ ունենամ` իբրեւ Իշխանեանի ուսանողը եւ վկայութիւնս տամ իր մասին: Չէի կրնար մերժել…: Հարկադրաբար հետեւեցայ Վարդուհիին կողմէ ներկայացած օրիորդին, որ տարաւ եւ տեղաւորեց զիս Յասմիկին եւ Նարինէին կողքին:
Յայտագիրը բաւականին երկար էր ու ձգձգուած: Օդը տաք էր եւ ոչ բարենպաստ: Վերջաւորութեան, երբ ժողովուրդը յոգնած եւ ձանձրացած կը թուէր ըլլալ, յանկարծ բեմէն լսուեցաւ Յասմիկի անունը, ան նստած տեղէն բարձրաձայն պատասխանեց.
– Չե՜մ գալիս…
Հրմշտկոցի շարժումներ եւ դժգոհութեան ձայներ լսուեցան սրահէն ներս: Մինչ հաղորդավարը շուարած կրկին բեմ կը հրաւիրէր Յասմիկը, Նարինէն եւ ես միասնաբար ըսինք.
– Դուք սուս կացէք, ես գիտեմ ի՞նչ եմ անում:
Ու նորէն, այս անգամ աւելի բարձր եւ շեշտուած առոգանութեամբ ուղղակի գոռաց.
-Չե՜մ գալի՜ս… չե՜՜՜մ գալու:
Բայց ի զարմանս բոլորիս, ան «Չե՜մ գալի՜՜՜ս» ըսելով հանդերձ, ոտքի ելլելով յառաջացաւ դէպի բեմ… Ներկաներէն շատեր եւս ոտքի ելան եւ բուռն ծափողջոյններու ներքոյ դիմաւորեցին զինք, որ, իր կարգին, անգամ մը եւս «Չե՜մ գալի՜՜՜ս» գոռալէ ետք, շարունակեց իր տարօրինակ ու զարմանահրաշ ելոյթը: Ժողովուրդը, որ արթնցած էր իր թմբիրէն ու զգաստացած, հասկցաւ, որ Յասմիկը ոչ թէ բեմ բարձրանալ կը մերժէր, այլ այդ ձեւով կը սկսէր իր ասմունքը, որ հիմնուած էր Ռ. Իշխանեանի մէկ յուշագրութեան դիպաշարի վրայ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս իր մայրը երեխայ ժամանակ փորձած է ստիպողաբար զինք ռուսական դպրոց տանիլ, եւ ինք բուռն կերպով ընդդիմացած է գոռալով` «Չե՜մ գալի՜ս»… Յասմիկի բուռն եւ շռնդալից ելոյթէն ետք, ես յուզուած վիճակի մէջ, չէի կրնար վկայութիւն տալ իմ սիրելի դասախօսիս մասին, եւ միւս կողմէ ալ իմաստ չունէր, որովհետեւ Յասմիկը իր անմիջական ու կրքոտ ելոյթով դահլիճի խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուցած էր, եւ ատոր վրայ բան մը աւելցնելը այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլար: Երբ տակաւին ծափերը կը շարունակուէին, հաղորդավարը մօտեցաւ մեզի ու հասկցուց, որ հերթը իմս է, իսկ ես կրցայ հասկցնել անոր, թէ ինչո՞ւ չեմ կրնար ելոյթ ունենալ, ան ըմբռնեց կացութիւնս ու չառարկեց:

Նարինէն` անակնկալի եկած, առաջին անգամն էր զիս այդ վիճակի մէջ կը տեսնէր, գրկեց ու սկսաւ մխիթարել… : Երբեք պիտի չուզէի, որ ան «թուլութիւնս» տեսնէր, նախ` անոր համար, որ ան զիս եւ ընկերներս` Մարտիկն ու Պօղոսը կը ճանչնար իբրեւ յանդուգն ու մարտական ոգիով տոգորուած երիտասարդներ, եւ երկրորդ` ես զինք փոքր տարիքէն կը ճանչնայի եւ մեր յարաբերութիւնները աւելի հարազատի եւ մտերմական բնոյթ ունէին, քան` ընկերական:
Իսկ մինչ այդ Յասմիկը վերադարձաւ եւ` տեսնելով իմ նկարագիրին էապէս անյարիր վիճակս, Նարինէի ներկայութեան յանդիմանեց զիս.
– Մովսէ՛ս, ամօ՜թ է ամօթ, յաճախ այսպիսի տղամարդու ոչ վայել բաներ ես անում, ի՞նչ է, եղերամայրերի նման արցունք ես թափում, բոլորս էլ մահկանացու ենք… դու քեզ հաւաքի…
Իմ զգայուն եւ նրբանկատ ընթերցող,
Յուսամ ճիշդ կը հասկնաս զիս: Իմ յուզուելու բնաւորութիւնս ցեղային արմատներ ունի, մինչեւ հիմա տիկինս` Էլոն, յաճախ Յասմիկին նման «կը յանդիմանէ» զիս, սակայն ես, իրաւունք տալով հանդերձ իրենց, չեմ կրնար ինքզինքս զսպել նման պարագաներու: Հայրս այդպէս էր: Ան նոյնիսկ երբ Կոմիտասէն «Կռունկ»-ի, «Դլէ Եաման»-ի կամ «Ծիրանի Ծար»-ի նման եղանակ մը լսէր, երեխայի նման կը հեկեկար: Ու երբ իրեն կ՛ըսէի` «Ի՞նչ կ՛ընես հայրիկ», կը պատասխանէր. «Յուզումը իմ ձեռքս չէ»…: Այո՛, սիրելի ընթերցող, իմ պարագայիս ալ` «Յուզումը իմ ձեռքս չէ»…
Այսպէս էր Յասմիկը եւ այդպէս մնաց մինչեւ վերջ: Յանդուգն, անմիջական, իրաւ ու կենսախինդ խառնուածքի տէր զօրաւոր անհատականութիւն մը:
Տիկինս` Էլոն, Յասմիկն ու Նարինէն լաւ ընկերուհիներ, ես կրնայի ըսել նոյնի՛սկ մտերիմներ են այսօր: Նախ անցեալ տարի Երեւանի մէջ, մարտի ութի առիթով երեքը միասին հրաւիրեցի ճաշարան, որ լեցուն էր: Ներկաներէն շատեր կը ճանչնային Յասմիկը, եւ ոմանք տեղաւորուելէ առաջ հեռուէն կը բարեւէին զինք: Ան իր զրոյցին ընթացքին, կարծես թէ բեմին վրայ ըլլար ու բարձրաձայն ինչ որ կերպար կը մարմնաւորէր: Ի վերջոյ ծափերով ողջունեցին զինք:
Այսպէս էր Յասմիկը եւ այսպէս է մինչեւ հիմա:
Իմ թատերասէր, ընկերասէր եւ հետաքրքրասէր ընթերցո՛ղ,
Վերջաւորութեան, շատ հակիրճ կերպով բացատրեմ, թէ ո՞վ էր այս արտակեդրոն, բայց ազնուասիրտ ու հոգատարութեամբ բաբախուն դերասանուհին, որ իր հերթին հետք ձգած է կեանքիս մէջ:
«Սերեալներու» մէջ որեւէ տեսակի դեր վերցնելը իր վարկին անյարիր համարող այս դերասանուհիին` Յասմիկ Տէր Կարապետեանի բեմական տաղանդը փայլուն կերպով ի յայտ եկաւ, յատկապէս` մենաթատրոններու պարագային, ուր դրսեւորեց հայ առաջին կին դերասաններու` Մարի Նուարդի, Սիրանուշի եւ Արուսեակ Փափազեանի տիպարները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր խառնուածքի ու զօրաւոր անհատականութեան տէր, սակայն, տանջահար ու դժբախտ կեանք անցուցած կիներ եղած են, որոնց կերպարները հարազատօրէն մարմնաւորելը ոչ միայն համապատասխան տաղանդ, այլ նաեւ ամբողջական նուիրում ու տքնաջան աշխատանք կ՛ենթադրէ…
Ան ծնած է Երեւան: Աւարտելէ ետք Երեւանի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկը, 1975-ին իր ստեղծագործական կեանքը կը սկսի ամուր քայլերով Երեւանի դրամատիկական թատրոնէն ներս: Այնուհետեւ կը ստեղծագործէ թատերական տարբեր կեդրոններու մէջ, ինչպէս` «Պատանի հանդիսատեսի թատրոն», «13-ի թատրոն», «Էտկար Էլբակեանի անուան թատրոն» եւ այլն: Ան մեծ վաստակ ունի նաեւ ֆիլմարուեստի ասպարէզէն ներս, ուր իրեն կը վստահուին կարեւոր դերեր, ինչպէս` Վիգէն Չլտրեանի բեմադրութեամբ «Ձայն բարբառոյ» ժապաւէնի շրջիկ թատերական դերասանուհիի դերը, եւ Զարուհի Սարգսեանի «Արտիստը» կամ Վրէժ Պետրոսեանի «Մարիա Յակոբսընի օրագիրը» ժապաւէններու գլխաւոր դերերը եւ այլն: Այս վաստակաւոր եւ տաղանդաշատ դերասանուհին տարիներէ ի վեր կը տանի նաեւ մանկավարժական բեղմնաւոր գործունէութիւն, որուն զուգահեռ սակայն առաւել աչքի կը զարնեն իր իւրայատուկ մենակատարումները, որոնք կը բազմապատկեն իր հռչակն ու վաստակը հայրենի թատերական կեանքէն ներս: Հեղինակ է շարք մը գիրքերու, ինչպէս. «Նամակ հայրիկիս, հասցէն` դրախտ»: Ան համահեղինակ է նաեւ իր մօրը` Վարսիկ Գրիգորեանի հետ «Հայ առաջին դերասանուհիները» յատկանշական հատորին, որ միաժամանակ իբրեւ ներշնչման աղբիւր կը ծառայէր իրեն…
Վաստակաշատ դերասանուհիին` Յասմիկ Տէր Կարապետեանի ծննդեան 70-ամեակի առիթով արձանագրուած այս յուշերը, թէ՛ խիստ բնորոշ են իր խառնուածքին, եւ թէ ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն նաեւ անոր խաղարկութեան ոճը, ուր անթեղուած կը մնան իր յաջողութեան բանալիները…
Մոնրէալ, մայիս 2025
(Շար. 2 եւ վերջ)