2 սեպտեմբերը Արցախի Հանրապետութեան օրն է: Արդարեւ, 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի ժողովուրդը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկեց այս անկախութեան հանրաքուէին:
Վաղ առաւօտուն հապճեպով գրի կ՛առնեմ այս տողերը, որովհետեւ 2 սեպտեմբերի այս օրը լիքն է ձեռնարկներով: Ձեռնարկներ, որոնց կ՛ուզեմ անպայման մասնակից ըլլալ:
Առաւօտուն Եռաբլուրի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2020-2023 դէպքերու եւ պենզակայանի պայթումի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութիւնը:
Կէսօրին բացումը պիտի կատարուի «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» միջազգային խորհրդաժողովին: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ: Պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի բազմաթիւ երկիրներէ մասնագէտներ: Քննարկման առարկայ նիւթերը հետեւեալներն են.
– Ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով հակամարտութիւնները լուծելու անթոյլատրելիութիւնը,
– Արցախի հարցի չլուծուած մնալուն հետեւանքները,
– Արցախահայութեան հայրենիք վերադարձի իրաւունքի իրացման անհրաժեշտութիւնը,
– Տարածաշրջանի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման հեռանկարները,
– Ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ հանգրուանը եւ ընթացող գործընթացներու վտանգաւոր միտումները,
– Միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը եւ արդար ու կայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը,
– Անցեալի փորձի կիրարկումը ներկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ,
– Արցախահայութեան շահերու պաշտպանութիւնը եւ վերադարձի իրաւունքի իրացումը` որպէս կայուն խաղաղութեան նախապայման,
– Մշակութային ժառանգութեան պահպանման հրատապութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ,
– Գերիներու վերադարձի եւ մարդկայնական հարցերու հրատապ լուծումը որպէս փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման հիմք:
Հարկ էր, որ օրակարգային այս բոլոր հարցերը հետապնդուէին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Գիտենք սակայն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժեն առնչուիլ Արցախին վերաբերող հարցերուն: Իրենց համար Արցախի հարցը փակուած է վերջնականապէս, ու այդ հարցի արծարծումը կը հակասէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի պահանջներուն:
Հայաստանի ու սփիւռքի հայ հանրութեան մեծամասնութեան համար արցախեան հակամարտութիւնը չէ լուծուած: Փաստելու համար ժողովրդային մերժումի իրողութիւնը, երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ «Միասնութեան հանրահաւաք»` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան օրուան: Հանրահաւաքը ցոյց պիտի տայ, որ Արցախը չենք ուրանար, չենք մոռնար եւ չենք լռեր: Արցախի գաղթական ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը երաշխաւորուած է միջազգային օրէնքով եւ մարդու իրաւունքներու յուշագրով:
Խորհրդաժողովի ու հանրահաւաքի օրակարգերու կենսաւորման համար անհրաժեշտ է ժողովրդային միասնականութիւն` ազգային բոլոր ուժերու միաւորման միջոցով:
Հայաստան կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ուժերու պայքարի խաչմերուկին: Իշխանութիւնները ու յատկապէս անոնց ղեկավարը ընտրած են անձնատուական պարզամիտ լուծում մը. իրերայաջորդ զիջումներու միջոցով ապահովել խաբուսիկ ու ժամանակաւոր խաղաղութիւն մը, որ կ՛ենթադրէ ոչ միայն հրաժարում բնական իրաւունքներէ, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդի նկարագրի խաթարում, ազգը բնորոշող կենսաչափանիշներու կամայական փոփոխութիւն: Անընդունելի այս վարքագիծը սրբագրելու միակ միջոցը իշխանափոխութիւնն է, յառաջացումը` ազգային վճիտ դիմագիծով իշխանութեան մը, որ կը համախմբէ բոլորը, անխտի՛ր բոլորը` ազատագրական պայքարին շուրջ: