Յօդուածներ

Առցանց Վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» Գիրքը

Առցանց Վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» Գիրքը

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, առցանց վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց պատմութեան» գիրքը: Այս ամփոփ հատորը հանրագիտական-ցուցակագրական բնոյթի հրատարակութիւն մըն է, ուր կարելի է դիւրութեամբ գտնել մեր պատմութեան գլխաւոր փուլերուն դերակատար հանդիսացած դէմքերու անունները եւ անոնց գործունէութեան երեսները` վայրերու եւ թուականներու նշումով, ինչպէս նաեւ` զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային որոշ երեւոյթներու տեղեկագրութեամբ: Այդ բոլորին լաւապէս ծանօթանալու համար հարկ է վերադառնալ...

Սթափելու Ժամանակը

«Վարանդա» Երգչախումբը Կը Շարունակէ Երգել

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին բացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի աշնանային նստաշրջանը: Ոչ մէկ տարբերութիւն նախորդ նստաշրջաններէն: Միեւնոյն որակումները, միեւնոյն անյարգալից ու անպատշաճ խօսելակերպը, միեւնոյն վիրաւորական եւ արժանապատուութիւն խոցող վերաբերումը: Ամառնային արձակուրդը չէ զգաստացուցած իշխանական պատգամաւորները, որոնք կը վերսկսին խօսիլ ու գործել նոյն, մաշած, սակայն միշտ վերանորոգուող ոճով: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը` Նիկոլ Փաշինեան, ճեպազրոյցի մը առիթով յայտարարեց հետեւեալ «գաղափարաբանութիւնը». «Ո՞րն է...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. «Ուղտի Պատմութիւն». Նորագոյն Արար

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Լսեցի՞ր, թէ ի՞նչ փորձանք եկեր է Հայաստան-Փորթուգալ ֆութպոլի մրցումի տոմսերուն գլխուն...- հնչեց վրդոված բարեկամիս ձայնը ընկալուչիս մէջէն: - Լսեցի՜, բարեկա՛մս, լսեցի՜..., մօտաւորապէս երկու շաբթուան պատմութիւն է... - Ասիկա ըլլալիք բա՞ն է,- հնչեց երկրորդ հարցումը` նոյն վրդովմունքով: - Հայաստանի մէջ շատ բան կրնաս արձանագրել այդ «ըլլալիք բա՞ն է» հարցումիդ դիմաց եւ պատասխանել. «Ըլլալիք բան չէ՛»: - Այս չարաշահութիւնը,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Գիրքի Միջազգային 8-րդ Փառատօնը Երեւանի Մէջ Սեպտեմբեր 5-ին Երեւանի մէջ սկիզբ առած է գիրքի 8-րդ միջազգային փառատօնը` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Ազգային պատկերասրահին մէջ, իսկ տօնավաճառը` պատկերասրահի շէնքին կամարներուն տակ: Գիրքի տօնավաճառին կը մասնակցին` 50-է աւելի հրատարակչութիւններ, գրավաճառներ, թանգարաններ, գրադարաններ, կրթամշակութային հաստատութիւններ` իրենց արտադրանքը վաճառելով 20-50 տոկոս պարտադիր զեղչով: Փառատօնի ծրագրին մէջ նախատեսուած են 50 ձեռնարկներ` գիրքի շնորհահանդէսներ,...

Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Համատարած Պայքար Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Համատարած Պայքար Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի մէջ Հայ եկեղեցւոյ դէմ համատարած պայքարը եւ հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու նկատմամբ ահաբեկչական քաղաքականութիւնը լայն ծաւալ ստացած էր: Ազրպէյճանական իշխանութիւններու սանձարձակ ճնշումներուն հակառակ, Արցախի տարբեր բնակավայրներէն պարբերաբար համախօսական գրութիւններ ու խնդրագիրեր կ՛ուղղուէին Սուրբ Էջմիածին` իրենց համար հոգեւոր հովիւներ ձեռնադրելու եւ նշանակելու համար: Սակայն խորհրդային իշխանութիւնները ճնշում կը գործադրէին հոգեւոր իշխանութիւններուն վրայ եւ արգելք կը...

Արցախ Եւ Վերադարձի Իրաւունք․ Քաղաքական Թատրոնէն Դէպի Պատասխանատու Գործ

Արցախ Եւ Վերադարձի Իրաւունք․ Քաղաքական Թատրոնէն Դէպի Պատասխանատու Գործ

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակեց։ Երեսունչորս տարի ետք այս թուականը կը շարունակէ արձագանգ գտնել: Այս տարի եւս ան կը նշուի յիշատակումներով եւ Երեւանի մէջ «Վերադարձ»-ի ընդդիմադիր հաւաքներով ։ Այս հաւաքները կը վկայեն ազգի անսասան կապը Արցախի հետ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնեն, որ պետական գործառնութեան աւելի լուրջ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնուինք։ Հայերուն համար...

Մեր Մշակոյթի Բերքառատ Կաղնին Տապալեցաւ.  Մահ` «Մարմարա» Օրաթերթի Խմբագրապետ` Ռ. Հատտէճեանի

Մեր Մշակոյթի Բերքառատ Կաղնին Տապալեցաւ. Մահ` «Մարմարա» Օրաթերթի Խմբագրապետ` Ռ. Հատտէճեանի

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ.ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այսօր համատարած սուգի օր է Հատտէճեան ընտանիքի անդամներուն, պոլսահայ մեր ժողովուրդին, «Մարմարա»-ի ընթերցողներուն, նաեւ մեզի` Ռ. Հատտէճեանի անմիջական մտերմութեան եւ աշխատակցութեան մէջ ապրած անձերուս համար: Սուգի օր է նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ այն հայերուն համար, որոնք կը սիրեն, կը ծաղկեցնեն եւ կ՛ապրեցնեն հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ անվթար կը պահեն մեր մշակոյթը` որպէս ազգային սուրբ ժառանգութիւն: Այսօր...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Հայկական Պետականութեան Ինքնամերժումը Եւ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վտանգաւոր Առեւտուրը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայկական Պետականութեան Ինքնամերժումը Եւ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վտանգաւոր Առեւտուրը

Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ անգամ մը եւս բացայայտեցին երկրի ղեկավարութեան խորագոյն ճգնաժամը ազգային ինքնութեան եւ պատմական արդարութեան հանդէպ: Հայաստանի ներկայ իշխանական խաւը կը շարունակէ որդեգրել քայլեր, որոնք կը խաթարեն հայութեան միասնական կեցուածքները եւ ուղղակի վնաս կը հասցնեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հայ ժողովուրդի գոյութեան պատմական եւ բարոյական յենասիւներէն մէկն է, այսօր...

Ի՞Նչ Պատասխանատուութիւն Են Կրելու…

Ի՞Նչ Պատասխանատուութիւն Են Կրելու…

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Լիլիթ Գալստեանը հետեւեալ նամակը յղած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին` տեղեկատուութիւն ստանալու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յուշահամալիրում եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ կատարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ. Պաշտօնական նամակով դիմել եմ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարին` ամբողջական տեղեկատուութիւն ստանալու ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐԻ Յուշահամալիրում...

Մեծ Վայելչութեան Արժանանալու Գաղտնիքը

Մեծ Վայելչութեան Արժանանալու Գաղտնիքը

ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու վանքին 19 հոկտեմբեր 20255-ին Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի սրբադասումը Հայոց ցեղասպանութեսան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի: Այդ առիթով պարբերաբար պիտի հրատարակենք անոր մասին գրութիւններ: Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած Մարտինի արք. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը բազմաթիւ հարցադրումներ յարուցեց, թէ ո՞վ է սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս...

Փաշինեան Կը Միանայ Էրտողանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ընդդիմանալու Մէջ

Փաշինեան Կը Միանայ Էրտողանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ընդդիմանալու Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջին շաբաթուան ընթացքին բուռն քննարկում ծաւալեցաւ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բացակայութեան վերաբերեալ, երբ հայկական-ասորական ծագում ունեցող պլոկըր Փաթրիք Պեթ Տաւիտ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին հարցուց, թէ Իսրայէլ ինչո՞ւ չէ ճանչցած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Նեթանիահուն սխալ արձագանգեց. «Իրականութեան մէջ, կը կարծեմ, փաստացի ճանչցած ենք: Քնեսեթը նման բանաձեւ որդեգրած է»: Նեթանիահուն բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, որ ատիկա...

Հայաստան Կ՛արգելակէ Արցախեան Ժապաւէնի Առաջադրումը «Օսքար»-ի Մրցումին

«1489» Ժապաւէնը. Թիւերէն Անդին` Մարդկային Պատմութիւն Մը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Շողակաթը` կանգնած եղբօր լուսանկարին առջեւ (տեսարան` ժապաւէնէն, առուած` Verzio փառատօնի կայքէն) Պատերազմներէ ետք անհետացած զինուորները յաճախ կը վերածուին սոսկ վիճակագրութեան` անանուն թիւերու: Բեմադրիչ Շողակաթ Վարդանեանի անդրանիկ վաւերագրական ժապաւէնը` «1489»-ը, կը խորտակէ այս անմարդկային իրականութիւնը` թիւը վերածելով անունի, կեանքի եւ կորուստի վրայ խոր խոկումի մը, որ կ՛անցնի սահմաններէն ու հակամարտութիւններէն անդին: Ժապաւէնին վերնագիրը կը վերաբերի այն անանուն թիւին, որ...

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շուէտական «Լոքարնօ 78» փառատօնի բացման ժապաւէնն էր Թամարա Ստեփանեանի խաղարկային առաջնեկ (debut) «Արտոյի երկիրը» (Le Pays D՛arto, 105վ, 2025) (1, 2): Մօտ  8 հազար աթոռ ընդունող  հրապարակի վրայ կայացող  փառատօնը շուկայադրական առումով առաջնահերթ չէ, բայց իւրայատուկ է ոչ միայն իր ծաւալով եւ մթնոլորտով, այլ որովհետեւ նախապատուութիւն կու տայ անտեսուած երկիրներու (ինչպէս Հայաստան) եւ առաջնեկ գործերու (ինչպէս Արտոյի երկիրը):...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խաղաղութեան Միֆն Ու Իրարամերժ Տրամաբանութիւնները

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խաղաղութեան Միֆն Ու Իրարամերժ Տրամաբանութիւնները

ԱՄՆ նախագահի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընում կայացուած համաձայնութիւններին անմիջապէս յաջորդեց ՔՊ-ականների, նրանց արբանեակ ուժերի ու ֆէյք հասցէատէրերի խանդավառ գրոհը: Վերեւից նախապէս թելադրուած այս քարոզչական բեմադրութիւնը փորձ էր տպաւորութիւն ստեղծելու, թէ Նիկոլ Փաշինեանը մեծ յաջողութեան է հասել, նոյնիսկ «պալատամերձ» արուեստագէտներից մէկը վարչապետի «ուաշինկթընեան սխրանքը» հաւասարեցրեց Նժդեհի կողմից Սիւնիքը պահելու քաջագործութեան հետ: Մի քանի օր անց նոյն տրամադրութիւնը խաղալով` Նիկոլ Փաշինեանը փորձեց այդ մեծ...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

Հրապարակուած է  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի օգոստոսեան թիւը: Պաշտօնաթերթի այս թիւի յօդուածներուն մեծ մասը նուիրուած է Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւններուն արդիւնքներուն եւ ընդունուած փաստաթուղթերուն, որոնց առանցքը կը հանդիսանայ, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը: Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը այս առիթով «Դրօշակ»-ին տրամադրած յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հայութեան համար շարք մը կարեւոր հանգամանքներու, որոնք կը բխին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Թրամփ Մրցանակի… Մրցակիցնե՞ր Ունի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նոպելեան մրցանակի դատակազմի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կ՛ընեն (եղեր), թէ Նիկոլ Փաշինեանը նկատի պիտի առնուի իբրեւ խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու (թէեւ այս արարածը գիտնական է, տնտեսագէտ, պաշտպանութեան մասնագէտ ու մինչեւ իսկ` աստուածաբան, սակայն նախընտրեր են զինք առնել խաղաղութեան մրցանակի թեկնածուներու ցանկին): Սիրելի՛ ընթերցող, հիմա հարց պիտի տաս, թէ այդ ո՞ր բարիքին համար հաշուի առած են անմօրուս դարձած Փաշինեանը: Քաջածանօթները...

Կոմիտասի Վերջին Գիշերը

Կոմիտասի Վերջին Գիշերը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ Վերջին Դուռը Ապրիլ 1915, Պոլիս: Եօթը հայ մտաւորականներու տուները այցելեցի: Եօթը թաղերու մէջ առջեւս եօթը դուռեր բացուեցան: Եօթը հարսեր եւ եօթը զաւակներ եօթը ժպիտներով ողջունեցին զիս: Սեղանին վրայ գտայ եօթը նկան հացեր, եօթը գինիի բաժակներ: Անոնց քով եօթը ձեռատետրերու վրայ սեւագրուած էին եօթը անաւարտ վէպեր: Ապա այցելեցի Արմէն Տորեանին` 23 տարեկան տղան` եօթներորդ բախտակիցը իր աւագ գրչեղբայրներուն: Իր...

Կը Գերանցե՞նք Ազգի Ներկայի Լեղին

Կը Գերանցե՞նք Ազգի Ներկայի Լեղին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Խաղաղութեան հաստատման ծամածռութիւններու հանդիսատես ենք, կ՛աղմկենք եւ ծափ կու տանք: Կայ ֆրանսական ասութիւն մը, որ կ՛ըսէ` «Օձեր կուլ տալ» («avaler des couleuvres»), որ կը նշանակէ հանդուրժել եւ ընդունիլ ամէն չարիք եւ անարդարութիւն: Կարծէք մեր ժողովուրդը «օձեր կուլ տալու» դատապարտուած է, որպէսզի այս կամ այն ձեւով գոյութիւն պահէ: Կամ մեզ կը ստիպեն այդ ընել, որպէսզի  կարենանք ապրիլ: Շաբաթներէ ի...

– Ազգային Թաղում –  Տիար Երջօ Սամուէլեանի

Բարերարը Յիշելը Միշտ Անհրաժեշտ Է

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին մէջ վարչական, միութենական, կրօնական, կրթական թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու ամբողջացման, յարատեւման եւ գոյութեան համար բարերարներու նեցուկ կը փնտռենք: Ինքնակամ կամ թելադրուած բարերարներ կը փնտռենք: Շատ յաճախ ալ տարուած գործը, աշխատանքը կը գնահատենք անոր կենդանութեան կամ` յետ մահու: Բարերարներ նաեւ անպայման միայն նիւթական մեծ ներդրում ընողները չեն, տարիներով ծառայողները, գործերը տեղ մը...

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Արժանաւոր Նուիրեալին Յիշատակը Անթառամ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Արժանաւորներու յիշատակը նման է յաւերժ  վառ անմար կանթեղին: Լիբանանահայ  համայնքի պատմագրութեան մէջ արժանաւորներու առաջիններէն պիտի մնայ  Երջօ Սամուէլեանի երախտիքը: Երջօ Սամուէլեան իր իսկ կեանքին օրինակով, բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ  ծառայութիւններով անմոռանալի եւ ուսանելի  յիշատակներ ձգեց լիբանանահայ համայնքի  սերունդներուն մէջ: Անհուն սիրով եւ   նուիրումով օժանդակեց բոլորին, անխտի՛ր` կրթական հաստատութիւններուն, մշակութային միութիւններուն, հայ մամուլին, կարիքաւոր ընտանիքներուն, որովհետեւ կը հաւատար լիբանանահայ համայնքի...

Page 83 of 1110 1 … 82 83 84 … 1,110

Արխիւներ