Յասմիկ Տէր Կարապետեան (ԼԺ.) Այսպէս Էր Յասմիկը
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, Երբեմն աննշան թուացող դէպքերն իսկ ճակատագրական դեր կը կատարեն ու հետք կը ձգեն մեր կեանքին վրայ: Այդ օր թատրոն գացած էի պարզապէս հաճելի ներկայացման մը ներկայ ըլլալու համար: Սակայն դերասանուհիներէն մէկը խիստ տպաւորեց զիս, եւ հետագային այս մէկը վերածուեցաւ լուրջ ընկերութեան: Ուրեմն այսպէս. Երեւան, 1974, Ձմեռ Յասմիկ Տէր Կարապետեան Այդ տարիներուն վարձով կ՛ապրէի Երեւանի երաժշտանոցին կողքին...




















