Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարապետեան vs. Միրշայմըր Կամ Ինչո՞ւ Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Իրապաշտութիւնը

Սեպտեմբեր 1, 2025
| Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Կը ներկայացնենք «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Րաֆֆի Արտալճեանի  Why Armenia Needs Realism and Serious Debate, Not Personal Attacks յօդուածի  հայերէն թարգմանութիւնը: 

Պատասխան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանի՝ հայ գիտնականներու վրայ կատարած յարձակումներուն

Մարիա Կարապետեանը՝ Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն եւ գաղափարախօսներէն մէկը, վերջերս Դիմատետրի մէջ գրառում մը կատարած է՝ քննադատելով երկու հայ գիտնականներ Արման Գրիգորեանին եւ Արթուր Խաչիկեանին։ Գաղափարները քննարկելու փոխարէն, ան գրած է.

«Փրոֆեսէօրներ Խաչիկեանն ու Գրիգորեանը Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի կամ թէկուզ անոր մէկ մասին նկատմամբ իրենց արհամարhանքը յաճախ կը փորձեն թաքցնել արեւմտեան ակադեմական շրջանակներու գիտական դիրքորոշումներուն ետեւ»:

Սա գաղափարներու քննադատութիւն չէ, այլ անձնական յարձակում դրդապատճառներու եւ խառնուածքի վրայ։

Յիշեցնեմ, թէ որո՛նց կը քննադատեն։ Ինք՝ Կարապետեանը, լեզուաբանութեան պսակաւորի եւ խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու մագիստրոսի աստիճաններ ունի Ռոմա Թրէ համալսարանէն։ Դոկտոր Արման Գրիգորեանը քաղաքագիտության դոկտորի աստիճան ունի Քոլումպիայի համալսարանէն եւ միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան Չիքակոյի համալսարանէն, ուր ուսանած է Ճոն Միրշայմըրի՝ յառաջատար իրապաշտ տեսաբաններէն մէկուն մօտ։

Դոկտոր Արթուր Խաչիկեանը միջազգային յարաբերութիւնների դոկտորի աստիճան ունի Սթենֆըրտի համալսարանէն, ուր անոր դոկտորականի նիւթը մեծ տէրութիւններու քաղաքականութիւնն էր։ Անոնք արեւմտեան անուններու ետեւ «թաքնուած» օտարերկրացիներ չեն, այլ արեւմտեան կրթութիւն ստացած գիտնականներ, որոնք տասնամեակներու լուրջ հետազօտութիւններ բերած են Հայաստանի շուրջ ընթացող բանավէճին։

Իր գրառումին մէջ Կարապետեան կը նշէ, որ իրապաշտութիւնը «յատկապէս մեծ տէրութիւններու» մասին տեսութիւն է, եւ որ Միրշայմըրը «պարզապէս չունի փոքր պետութիւններու մասին տեսութիւն»։ Սակայն, նոյն գրառումին մէջ ան կը մէջբերէ Միրշայմըրի 1993 թուականի «Ուքրանիոյ հիւլէական զսպման գործը» (“The Case for a Ukrainian Nuclear Deterrent”) յօդուածը, որ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է Ուքրանիոյ նման խոցելի պետութիւն մը գոյատեւէ մեծ տէրութեան դէմ պայքարին մէջ։ Կարելի չէ Միրշայմըրը փոքր պետութիւններու հարցին մէջ նկատել ոչ բանիմաց եւ միեւնույն ժամանակ հիմնուիլ անոր խորհուրդներուն վրայ անոնցմէ մէկուն հարցով։

Ամէնէն անհանգստացնողը այն է, որ Կարապետեան ինք կը դիմէ Միրշայմըրի հեղինակութեան՝ փաստարկներ բերելու կամ գիտնականներու փաստարկներուն անդրադառնալու փոխարէն։ Ան այդպէս ալ չի նշեր, թէ (այս պարագային) դոկտոր Գրիգորեանի փաստարկներուն ո՛ր մասը անտրամաբանական կամ անհիմն է։ Անոր պնդումներէն որո՞նք «մեքենականօրէն» կիրարկուած են Հայաստանի նկատմամբ այնպէս,
ինչպէս պէտք չէր կիրարկուէին։ Ինչպէս կ՛ըսեն՝ «սատանան մանրուքներուն մէջ է», սակայն Կարապետեան կը նախընտրէ մակերեսային մօտեցումը։

Աւելի լայն պարունակի մէջ, Հայաստանի մէջ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ բանավէճերուն մեծ մասը իրականութեան մէջ կը վերաբերի մեծ տէրութիւններու մրցակցութեան։ Այս իմաստով իրապաշտութիւնը ոչ միայն արդիական է, այլեւ անհրաժեշտ մեր ազգային խօսոյթին համար։
Ամէնէն տարօրինակը այն է, որ ան այնուհետեւ այս հարցին կը խառնէ Ճեֆրի Սաքսը՝ գրելով. «Անոնք նաեւ կը մէջբերեն Ճեֆրի Սաքսը…»: Այնուհետեւ արագօրէն կ՛ընդունի, որ Սաքսը «բոլորովին ալ իրապաշտ չէ», բայց նաեւ կ՛ընդգծէ անոր այն տեսակէտը, որ Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Վրաստանը
պէտք է «մէկզմէկու կողքին կանգնին» եւ Հարաւային Կովկասը վերածեն խաչմերուկի: Սակայն Սաքսը զարգացման տնտեսագէտ է, ոչ թէ իրապաշտ կամ փոքր պետութիւններու անվտանգութեան փորձագէտ:
Համագործակցութեան յոյսով լի անոր տեսլականը, որքան ալ հիացմունք յառաջացնէ, չի լուծեր Հայաստանի առջեւ ծառացած խիստ երկընտրանքները, ո՛չ էլ այն իրապաշտական պարունակին յառաջացուցած հարցերը, զորս դոկտոր Գրիգորեանն ու դոկտոր Խաչիկեանը փորձած են կարեւոր նկատել
իրենց հարցազրոյցներուն մէջ:

Այսօր Հայաստանի հանրային խօսոյթին մէջ շատեր կուսակցական դիրքորոշումներ կ՛որդեգրեն՝ ներքաշուելով սուր քաղաքական անհամաձայնութիւններու մէջ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ երկիրը կը շարունակէ մնալ յետպատերազմեան ճգնաժամի մէջ։

Ես չեմ պատկանիր գաղափարախօսական նոյն դպրոցներուն, որոնց կը պատկանին դոկտոր Գրիգորեանի եւ դոկտոր Խաչիկեանի նման գիտնականները, բայց խորացուած բանավէճի կողմնակից եմ։ Մեզմէ ոմանք այս քննարկումներուն կարծր «այո»-ի կամ «ոչ»-ի կողմնակից չեն։ Ատոր փոխարէն մենք կը փորձենք դիտարկել այն մոխրագոյն երանգները, որոնց այսօր կը բախին Հայաստանն ու ազգը։ Տեղեկացուած կարծիքները կը ձեւաւորուին երկխօսութեան, բանավէճի, իրական մտաւոր փոխանակումներու միջոցով։ Նման փոխանակումը չափազանց յաճախ կը բացակայի այսօրուան հայկական քաղաքականութեան մէջ։

Հայաստան կը բախի գոյաբանական մարտահրաւէրներու, որոնք կը պահանջեն ուշադիր վերլուծում, այլ ոչ թէ քաղաքական թատրոն: Երբ քաղաքական գործիչները կասկածի տակ կը դնեն գիտնականներու հայրենասիրութիւնը, այլ ոչ թէ անոնց փաստարկները, անոնք կ՛աղքատացնեն ազգային խօսոյթը: Դոկտոր Գրիգորեանը եւ դոկտոր Խաչիկեանը իրենց ասպարէզը նուիրած են հասկնալուն, թէ ինչպէս փոքր պետութիւնները կրնան դիմակայել մեծ տէրութիւններու մրցակցութիւնը: Անոնց փորձը՝ կուտակուած տասնամեակներու ընթացքին համաշխարհային մակարդակի հաստատութիւններու մէջ կատարուած հետազօտութիւններով, յառաջատար ամսագիրներու մէջ հրապարակումներով, արժանի է ուշադրութեան,
այլ ոչ թէ անձնական յարձակումներու։

Եթէ Մարիա Կարապետեանի նման քաղաքական գործիչները կը նախընտրեն աժան միաւորներ վաստկիլ «լեզուաբանական կրթութենէն կամ խաղաղութեան դպրոցի կրթութենէն» քաղուած սխալ փաստարկներով եւ անձնական քննադատութիւններով, այլ ոչ թէ միջազգային յարաբերութիւններու լուրջ փորձէն, անիկա պէտք է վիճարկուի փաստերով եւ առողջ դատողութիւններով։ Գիտնականները, որոնց վրայ կը յարձակի
Կարապետեանը, երբեք չեն թաքնուած որեւէ մէկու հեղինակութեան ետեւ. անոնք առաջ քաշած են իրենց սեփական փաստարկները եւ հիմնաւորած են զանոնք։

Հայաստանի ապագան՝ իբրեւ փոքր պետութիւն, կախուած է իրապաշտութենէն, լուրջ բանավէճերէն եւ իրարու հետ աշխատելէն, այլ ոչ թէ անձնական յարձակումներէն։ Մենք պէտք է զարգացնենք մշակոյթ մը, ուր անհամաձայնութիւնները կը սրեն մեր մտածողութիւնը, այլ ոչ թէ կը բաժնեն մեզ։

«ՄԵՏԻԱՄԱՔՍ»

Թարգմանութիւնը՝ Տիանա Մանուկեանի

Այս յօդուածը թարգմանուած եւ հրապարակուած է  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ : Յօդուածին մէջ արտայայտուած միտքերը պարտադիր չէ, որ արտացոլեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կամ «Մետիամաքս»-ի տեսակէտները:

Նախորդը

Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ Ու Համաձայնական Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?