Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ձախողութիւնը Եւ Խօսքէն Անդին Անցնելու Անկարողութիւնը

Սեպտեմբեր 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԷԶԵԱՆ

1945-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ծնաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը  (United Nations), որուն նպատակներն էին մարդկային իրաւունքներու հաստատումն ու հսկողութիւնը:

1947-ին Մարդկային իրաւունքները գրուեցան յատուկ անձերու կողմէ, որոնցմէ գլխաւորներն էին` Էլիանոր Ռուզվելթ, Փենկ Չուն Չանկ եւ Շարլ Մելիք:

Ֆրանսացի դատաւոր Ռընէ Քասսին հայրը եղաւ մարդկային իրաւունքներու այս յայտարարութեան:

10 դեկտեմբեր 1948-ին Համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու յայտարարութիւնը կնքուեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ Ընդհանուր ժողովի միջոցով:

9 դեկտեմբեր 1948-ին հիմնուեցաւ եւ արձանագրուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» բառը` իբրեւ ոճիր մարդկային իրաւունքներու, եւ այս ցեղասպանութեան եզրին վրայ աշխատանքը տարուեցաւ 3 մեծ դատաւորներու կողմէ լեհ Ռաֆայէլ Լեմքին, ֆրանսացի Հանրի Տոն Տիէօ տը Վապր  եւ ռումանացի Վեսփազիէն Փելլա:

Այս հսկայ աշխատանքը տարուեցաւ, որովհետեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն եւ 60 միլիոն անձերու սպանդէն ետք, յաղթող երկիրները մեծ տագնապ անցուցին այս ահռելի, անմարդկային եւ վայրի վարուելակերպին դիմաց, որ ի գործ դրուեցաւ մանաւանդ քաղաքայիններուն հանդէպ:

Երբ 1948-ին այս որոշումները տրուեցան, մանաւանդ երբ ցեղասպանութիւնը իբրեւ ոճիր ընդունուեցաւ, արդէն 33 տարի անցած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն:

Աշխարհը կարծեց, թէ վերջնականապէս նոր էջ մը դարձուցած էր, մանաւանդ որ Հիթլերին պէս մէկը` զօրաւոր երկրի մը ղեկավարը, յիշեցուց Գերմանիոյ ժողովուրդին եւ աշխարհին, որ հրեաներ ջարդելու ատեն ոչ մէկ մտահոգութիւն ունենան, որովհետեւ ոչ մէկը հաշիւ կը պահանջէ, եւ  այդ առիթով արտասանեց հետեւեալ նշանաւոր նախադասութիւն. «Ո՞վ կը յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը…»:

Մէկ խօսքով, եթէ զօրաւոր ես, մէկը քեզմէ հաշիւ չի պահանջեր:

Պատմութիւնը կը յիշենք, թէ` Հիթլեր պարտուեցաւ, եւ գերմանացի ժողովուրդը կրեց ծանր պատիժ. նոյնը պատահեցաւ Ճափոնի պարագային`  Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին գործադրած ջարդերուն համար:

Եւ նոյն ձեւով Ճափոնի ժողովուրդը իր պատիժը կրեց յաղթող մեծ երկիրներէն:

Անիւը սկսաւ դառնալ, նոր զօրաւոր երկիրներ մէջտեղ եկան` Ռուսիա, Անգլիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ֆրանսա, որոնք աշխարհը յանձն առին, եւ ամէն մէկը իր գաղափարաբանութեամբ նոր օրէնքները պարտադրեց իր իշխած վայրերուն մէջ:

Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը. 1948-էն ետքը նոր երկիրներ անկախութիւն առին, նոր բռնատիրական  երկիրներ մէջտեղ եկան, շատերը զինուորական կառավարութիւններու վերածուեցան` պետական հարուածի` յեղաշրջումի միջոցով, բազմաթիւ երկիրներ ենթակայ եղան մեծ պետութիւններու, որոնք իրենց անձնական շահերուն համար (տնտեսական, քաղաքական եւ գաղափարաբանական) աչք խփեցին այդ պզտիկ բռնատիրական երկիրներուն մէջ պատահած դէպքերուն: Այս ձեւով ալ շատ մը երկիրներու մէջ բռնատիրութիւնը  յառաջ գնաց, բանտերը լեցուեցան հակառակորդներով, շատ մը անձեր, մանաւանդ` մտաւորական եւ համալսարանական դասակարգէն, անհետացան: Ան, որ բռնատիրական գաղափարներուն եւ իրենց գաղափարաբանութեան  չէր հետեւեր, բանտերու մէջ տարիներով կը մնար, բախտաւոր էր, եթէ ողջ մնար…

Օրինակները շատ են` Լատին Ամերիկա` Արժանթին, Պոլիվիա, Վենեզուելա, Քուպա, Քոլոմպիա, Փերու: Ափրիկէ` Քոնկօ, Հարաւային Ափրիկէ, Զիմպապուէյ, Նիկերիա, Ռուանտա, Սուտան: Ասիա` Հիւսիսային Քորէա, Քամպոտիա, Ինտոնեզիա, Աֆղանիստան եւ Միանմար (նախապէս` Պիրմանիա): Միջին Արեւելք`  Իրաք,  Սուրիա,  Իրան եւ Եմէն:

Պարզապէս քանի մը երկիր` իբրեւ օրինակ յիշելու համար:

Այս ձեւով աշխարհին մէջ նոր երկիրներ, նոր ղեկավարներ ոտնակոխ ըրին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ճշդուած ջարդերու մասին արձանագրութիւնը, մարդկային իրաւունքները, իսկ երբ այս երկիրներուն գործած ոճիրները մէջտեղ ելան, վեթոյի իրաւունք ունեցող պետութիւնները անհրաժեշտ քայլերը առին` պաշտպանելու իրենց ենթակայ երկիրները, եւ իւրաքանչիւրը, իր շահը փնտռելով, յառաջ գնաց` մոռնալով ամէն տեսակ մարդկայնութիւն:

1948-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը յոյսով էր, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք աշխարհին մէջ նոր էջ մը պիտի բացուէր, բայց դժբախտաբար հակառակը պատահեցաւ, եւ Քամպոտիոյ մէջ 4 տարի (1975-1979) կարմիր խմերները իրենց բռնատիրական ծայրայեղ համայնավար կուսակցութեամբ ջարդեցին Քամպոտիոյ ժողովուրդին 25 առ հարիւրը, 2 միլիոն քամպոտիացիներ մահացան ահռելի չարչարանքներու տակ, ոչ մէկ մտաւորական անձ ողջ պէտք էր մնար, նոյնիսկ ակնոց գործածող անձեր, երիտասարդներ եւ համալսարանի ուսանողներ սպաննուեցան, որովհետեւ ակնոց գործածողը զարգացած կը նկատուէր եւ վարչակարգին հակառակ կրնար գործել:

Ուրեմն Քամպոտիոյ ցեղասպանութիւնը 4 տարի շարունակուեցաւ աշխարհի եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան քիթին տակ, մինչեւ որ որոշում տրուեցաւ Վիեթնամի բանակին իրաւունք տալ, որ վերջնականօրէն մտնէ Քամպոտիա եւ տապալէ Փոլ Փոթ կոչուած բռնատէրը:

Նոյնը պատահեցաւ Ռուանտայի մէջ 7 ապրիլ 1994-էն մինչեւ 19 յուլիս 1994, թութսի ցեղը ջարդի ենթարկուեցաւ:

Հակառակ անոր որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն զօրք ներկայ էր, բայց եւ այնպէս, 1 միլիոն թութսիներ սպաննուեցան, 250 հազար կիներ եւ աղջիկներ բռնաբարուեցան: Այս Ռուանտայի ցեղասպանութիւն կոչուեցաւ:

Այս դէպքերը եւ 2 ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 1945-էն ետք, վարագոյր չեղան ուրիշ երկիրներու մէջ եղած ոճիրներուն: Յիշենք Հնդկաստանի, Փաքիստանի դէպքերը, Չինաստանի մահմետական  ույղուրներու ջարդը, Միանմարի, ռոհինկայի մահմետական ցեղերու ջարդը, Ափրիկէի մէջ եղած ջարդերը, մանաւանդ` Քաթանկա Քոնկոյի մէջ հանքերով հարուստ  (ոսկի եւ ադամանդ) նահանգներուն մէջ եղած ահաւոր ջարդերը, Հարաւային Ափրիկէի, Անկոլայի եւ զանազան ուրիշ երկիրներու դէպքերը, Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ գործուած եւ ցարդ շարունակուող ոճիրները:

Արդէն 1978-ին, երբ անդրադարձան, որ աշխարհի մէջ ազատօրէն բռնատիրութիւններ կը գործեն ծածկուած եւ պաշտպանուած մեծ պետութիւններու կողմէ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը որոշեց հիմնել մարդկային իրաւունքներու հետեւող «Human Rights Watch» անունով կազմակերպութիւն մը, որ ինչպէս անունը կը փաստէ, պիտի հսկէր իւրաքանչիւր երկրի մէջ արձանագրուող սխալ դէպքերուն եւ մատնանշէր եղած ոճիրները, որպէսզի կարենան պատժել այն երկիրները, որոնք չեն գործադրեր մարդկային իրաւունքներու որոշումները:

Ուրեմն մարդկային իրաւունքներու հետեւող այս կազմակերպութիւնը ծնաւ 1978-ին շնորհիւ 3 նշանաւոր անձերու` Ռոպերթ Լ. Պեռնշթայն (Հելսինքի ուոչ անունով), Ճերի Լապըր (ոչ կառավարական կազմակերպութիւն) եւ Արիեհ Նէյեր (ոչ կառավարական կազմակերպութիւն):

Անոր իրաւունք տրուեցաւ ճնշում բանեցնել այդ կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի յարգեն մարդկային իրաւունքները, եւ հսկողութեան նպատակով բոլոր երկիրներուն մէջ գրասենեակներ բացին: Դժբախտաբար այս ալ յաջող ծրագիր մը չեղաւ, որովհետեւ այն երկիրները, որոնք ոտնակոխ ըրած էին մարդկային իրաւունքները, հաշտ աչքով չընկալեցին իրենց երկիրներուն մէջ այդ գրասենեակներուն ներկայութիւնը եւ ճնշումներ բանեցուցին` մեծապէս արգելք հանդիսանալով  մարդկային իրաւունքներու հետեւող այդ պաշտօնեաներուն իրենց երկիրներուն մէջ ազատօրէն շրջագայելու եւ իրենց ուզած կեդրոնները այցելելու:

Նոյնիսկ երբ ՄԱԿ որոշումներ տուաւ որոշ երկիրներու դէմ, վերջինները չգործադրեցին այդ որոշումները եւ ոչ մէկ պատիժի ենթարկուեցան:

Օրինակ մը տալու համար յիշենք, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի բոլոր որոշումներն ու բանաձեւերը չգործադրեց, որովհետեւ իր թիկունքին ունէր Միացեալ Նահանգները, որ վեթոյի ուժով որոշումներուն արգելք եղաւ, նոյնպէս` Սուրիան,  Եմէնը եւ շատ մը ուրիշ երկիրներ, որոնց ետին Ռուսիան  կամ Չինաստանը կային:

Այս ձեւով, ՄԱԿ-ի որոշումները գրեթէ միշտ մնացին մելան թուղթի վրայ, իսկ աշխարհի չորս կողմերը պայքարներ եւ պատերազմներ կը շարունակուին, նորերը կը սկսին, իսկ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն կոչուածը հեռուէն կը դիտէ եւ կը բաւարարուի աշխարհին տեղեկութիւն տալով` վիճակագրութեան սովորական գրասենեակի մը  նման:

Հնդկաստան, Փաքիստան, Եմէն, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ, Լիպիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Թայլանտ, Քամպոտիա… ասոնք վերջին նորութիւններն են:

Այլեւս յստակ է` որոշումները, հսկողութիւնները եւ միջամտութիւնները բաւարար չեղան համոզելու բռնատիրական երկիրները, որ իրենց բռնատիրական գործելակերպէն հրաժարին:

Այսպիսով, հազարաւոր մարդիկ բանտերու մէջ ազատութենէ զրկուեցան  պարզապէս վարչակարգին հակառակ իրենց գաղափարին ու կեցուածքներուն պատճառով, հարիւր հազարաւոր մարդիկ ծեծի տակ եւ չարչարանքներով մահացան կամ պարզապէս անհետացան:

Կազայի մէջ Իսրայէլ սովի մատնած է հարիւր հազարաւոր անձեր: ՄԱԿ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ սովը Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու ուղղակի հետեւանքն է, եւ որ`  500.000 անձեր «աղէտալի» սովամահութիւն կը դիմագրաւեն: Ամիսներէ ի վեր պաղեստինցիներուն ապրած սովահարութեան մասին խօսեցաւ ՄԱԿ ի վերջոյ, բայց եւ այնպէս, ուրիշ ոչինչ, միայն` խօսք ու յայտարարութիւն, Կազայի մէջ մարդիկ կը շարունակեն սովամահ ըլլալ…

Երբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ծնաւ, յստակ ծրագիր, կանոնագիր եւ նպատակ ունէր, բայց տարիներու ընթացքին հզօր եւ վեթոյի իրաւունք ունեցող երկիրներ` իրարու հակառակ աշխատելով, ըլլայ գաղափարաբանութեան պատճառով, ըլլայ քաղաքական նպատակներով կամ իրենց շահերուն հետեւելով, աշխարհը երկուքի բաժնեցին. մէկ կողմէն Ռուսիան եւ Չինաստանը, որոնք համայնավար էին, միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, որոնք ազատ աշխարհ կը կոչուէին… Ամէն մէկը իր շահերը հետապնդելով` սկսաւ պաշտպանել այն երկիրները, որոնք չափազանց եւ ծայրայեղ ձեւով ոճիրներ կը գործէին…

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ձախողեցաւ իր ծրագիրը ամբողջացնել` գերի դառնալով մեծ երկիրներուն տրուած վեթոյի իրաւունքներուն:

Հիմնադիր երկիրներու փափաքը թուղթի վրայ մելան մնաց, եւ 5 զօրաւոր երկիրներու որոշումը ի զօրու եղաւ:

1945-ին այդ միացեալ երկիրներու երազը շոգիացաւ, եւ եթէ կշիռքի վրայ դնենք այս 80 տարուան աշխատանքը, ձախող բաժինը կը գերազանցէ յաջող բաժինին…

Օգոստոս 2025

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Խաբուսիկ Խոստումները` Գոյութիւն Չունեցող Խաղաղութեաան Մասին

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Ճամբարը Յաջողութեամբ Եզրափակեց Այս Տարուան Իր Ամառնային Ծրագիրը

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?