2 սեպտեմբերին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած «Միասնութեան հանրահաւաք»-ը եթէ անմիջականօրէն իբրեւ կիզակէտ ունի Արցախի հարցը` արցախցիներու ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ վերահաստատումը, արդար է, որ զայն դիտենք եւ հրապարակ ուղղուինք – նաեւ հեռուէն` աչքով ու ականջով – շատ աւելի լայնածիր դիտարկումով, սկսելու համար` Արցախի իրաւունքները հիմ ու մեկնակէտ ընդունինք իբրեւ ամբողջ հայութեան բոլո՛ր իրաւունքները: Կարճ խօսքով, սա պէտք է ըլլայ այն յեղափոխութիւնը, որուն կոչ ուղղեց… Նիկոլ Փաշինեան, քանի մը օր առաջ, երբ յայտարարեց, որ եթէ իր տնօրինումները ընդունելի չեն, ժողովուրդը պէտք է յեղափոխութիւն ընէ, իսկ երբ չ՛ըներ, կը նշանակէ, թէ իր ուղեգիծը կ՛ընդունի:
Հանրահաւաքին յայտարարուած անմիջական նպատակները գաղտնիք չեն: Առաջին հերթին` արցախցիներու տունդարձի իրաւունքը` իր բոլոր բաղադրիչներով, ապա նաեւ մերժում` Հայաստանի համար վնասարար բոլոր որոշումներուն ու ծրագիրներուն, որոնք իշխանութիւններուն կողմէ փաստօրէն կը հրամցուին իբրեւ (իբր թէ) խաղաղութեան ճամբուն վրայ ձեռքբերումներ: Իսկ երբ կ՛ըսենք «բոլոր բաղադրիչներով», անպայման որ ցանկին վրայ են Պաքուի մէջ խամաճիկ դատավարութեան ենթարկուողները, մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումն ու շատ ու շատ բան:
Աւելորդ է կրկին ու կրկին ցանկագրելը, թէ թուրք-ազերիին ծրագիրներուն գործակատարը դարձած ՔՊ-ապետն ու իր վարչակազմը ինչպիսի՜ նահանջներ արձանագրած են քաղաքական, դիւանագիտական, ապահովութեան, տնտեսական եւ տակաւին` երկրի մը կեանքն ու ապագան ապահովող բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Պէտք չունինք մասնաւորելու Հայ դատին ու սփիւռքի հետ կապերուն տրուած հարուածները, որոնք նմանապէս ահաւոր վնասներ պատճառած են մեր ազգին: Հապա՞ եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած բազմաճիւղ արշաւները (կաթողիկոսի փոխարինման դաւեր, կրօնական առաջնորդներու եւ ընդհանրապէս եկեղեցւոյ կողքին կանգնողներու դէմ հալածանքներ…), որոնք նմանապէս ջուր կը խմեն թուրք-ազերիական յանձնարարութիւններէ, պահանջներէ, պարտադրանքներէ՛: Անմիջապէս նշենք, որ եկեղեցւոյ դէմ արշաւները, որոնք քանի մը շաբաթէ ի վեր սառնարան դրուած էին, վերստին շարժման մէջ մտնելու ազդանշանը ստացան քանի մը օր առաջ, նոյնինքն ՔՊ-ապետին սպառնական ծանօթ յայտարարութեամբ: Ու զանգուածի ուշադրութենէն հեռու կը պահուի յետին դիտաւորութիւնը, հարցը կը հրամցուի ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ մակարդակին վրայ, մինչդեռ եկեղեցին` իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ, սասանման սպառնալիքի տակ է, շնորհիւ… թշնամիէն եկած թելադրանքներու:
Այս ու տագնապալի եւ օրհասական նման վիճակներու հեռադիտակով պէտք է նայինք 2 սեպտեմբերի հաւաքին` յիշելով ու շեշտելով, որ Արցախի կորուստը ծանր հարուած էր ո՛չ միայն Հայաստանի պաշտպանութեան դիտանկիւնէն, այլ նաեւ սփիւռքի համար: Չմոռնանք, որ անցեալ շուրջ 30 տարիներուն սփիւռքը եւս անհաշուելի նպաստ բերաւ Արցախի Հանրապետութեան ամրակայման, անձնական մարզին մէջ եւ պետական ծրագիրներու իրականացման ճամբով (հարցը չենք դիտեր լոկ նիւթական նպաստներու-հաշիւներու ակնոցով): Այս լայնածիր պատկերին մէջ, պէտք չունինք ըսելու, որ սնանկ են այն թրքամիտները, որոնք կը ժպրհին ըսել, թէ Արցախը բեռ էր, խաղաղութեան ճամբուն վրայ` խոչընդոտ, ուրեմն, անոր մասին խօսիլը կը վտանգէ խաղաղութեան երթը: Բայց քանի՞ անգամ պէտք է փաստուի, որ նման «տրամաբանութիւն» լիովին կը համապատասխանէ թշնամիին տեսակէտներուն…
Միասնութեան Իմաստը
Հանրահաւաքին տրուած խորագիրը` ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ-ը, դիպուկ բնութագրում է:
Նախօրեակին, ի՞նչ է արձագանգներուն պատկերը:
Չենք բաւականանար աչքի առջեւ բերելով միայն կոչէն ետք հնչած դրական արձագանգները, այլ ի մտի ունինք բոլոր այն կեցուածքներն ու արդար պահանջները, որոնք հայրենի եւ սփիւռքեան հրապարակները ողողած են առնուազն Արցախի վերջնական հայաթափումէն ասդին, առանց անտեսելու նախընթաց փուլերը` վերջին աւելի քան եօթուկէս տարիներուն: Առանց մանրամասն թուարկում կատարելու, կը տեսնենք, որ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն կողքին են Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները, դիւանագէտներ, քաղաքական տարբեր միաւորներ ու հեղինակաւոր դէմքեր (բոլորն ալ բանգէտ մարդիկ), տնտեսագէտներ, պաշտպանութեան մասնագէտներ եւ, մէկ խօսքով, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ կամք ունեցողները: Բանտարկուած Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարած` «Մեր ձեւով» շարժումն ալ, որ ճամբայ ելած է կուսակցութիւն դառնալու նպատակով, տարբեր հայեցակէտ չունի եւ, դրական կէտ` անոր համախոհ են իրա՛ւ ընդդիմադիրները:
Ահա թէ ի՛նչ իմաստ կը ստանայ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ-ը: Անգամ մը եւս կը կազմուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏ-ի մը նախագիծը, կը մնայ, որ հանրահաւաքը չմնայ պահանջատիրութեան միօրեայ դրուագ, այլ պահանջատէր եւ հայրենապաշտպան բոլոր միաւորները` կուսակցութիւն, քաղաքական խմբաւորումներ, մտաւորականներ, զինուորականներ եւ դիւանագէտներ շուտով ի մի խմբուին ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ-ի մը շուրջ եւ գործի անցնին ձեռք-ձեռքի տուած: Այդ ծրագիրը կրնայ մինչեւ իսկ դառնալ… կոճատներու միջեւ դաշնութիւն ստեղծող տարազ մը, նման բազմաթիւ այլ երկիրներու, ուր անհաշտ հակադիրներ, գաղափարական տարբեր բեւեռներ համախմբող միաւորներ` հասարակ յայտարարի մը վրայ կը միանան համախոհական կառավարութիւն կազմելով (քոալիսիոն): Վերահաս ծանր վտանգներու լոյսին տակ ամէնէն սուր մրցակիցները ժամանակաւորապէս մէկդի կը թողուն տարակարծութիւն ու հակամարտութիւն, կը լծուին ԵՐԿԻՐ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՓՐԿԵԼՈՒ ազնուագոյն առաքելութեան: Սա հեքիաթ չէ, եթէ դիտենք մեր չորս բոլորը, կրնանք տեսնել բազմաթիւ ապրող օրինակներ: Իսկ վտանգին շրջանցումէ ետք քաղաքական մրցակցութիւնները ժողովրդավարութեան ամէնէն պերճախօս դրսեւորումներն են` ի հակադրութիւն մենատիրական-միակուսակցական դրութիւններու:
Սփիւռքը եւս հրաւիրուած է վեր կանգնելու ձեռնածալ եւ հետեւող-հանդիսատեսի աթոռէն: Արցախի իրողական կորուստէն ետք, Հայաստանը` ի՛նք, հիմա ինկած է նոյն ճակատագիրին մատնուելու վիճակին, իսկ Հայաստանի կորուստը (կրնայ իրականանալ մաս առ մաս, առաջին գործնական քայլը եղաւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին զիջումը) բազմաթիւ գամեր պիտի մատակարարէ սփիւռքի դագաղին, իբրեւ յաւելում` սփիւռքին սպառնացող բազում այլ վտանգներու: Եւ առաջին անգամը չէ, որ սփիւռքը գործնապէս եւ ազդու կերպով կանգնած է ՀԱՅՐԵՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ կողքին, դատապարտած` իշխանաւորներու սխալ ընթացքը:
Անտարբերութիւնը, «այսինչը չեմ հաւնիր»-ները կամ «մենք քաղաքականութեան հետ գործ չունինք»-ները այլեւս ընդունելի չեն. պէտք է թօթափել իշխանաւորներուն տխմարացնող եւ ինքնասպանութեան տանող քարոզչութեան ներգործութիւնը:
Շրջահայեացութիւն
Ներքին միասնութիւնը գործի դաշտ փոխադրելու հրամայականը շատ այժմէական է եւ պէտք չունի սպասելու յառաջիկայ տարուան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն (պէ՞տք է կրկին ահազանգել, որ մինչեւ ընտրութիւններ` Հայաստանն ու հայկական աշխարհը կրնան նոր կորուստներու տարուիլ այս գործակալներուն ձեռքով, ինչպէս եղաւ վերջին տարիներուն, ինչպէս կ’ըլլայ հիմա): Նոյնքան հրամայական է աչքերը դարձնել մեր երկրի եւ կովկասեան տարածքի սահմաններէն անդին, ՃԻՇԴ ԿԱՐԴԱԼՈՒ համար աշխարհասասան դէպքերէն հնչող ահազանգերն ու… դրական նախանշանները:
Չի բաւեր հականեխիչներ ապահովել Երեւանի իշխանաւորներու ստապատիր եւ այլասերող քարոզչութեան դէմ, այլ նաեւ ականջները լայն բանալ այն իրական սպառնալիքներուն եւ մարտակոչերուն դիմաց, որոնք ամէն օր կը հնչեն Ազրպէյճանէն ու Թուրքիայէն, այն Ազրպէյճանէն` որուն հետ ամերիկեան իրաւարարութեամբ համաձայնագիր մը նախաստորագրուեցաւ ճի՛շդ երեք շաբաթ առաջ: Աչքերն ու ականջները պէտք է բաց պահել նաեւ մեր դրացիներու, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, մինչեւ իսկ Ծայրագոյն Արեւելքի իրադարձութիւններուն, մրցակցութիւններու, շահակցական գործընթացներու եւ նման բաներու դիմաց: Լսելն ու դիտելը, ճիշդ գնահատումներ կատարելը կենսական կարեւորութիւն ունին, ՃԻՇԴ ԳՈՐԾԵԼԸ աւելի մեծ հրամայական է: Հայաստան ու մեր ազգը չեն տառապիր ճիշդ դիտարկողներու եւ գործողներու սովէ: Սովաբեր ՔՊ-ականներու վտարումը առաջին քայլն է հազար մղոն տաժանելի ճամբուն վրայ:
Մէկ խօսքով, կրկնենք, 2 սեպտեմբերի հաւաքը պէտք է դիտենք լայնահորիզոն գործընթացի մը շրջագիծին մէջ, անկէ պէտք է յառաջացնել հայրենիքի փրկութեան նոր յեղափոխութեան մը ալիքը, իսկ յեղափոխութիւն չի նշանակեր (ինչպէս որ կը պատկերանայ փաշինեանական նեխած ուղեղներուն մէջ) միայն «թոփ-թիւֆէնկ»-ով պայքար: Յեղափոխութիւնը իսկական պատասխան մը պիտի ըլլայ ՔՊ-ականներու պարտուողականութեան, փոխընտրանք մը` թշնամիին ամէն բան տալու «քաղաքականութեան»: Ամէն բանէ առաջ, անիկա զերծ պէտք է պահել ներքին խռովութիւններէ, որոնց մէջ պատրաստ են երկիրը նետելու այս իշխանականները (քանիցս բիրտ յարձակումներ գործեցին ցուցարարներու եւ բողոքի ձայն բարձրացնողներու վրայ):
Յաւելուած…
… որ կարելի է արձանագրել իբրեւ յետգրութիւն: Միջազգային լրատու աղբիւրներ այսօր` 29 օգոստոսին, լուսարձակի տակ բերին ուշագրաւ լուր մը. Թայլէնտի վարչապետուհին` Փաէթոնկթառն Շինաուաթրա պաշտօնազուրկ հռչակուած է երկրի Գերագոյն դատարանին որոշումով (ան երկու ամիս առաջ կախակայուած էր), որովհետեւ քննութիւնները ի յայտ բերած են, որ ան անհարկի եւ չափէն աւելի զիջումներ ըրած է դրացի երկրին` Քամպոտիոյ վարիչներու պահանջներուն առջեւ: Սա վերջին 17 տարիներուն նոյն դատարանին որոշումով պաշտօնազրկուող 5-րդ վարչապետն է, երեքը` նոյն ընտանիքէն: Պաշտօնազրկեալը յայտարարեր է, որ կը յարգէ դատարանին որոշումը, թէեւ ըսեր է, որ ինք անձնական շահ չունէր, այլ երկրի շահերուն ի խնդիր գործած էր…
Ուրե՜մն, աշխարհի վրայ կան երկիրներ, ուր դատարան մը կրնայ ԳՈՐԾԱԴԻՐԷՆ անկախ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵԼ: ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ. «Կառավարութիւնը ես եմ», ու իրեն չենթարկուող նախարար կամ պաշտօնատար կամայական կերպով տուն կը ղրկէ (հեռացողն ալ քիչ ետք կը սկսի իր նախկին պետին անհաճոյ ճշմարտութիւններ բացայայտել): Նոյն արարածը կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը, որ իր կամքին հակառակ վճիռ տայ: Ան ոստիկանապետ է, բանակի հրամանատար, տնտեսագէտ, կրթական բաներէ հասկցող, ճարտարապետ, մինչեւ իսկ աչքը դրած է… կաթողիկոսական գահին (չմոռնանք ուսապարկապետի հանգամանքը): Իրաւամբ կարելի է հարց տալ. «Ապազգային համայնավարները որո՞ւ շունն էին…» (կը յիշէ՞ք Փաշինեանի` նոյն բառերով յոխորտանքը` «Քովիտ»-ի տարածման օրերուն):
Եզակի վիճա՞կ: Ո՛չ: Իր նոր պոսերէն մէկը` Թրամփ եւս կը գործէ նոյն կամայականութեամբ, ինքնագլուխ, չնաշխարհիկ հրամանագիրներ կը ստորագրէ, գործէ չհասկցողներ նախարար կը նշանակէ, զինք ամենայն սրտով պաշտպանողներ մէկ օրէն միւսը «կը ծախէ»: (Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձէն առաջ, Երեւանի իշխանաւորները շաքար-մեղր էին Պայտընի վարչախումբին հետ, հիմա Սիւնիքէն «երիզ» մը կը յանձնեն Թրամփին):
29 օգոստոս 2025