Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 4, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Եագուպիահայերու Եւ Ուխտաւորներու Հոծ Ներկայութեամբ Եագուպիէի Ս. Աննա Ուխտատեղի–Մատրան Վերօծումը Կատարուեցաւ

14 տարիներու սպասումէ ետք, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, կիրակի, 31 օգոստոս 2025-ին  ուխտագնացութիւն կազմակերպուեցաւ դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռը, ուր հանդիսաւորապէս մատրան վերօծումը կատարուեցաւ:

Ս. Աննայի բերկրալի տօնին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց եւ մատրան վերօծումը կատարեց:

Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ տէր Լուէյ Պշարաթ եւ տէր Ղուկաս Մեսրոպ, ինչպէս նաեւ` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան, Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան, Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Լիբանանէն ժամանած Թրիփոլիի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան, որոնք սրբազան հօր հետ թափօրով եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին ու տարազաւոր սկաուտներու, ինչպէս նաեւ լատին համայնքի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աննա մատուռը, ուր ծաղկեփունջով դիմաւորուեցան:

Արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած մեծաթիւ եագուպիահայեր եւ ուխտաւորներ:

Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամին բնաբանն էր «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի: Տիրոջ համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս եւ իմ ամրոցս է իմ Աստուածս, որուն կը յուսամ» (Սղ. 91.1):

Սրբազան հայրը յայտնեց, որ այս օրհնեալ օրը համախմբուած ենք մեզ սիրող Հայր Աստուծոյ ներկայութեամբ: Եկած ենք սիրով, գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ լեցուն սրտերով, նաեւ` շրջապատուած զանազան մարտահրաւէրներով, յիշելով բացարձակ ճշմարտութիւնը` Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ, անոր հաւատարմութիւնը իր տուած խոստումներուն նկատմամբ եւ մեր յոյսը` յաւիտենական կեանքը ժառանգելու»:

Սրբազան հայրը մատնանշեց քանի մը կէտեր.

Ա) Աստուծոյ սէրը անփոփոխ եւ յաւիտեան է: Այլ խօսքով, Աստուծոյ սէրը ամէն ինչի հիմքն է, եւ արարչագործութենէն ի վեր անոր սէրը անփոփոխ եւ անսասան է:

Բ) Վստահիլ Աստուծոյ տուած խոստումներուն: Աստուած ո՛չ միայն սիրող հայր է, այլ նաեւ կը կատարէ իր տուած խոստումները:

Գ) Հաւատք ունենալ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ, որ կենդանի յոյսին բանալին է: Այլ խօսքով, հաւատքը դէպի Աստուծոյ խոստումները առաջնորդող դրան բանալին է, նաեւ վստահութիւնն է Աստուծոյ խօսքին ճշմարտացիութեան նկատմամբ:

Դ) Յաւիտենական կեանքի յոյսը մեր վերջնական նպատակն է: Այլ խօսքով, Աստուծոյ հետ յաւիտենապէս ապրելու խոստումն է, այնպիսի կեանք մը, ուր չկայ վիշտ, ցաւ կամ մահ:

Սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իր նախախնամութեամբ 14 տարիներ ետք առիթ ընծայեց հարիւրաւոր ուխտաւորներով համախմբուելու եւ կատարելու վերօծումը Ս. Աննա մատրան, որ յետ 6 փետրուար 2023-ի երկրաշարժին, վերանորոգուեցաւ Ֆրանսիսքան վանականներուն կողմէ` որպէս արտայայտութիւն Լատին եւ Հայ եկեղեցիներու եղբայրութեան:

Սրբազան հայրը իր աղօթքին մէջ յիշեց Լատին եկեղեցւոյ առաջնորդ Հաննա Ճալլուֆը: Ան Ս. Խաչի յուշանուէրով գնահատեց Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Լուէյ Պշարաթը` մատրան վերանորոգութեան համար իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Սրբազան հայրը հայցեց հրաշագործ Ս. Աննային բարեխօսութիւնը:

Պատարագէն ետք սրբազան հայրը եւ լատին համայնքի հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթը մատրան վերանորոգութեան եւ վերօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին:

Ապա մատրան շրջափակէն ներս սրբազան հայրը աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց: ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկայ բազմութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ

 Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Դպրոցի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը

14 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ դպրոցի շէնքի հիմնարկէքի սրբազան արարողութիւնը, որուն յաջորդեց ընթրիք-ընդունելութիւն:

Կրթական նոր նախագիծի պատասխանատու իրաւաբան Ալեքսանտր Մկթարեան խօսք առնելով` յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս եղած է եկեղեցւոյ այս ծրագրի մեկնարկը` իր երկու տարեկան դուստր Անիի ողբերգական կորուստէն ետք:

Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հովիւ Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անվերապահ նուիրումով աշխատեցան սոյն ձեռնարկը կեանքի կոչելու համար:

Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նոր շինարարական ծրագիրը կը գործադրուի «Թաճիրեան» համալիրի կեդրոնին մէջ, որ կը ներառէ դահլիճը` նուիրուած Սեդա Թաճիրեանի յիշատակին: Նոր դպրոցի եւ մանկապարտէզի սրահը պիտի կոչուի Յովսէփ եւ Յասմիկ Նագգաշեաններու անունով:

«Ասպարէզ» Թերթի Հիմնադրութեան 117-Ամեակի Նշում

21 օգոստոսին «Ֆընիշիա» ճաշասրահին մէջ նշուեցաւ «Ասպարէզ» թերթի 117-ամեակը:

Թերթի խմբագիր Արա Խաչատուրեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացած եւ իրենց նուիրումով ու նուիրատուութիւններով աջակցած են, որպէսզի «Ասպարէզ»-ը կարողանայ շարունակել իր առաքելութիւնը: Ան ընդգծեց, որ նման հնարաւորութիւն ստեղծելու համար հարկաւոր էր կամք եւ յամառութիւն, որ հաւաքական ջանքերու, նուիրումի եւ գաղափարի արդիւնք էր: 1908 թուականին Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ հիմնադրուած թերթը տարիներ վերջ դարձաւ եւ այսօր ալ կը մնայ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթը: Խաչատուրեան ըսաւ, որ ձեռնարկի կարգախօսն է «Դէպի 120», որովհետեւ երեք տարի ետք «Ասպարէզ»-ը պիտի նշէ իր 120-ամեակը, եւ այդ կարեւոր հանգրուանին որոշած ենք պատրաստուիլ այսօրուանէ: Ան յորդորեց բոլորը` դառնալ «Ասպարէզ»-ի առաքելութեան դեսպաններ:

Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ «Ասպարէզ»-ը նաեւ իւրատեսակ արխիւ է, որ կը ներկայացնէ ամերիկահայ համայնքի եւ հայրենիքի 117 տարիներու պատմութիւնը` լի ձեռքբերումներով ու մարտահրաւէրներով: Անհամար էջեր, որոնք կը նպաստեն ու կը ներկայացնեն հայրենիքէն հեռու ինքնութիւնը պահպանելու, արդարութեան համար պայքարելու վճռակամութիւն ունեցող ժողովուրդի պատմութիւնը, նաեւ` ըլլալով  պայքարի առաջագծին: Ազգային, ժողովրդական երգերով ելոյթ ունեցաւ  ժողովրդական երգչուհի Գոհար Յովհաննիսեանը:

Քանատա

 Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Պետական Ներկայացուցիչներու

16 օգոստոսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը պետական ներկայացուցիչներու` ներկայութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխրտմեանի, եկեղեցւոյ հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի, նաեւ Հայ դատի եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու:

Պետական ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը բաղկացած էր հետեւեալ անդամներէ. Քանատայի խորհրդարանի անդամներ` Ժան Հիպ, Վինսընթ Հօ, Քոսթաս Մեկենաքիս, Օնթարիօ նահանգի համայնքային, մանուկներու եւ ընկերային ծառայութեանց նախարար Մայքըլ Պարսա, Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամներ Արիս Պապիկեան, Տէյվիտ Սմիթ, Ճոնաթան Ցաու, Ռոպ Քերճանեք, Թորոնթոյի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ Շէլլի Քարոլ, Նիք Մանթաս, Պրետ Պրետֆորտ եւ Մայքըլ Թոմփսըն:

Ատրպատական

 Աշխարհի Խաղաղութեան Նուիրուած Ս. Պատարագով Եւ Գերազանց Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ Սուրբ Թադէի Վանքի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւնը

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, 31 յուլիսէն 2 օգոստոս տեղի ունեցաւ եռօրեայ ուխտագնացութիւն դէպի  Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը` մասնակցութեամբ Ատրպատականի տարբեր շրջաններէն` Թաւրիզէն, Ուրմիայէն, Գեարդաբադէն, Ռահուայէն, Սալմաստէն, Բեդելբոյէն, նաեւ Իրանի տարբեր քաղաքներէն` Թեհրանէն, Սպահանէն, Ահուազէն, Արաքէն, Անզալիէն եւ այլ շրջաններէն, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն եւ արտասահմանէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներու:

1 օգոստոսին Սուրբ Թադէի վանք ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթքը: Սրբազանը ողջունեց ներկայ ուխտաւորները` իր ուրախութիւնը եւ բարձր գնահատանքը յայտնելով անոնց ունեցած խոր հաւատքին համար: Ան ըսաւ, որ այս տարի ուխտագնացութիւնը աղօթքի զօրութեամբ ձօնած են աշխարհի խաղաղութեան եւ մարդկութեան միջեւ սիրոյ ու համերաշխութեան: Սրբազանը բարձր գնահատեց Թեմական խորհուրդի ու վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Նոյն օրը երեկոյեան կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը` մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ ուխտաւոր ժողովուրդին:

2 օգոստոսին առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ Չալդրանի կուսակալ Մոհամետ Ռեզայի հետ` ներկայութեամբ Թեմական խորհուրդի կազմին, Ատրպատականի պետական պատասխանատուներուն, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ ապահովական կառոյցներու գնդապետներուն եւ Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան հիմնարկի պատասխանատու գործարար Ալեն Գրիգորեանին: Առաջնորդ սրբազանը եռօրեայ ուխտագնացութեան առիթով Արեւմտեան Ատրպատականի պետական կառոյցներուն եւ յատկապէս նահանգապետութեան ու Չալդրանի կուսակալութեան անմիջական օժանդակութեան համար անձնապէս եւ թեմական իշխանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց:

Իրաք

Ուխտաւորներու Հոծ Բազմութիւն` Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով Պաղտատի Սուրբ Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցին ընդունեց տարբեր դաւանանքներու եւ յարանուանութիւններու պատկանող հարիւրաւոր հաւատացեալներ: Հայ ուխտաւորներու կողքին, եկեղեցի այցելեցին քրիստոնեայ այլ համայնքներու հաւատացեալներ եւ իսլամ ուխտաւորներ:

16 օգոստոսին Շողակաթ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով  ժամերգութիւն կատարուԵցաւ  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ հոգեւորականաց դասուն, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն Եկեղեցապաշտպան մարմինի անդամներուն եւ հաւատացեալներու:

Ֆրանսա

Վերլուծաբան–Պատմաբան Ժեռար Շալեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

20 օգոստոսին իր մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ վերլուծաբան-պատմաբան Ժեռար Շալեան: Ան ծնած է Պրիւքսել, 15 փետրուար 1934-ին եւ 1975-ին իր աւարտաճառը ներկայացուցած է Սորպոնի համալսարանին մէջ: Երրորդ աշխարհի երկիրներու յեղափոխական շարժումներու մասնագէտ` ան նախապէս պայքարած է Ալճերիոյ անկախութեան համար եւ յատկապէս կիզակէտ ունէր Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանը:

Դասաւանդած է Հարվըրտի, Եու.Սի.էԼ.էՅ.-ի եւ Պըրքլիի համալսարաններէն ներս:

Շալեան պատրաստած է տասնեակ մը ուսումնասիրութիւններ, լոյս  ընծայած է բանաստեղծութիւններ («Յամառ երթը»), նաեւ մօտէն հետեւած է Հայ դատին:

 

 

Նախորդը

Տարածուած Խոհարարական Սխալներ Եւ Զանոնք Սրբագրելու Հնարքները

Յաջորդը

Եռաբլուրի Մէջ «Արցախի Կանչ» Յուշակոթողին Բացումը Կատարուեցաւ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 11, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?