Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգայինի Պարուսոյցներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքի Աւարտ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ պարուսոյցներու վերապատրաստութեան դասընթացքը, որուն ընթացքին Համազգայինի տարբեր շրջաններէ, նաեւ` Սուրիայէն, հինգ երիտասարդ պարուսոյցներ ծանօթացան ազգային պարի հմտութիւններուն` նպատակ ունենալով ուսուցման ընթացքին ձեռք բերած գիտելիքները փոխանցել իրենց շրջաններու հայ երիտասարդներուն:
Դասընթացքները կը վարէր հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պարարուեստի մանկավարժութեան ամպիոնի դասախօս, «Հայ աստղեր» պարային անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար Սուրէն Խաչատրեան:
22 օգոստոս 2025-ին Համազգային Երեւանի գրասենեակին մէջ դասընթացքին մասնակից երիտասարդներուն հետ կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնց յանձնուեցան հաւաստագիրներ:
Հանդիպման ներկայ էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորանքի խօսքը արտասանելէ ետք շեշտեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը կարեւոր դեր ունի արուեստի միջոցով սփիւռքի հայ երիտասարդներուն ինքնութեան պահպանման եւ ազգային մտածողութեան փոխանցման համար: Ազգային պարը ոչ միայն մշակոյթ է, այլեւ` պատմութիւն, ազգային ժառանգութիւն, հայապահպանութեան գրաւական:
Երիտասարդները շնորհաւորեց նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը` կարեւոր նկատելով ոչ միայն ծրագրի նշանակութիւնը, այլ նաեւ` շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Պարուսոյց Սուրէն Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը կ՛ունենայ շարունակութիւն:
Գիւմրիի Մէջ «Ամարաս» Ամառնային Ճամբարները Յաջողութեամբ Պսակուեցան
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Գիւմրիի մէջ այս տարուան ամառնային ճամբարները, որոնք մկրտուած էին «Ամարաս» անունով, յաջողութեամբ հասան իրենց աւարտին` մշակոյթով, պատմութեամբ եւ հաւատքով լեցուն պահեր նուիրելով կարիքաւոր պատանիներու:
Այս տարի որոշուած էր ճամբարները «Ամարաս» անունով կոչել` ի յիշատակ Արցախի մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հաստատուած Ամարաս վանքի դպրոցին:
«Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ իրականացած ճամբարներուն անվճար մասնակցեցան առաւել քան 250 պատանիներ` գլխաւորաբար Շիրակ մարզէն:
Երկրորդ տարին ըլլալով` մասնակցողներուն մէջ կային Արցախէն տեղահանուած պատանիներ, որոնք կը կազմէին մասնակցողներուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը:
Երկու շաբաթներու ընթացքին տեղի ունեցած ճամբարներուն մասնակցողները բաժնուած էին երեքական խումբերու, որոնք կը կրէին` «Արցախ», «Ջաւախք» եւ «Նախիջեւան» անունները:
«Ամարաս» ճամբարներուն մասնակցողները հետեւեցան Հայոց պատմութեան դասերու, մասնակցեցան աշխատանիստերու եւ զանազան հաճելի խաղերու ու պտոյտներու:
Այս բոլորը կարելի դարձան շնորհիւ «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրին նեցուկ կանգնող առատաձեռն նուիրատուներու:
«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը կոչուած է հայրենիքին եւ սփիւռքի միջեւ հաստատուն կամուրջ մը հանդիսանալու եւ արդիւնաւէտ ուղեգիծ մը հաստատելու Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար: Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կ՛ապացուցէ այս նպատակին իրականացումը` իբրեւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը Գիւմրիի մէջ: Անիկա նաեւ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներ կը տրամադրէ Շիրակի մարզի ուսանողներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել իրենց ծննդավայրին մէջ: Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին:
Նշենք, որ Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնը 2016-էն ի վեր մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին ու Շիրակ մարզի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
«Շիրվանեան» կեդրոնին գործունէութեան կարելի է հետեւիլ Instagram-ի (Instagram@shirvanianyouthcenter) կամ Facebook-ի (@gyumriyouthcenter եւ @wearegyumri) միջոցով:
Հանդիպում` Տաւուշ Մարզի ՀՕՄ-ականներուն Հետ
16 օգոստոսին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց Տաւուշի մարզ: Դիլիջան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մարզի մէջ գտնուող Դիլիջանի, Իջեւանի եւ Նոյեմբերեանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ: ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան ներկայացուց Շրջանային վարչութեան մօտակայ ծրագիրները, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերին այս տարի կայանալիք ՀՕՄ-ի Հրապարակային ուխտի արարողութեան, ՀՕՄ-ի 115-ամեակին նուիրուած 10-օրեայ ձեռնարկներուն եւ 2026 թուականի ապրիլին նշուելիք ՀՕՄ-ի Հայաստանի հիմնադրութեան 35-ամեակին նուիրուած տօնախմբութեան` խնդրելով ՀՕՄ-ականներէն աշխուժ աջակցութիւն ցուցաբերել նախապատրաստական տարաբնոյթ աշխատանքներուն: Այնուհետեւ Շրջանային վարչութիւնը լսեց մասնաճիւղերուն զեկոյցները, որոնք կը վերաբերէին իրենց հանդիպած դժուարութիւններուն եւ արձանագրուած յաջողութիւններուն:
Այնուհետեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար ժողովը` մանրամասն քննարկելով շրջանի մասնաճիւղերու ներկայ վիճակը եւ աշխատանքային ապագայ ընթացքը:
Հանդիպում` Հրապարակախօս, Լրագրող Անժելա Սահակեանի Հետ
Օգոստոս 16-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան Ծաղկաձորի հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` հրապարակախօս, լրագրող Անժելա Սահակեանի հետ` մասնակցութեամբ գրողներու, մշակութային գործիչներու եւ ընթերցասէրներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռուսիոյ ակադեմիայի անդամ, փրոֆ., Կոտայքի մարզի Գործարարներու միութեան նախագահ Աշոտ Օհանեան: Գործարար Վարուժան Ալեքսանեան անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք կապերուն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Յակոբ Պարոնեան» պետական թատրոնի դերասանուհի Մարգարիտ Խաչատրեան` ընդգծելով նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը:
Խօսք առին նաեւ գրականութեամբ եւ լրագրութեամբ հետաքրքրուող ընթերցասէրներ:
Գրականագէտ Արմէն Աւանէսեան անդրադարձաւ Անժելա Սահակեանի ծաւալած գործունէութեան եւ կատարած աշխատանքներուն:
Հուսկ, խօսք առաւ ծագումով արցախցի Անժելա Սահակեան` շեշտելով հայ ինքնութեան, հայկական ոգիին ու ազգային արժէքներուն պահպանման հրամայականը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Զօրավար Անդրանիկի Կիսանդրիի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն
Օգոստոս 10-ին Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիւղի օր»-ուան նուիրուած տօնական հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Տեղ գիւղի կանուխ-միջնադարեան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ժամերգութեամբ, որուն յաջորդեց Հերոսներու զբօսայգիին մէջ Զօրավար Անդրանիկի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Կիսանդրիի գաղափարի հեղինակն ու աշխատանքները կազմակերպողն է «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր, քաղաքագէտ Էդգար Էլբակեան:
Կիսանդրիի ստեղծման աշխատանքները սկսած են 2019-ին եւ կարելի դարձած` 97 նուիրատուներու միջոցներով: Ի սկզբանէ նախատեսուած էր կիսանդրին տեղադրել Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Մարքիզ լերան վրայ, որ 1918 դեկտեմբեր 1-ին դէպի Շուշի արշաւանքի ընթացքին ազատագրուած էր Զօրավար Անդրանիկի ուժերուն կողմէ: Սակայն 2020-ի արցախեան երրորդ պատերազմէն եւ Քաշաթաղի բռնագրաւումէն ետք անկարելի դարձած էր նախանշուած վայրին մէջ կիսանդրիին տեղադրումը:
Այս առիթով դիմելով Տեղի բնակիչներուն` Է. Էլբակեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց. «Այս ազգային մասունքը առժամեայ ձեզ ի պահ յանձնելը նաեւ պարտականութիւն է ձեզ համար` ձեր օրինակով` իբրեւ այսօրուան դրութեամբ սահմանապահ, ապացուցելու, որ մեր հերոսներուն պայքարը ի զուր չէ եղած: Պարտականութիւն է Անդրանիկի անցած ճանապարհի, արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական ճամբան կերտողներուն առջեւ ` առ այն, որ անոնց գործը երբեք կիսատ պիտի չմնայ»:
Կիսանդրիի քանդակագործն է գորիսաբնակ Յարութիւն Համբարչեանը:
Վանաձորի Մէջ Կայացաւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպած Պատանեկան Ճամբարը
Հայաստանի Լոռիի մարզի մարզական կեդրոն Վանաձորի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան պատանեկան ճամբարը: 2025 թուականը յոբելենական է. այս տարի արդէն 15-րդ անգամն ըլլալով կը կայանայ աւանդական ճամբարը: Ճամբարի տնօրէնները, վարիչներն ու մասնակիցները առանձնակի ուրախութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը մասնակցին ճամբարին: Ճամբարը այս տարի տեղի ունեցաւ 4-15 օգոստոսին, անոր մասնակցեցան 10-16 տարեկան 230 երեխաներ, որոնք բաժնուած են եօթը խումբերու` Գարեգին Նժդեհ, Արամ Մանուկեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Զօրավար Անդրանիկ, Խրիմեան Հայրիկ, Սօսէ Մայրիկ, Պարոյր Սեւակ անունները կրող:
Ճամբարը հարուստ էր ժամանցային, դաստիարակչական, ազգային եւ զանազան յայտագիրներով: Ճամբարին հիւրերը եղան Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեանն ու Արմէնուհի Կիւրեղեանը:
Քրիստինէ Վարդանեանը իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ «հայրենասիրութիւն» հասկացողութեան, իսկ Արմէնուհի Կիւրեղեան կարեւոր նկատեց նման ճամբարները, մանաւանդ` հայութեան եւ հայրենիքին դիմագրաւած այս ծանր օրերուն, որովհետեւ ճամբարները առիթ են գիտնալու հայրենիքին ու հայրենասիրութեան արժէքը, կապ հաստատելու հասակակից սփիւռքահայ ընկերներուն հետ:
Ճամբարի կազմակերպիչներն ու պատասխանատուները դիտել տուին, որ ճամբարներուն ընթացքին երեխաները իրենց առօրեան կ՛անցընեն այնպիսի մթնոլորտի մէջ, ուր անոնք կը դաստիարակուին իբրեւ ազգային մտածողութիւն ունեցող պատանիներ: Շատ կարեւոր նկատուեցաւ, որ երեխան մեծնայ` հասկնալով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ, նուիրուիլ հայրենիքին, ի՛նչ ընել պետականութիւն, ինքնիշխանութիւն ապահովելու համար:
«Մատեաններու Տունդարձը» Կը Շարունակուի
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուոյ դոկտ. Ներսէս Ա. քհնյ. Ներսիսեան նոր նուիրատուութիւն մը ըրաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին:
Լոնտոնաբնակ հայագէտը իր որդւոյն` Տիրան Ներսիսեանի միջոցով, Մատենադարանին յանձնեց 1861-ին Պաղտատի մէջ գրուած «Յիշատակարան սերնդոց տէր Գաբրիէլի Երեւանցւոյ» ձեռագիրն ու յարակից արժէքաւոր վաւերագիրներ, որոնք հարուստ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Իրաքի հայ համայնքի պատմութեան մասին:






