Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կողմէ Հալածանքներ Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Եկեղեցականներուն Դէմ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Սեպտեմբեր 3, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոյին ճնշումով, Ազրպէյճանի կազմէն ներս 7 յուլիս 1923-ին Արցախի տարածքի մէկ մասին վրայ կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը:

Բոլշեւիկներ լաւ կը հասկնային, որ բացարձակ մեծամասնութեամբ հայաբնակ Արցախի Ազրպէյճանի բռնակցումը պատմական եւ ազգագրական ոչ մէկ հիմնաւորում ունի, եւ իբրեւ փոխհատուցում ընդունեցին ինքնավար կարգավիճակ շնորհել շրջանին:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին սահմանները գծուեցան այնպէս, որ անիկա Խորհրդային Հայաստանի հետ անմիջապէս շփման հնարաւորութիւն չունենայ:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ 16 յուլիս 1923-ին արհեստականօրէն կազմաւորուեցաւ Կարմիր Քիւրտիստանը:

Արցախի արեւմտեան կողմը, Մռաւի լեռներէն մինչեւ Արաքս գետ երկարող գօտիին մէջ դարեր առաջ քրտական քոչուոր ցեղեր կեդրոնացած եւ ժամանակի ընթացքին մասամբ նստակեցութեան անցած էին:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ սահմանը սկիզբը Հագարի գետն էր, բայց յետոյ, նոր սահմանագծումով ստեղծուեցաւ Լաչինի միջանցքը:

Եօթը քիլոմեթր երկարութեամբ Լաչինի միջանցքին ստեղծումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ամէն կողմէ շրջափակուեցաւ:

Կարմիր Քիւրտիստանի մայրաքաղաք հռչակուեցաւ Լաչինը, բայց անոր պետական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները տեղակայուեցան շրջանէն դուրս` Շուշիի մէջ:

* * *

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները լաւ գիտէին, որ Հայ եկեղեցին հայկական ինքնութեան միջնաբերդն է, եւ որոշեցին առաջին հարուածը անոր հասցնել:

Համայնավարական միջազգայնական գաղափարախօսութեան տարածման եւ ամրապնդման անուան տակ, Հայ եկեղեցին նկատուեցաւ ազգայնական հաստատութիւն եւ անյարիր խորհրդային հասարակարգին:

Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին Համայնավար կուսակցութիւնը հակակրօնական աշխուժ քարոզչութիւն եւ գործունէութիւն ծաւալեց:

Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ Հայ եկեղեցւոյ դէմ հակակրօնական քաղաքականութիւնը գործադրուեցաւ նպատակադրուած քայլերով եւ ծայրայեղ դաժանութեամբ:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Հայ եկեղեցին կը նկատէին հակաազրպէյճանական շարժման կեդրոն: Որոշուեցաւ հետեւողականօրէն ոչնչացնել հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը եւ հոգեւորականները հաշուեյարդարի ենթարկել:

Իբրեւ առաջին քայլ ազրպէյճանական իշխանութիւնները սկսան հովանաւորել եկեղեցւոյ դէմ հանդէս եկող «ազատ» հոգեւորականները:

* * *

Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ձեռքը առաջին հերթին գործիք դարձաւ Ամարասի վանահայր Սուրէն վարդապետը: Իբրեւ հակադարձութիւն, Արցախի թեմի առաջնորդ Անանիա արքեպիսկոպոս Համազասպեան Սուրէն վարդապետը զրկեց վանահայրութենէն եւ թեմական ու վարչական բոլոր պաշտօններէն:

Խանքենդի (այժմ` Ստեփանակերտ) աւանի նախկին ծխատէր եւ Արցախի թեմի հոգեւոր խորհուրդի անդամ Զաւէն քահանայ Ադամեան 13 օգոստոս 1923-ին իր նախկին ծխականներէն նամակ ստացաւ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը իրենց մօտ նշելու: Յաջորդ օր ան մեկնեցաւ Խանքենդի եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագ մատուցեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց: Մէկ օր ետք կառավարութիւնը գրաւեց եկեղեցին: Զաւէն քահանայ օգոստոս 19-ին նամակ գրեց Անանիա արքեպիսկոպոսին, ուր կը յայտնէր, որ Խանքենդիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին եւ անոր ունեցուածքը բռնագրաւուած են կառավարութեան կողմէ, եկեղեցին դարձուցած են պահեստատեղի, իսկ քահանայի սենեակը` արհեստանոց:

Եկեղեցւոյ դէմ ոտնձգութիւններէն վրդոված Անանիա արքեպիսկոպոս 12 մարտ 1924-ին բողոքի նամակ ուղարկեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի Գործադիր կոմիտէին: Պատասխան նամակով Գործադիր կոմիտէն յիշեցուց, որ եկեղեցին «Ժողովուրդի ազատ կամքին եւ խիղճին» ձգուած է:

Նշենք, որ այս ժամանակ Խանքենդի աւանը ի պատիւ Ստեփան Շահումեանի վերանուանուեցաւ Ստեփանակերտ եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մայրաքաղաքը հռչակուեցաւ:

* * *

Ազրպէյճանական իշխանութիւններու դրդումով բոլշեւիկներ Հերհեր գիւղին մէջ Մարկոս Ադամեանի գլխաւորութեամբ ժողով գումարեցին եւ որոշեցին գիւղի եկեղեցին թատրոնի վերածել: Անոնք եկեղեցւոյ սրբազան մատեանները եւ ծիսական առարկաները մէկ կողմ նետեցին եւ ոչնչացուցին: Այսպիսով ընթացք առաւ տարբեր գիւղերու մէջ եկեղեցիները թատրոնի, ժողովատեղիի կամ պահեստանոցի վերածելու որոշումը:

Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ հալածանքներէն վրդոված շատ մը քահանաներ սկսան հեռանալ: Միւս կողմէ, գործող եկեղեցիներէն չափէն աւելի բարձր տուրքեր սահմանուեցան, արագացնելու համար անոնց փակումը:

Անանիա արքեպիսկոպոս, Զաւէն քահանայ Ադամեանին գրած նամակին մէջ կ՛ըսէր, որ «Ի նկատի ունենալով այդ տարօրինակ երեւոյթները եւ քրիստոնէական եկեղեցու ծաղրելը», եւ քանի որ անոր առաջքը առնելը իր ուժերէն վեր էր, ստիպուած կը խնդրէր քահանայէն «հեռանալ» իր պաշտօնէն:

Անանիա արքեպիսկոպոս նաեւ բողոքի նամակ գրեց Ստեփանակերտի խորհուրդի նախագահ Յարութիւն Շադունցին, որովհետեւ ան «յատուկ անմարդասէր բնաւորութիւն ցոյց տուաւ եւ արգելք հանդիսացաւ» հաւատացեալներու գործունէութեան: Թեմակալ առաջնորդը խնդրեց կարգադրել «վերոգրեալ երեւոյթներուն վերջ տալ» եւ հնարաւորութիւն տալ Զաւէն քահանային հեռանալու Արցախէն:

Զաւէն քահանայ Ադամեան Անանիա արքեպիսկոպոսի յանձնարարութեամբ շրջեցաւ Վարանդայի գիւղերը, տեսաւ ժողովուրդը հիասթափուած, իսկ քահանաները գանգատեցան, որ զիրենք բարոյապէս ընկճելէ զատ, տնտեսապէս ծայրայեղ չքաւոր վիճակի մատնած են: Ամէն գիւղի մէջ քահանաները կը յայտնէին որ կ՛ուզէին հրաժարիլ քահանայագործելէ եւ այլ գործերով զբաղիլ, որպէսզի կարենան իրենց գոյութիւնը ձեւով մը քարշ տալ:

Պաշտօնէ հրաժարող կարգ մը քահանաներ, տեղական իշխանութիւններու պահանջով, յաճախ անամօթ հրաժարականներ ներկայացուցին: Այսպէս, Շեխեր գիւղի հրաժարեալ քահանան Վարանդայի շրջանի լուսաւորչական բաժինին կը գրէր. «Խորհրդային կարգերը Ղարաբաղ մտնելուց, ես միանգամայն համոզւում եմ, որ հոգեւորականութիւնը սկզբից մինչեւ մեր օրերը եղել է ժողովրդին խաբող մի դասակարգ, շահագործելով զանազան աստուածների ու սրբերի անուան տակ»:

* * *

Անանիա արքեպիսկոպոս 1 մայիս 1924-ին նամակով դիմեց Էջմիածին` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, հաղորդելով որ «Երից մանկանց վանքի տանիքի համար պատրաստուած թախտափուշի տախտակներն 1900 կտոր, բռնագրաւուել են տեղական խուզարկուները»:

Արցախի թեմի առաջնորդ Անանիա արքեպիսկոպոս, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր ազգին եւ եկեղեցիին ծառայութեան, այլեւս անկարող հանդուրժելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող անօրինութիւնները եւ «Ի նկատի ունենալով ժամանակիս ծանր ու անտանելի անցուդարձն», վճռեց հրաժարիլ «այդպիսի պատասխանատու ծանր պաշտօն վարել»: Ան 3 յունիս 1924-ին Գէորգ Ե. ամենայն հայոց կաթողիկոսին տնօրինութեամբ ազատ կացուցուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն եւ Էջմիածին վերադարձաւ:

* * *

Գէորգ Ե. կաթողիկոսի հրամանով Մայր Աթոռի միաբան Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան 26 փետրուար 1925-ին Արցախի թեմի առաջնորդ եւ Գանձասարի ու Ամարասի վանքերու վանահայր նշանակուեցաւ: Թեմի նոր կեդրոն ճանչցուեցաւ Գանձասարի վանքը:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան Արցախ հասաւ 7 ապրիլ 1925-ին: Կը յիշուէր, որ այդ օրերուն թեմին մէջ «ոչ միայն ոեւէ հոգեւոր ներկայացուցչութիւն գոյութիւն չունէր, այլեւ ամբողջ շրջաններ, քահանայք եւ ժողովուրդ դադրել են եկեղեցական ծէս եւ արարողութիւն կատարելուց, նոյնիսկ հայի համար ամենանուիրական տօներին` Ծննդեան ու Զատկին»:

Այսպիսի դառն ժամանակ հասնելով Արցախ, Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ շնորհիւ իր եկեղեցական, քարոզչական եւ վարչական ունակութեան ու անդուլ աշխատանքի, կրցաւ վերականգնել եկեղեցական կեանքը: Գիւղէ գիւղ շրջելով ու քարոզելով, բոլոր գիւղերուն մէջ նշանակեց թեմական խորհուրդ, գործակալներ եւ հոգաբարձուներ: Այս բոլորին շնորհիւ թեմին հոգեւոր գործերը իրենց բնականոն հունին մէջ մտան: Ան շուտով հաւատացեալներու սիրոյն եւ յարգանքին արժանացաւ:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետի առաջին գործերէն մէկը եղաւ այցելել Լեռնային Ղարաբաղի Կենտգործկոմի նախագահ Արմենակ Ղարագէօզեանին: Ղարագէօզեան վարդապետը ընդունեց յարգանքով եւ խոստացաւ օգնել թեմին գործերը կարգաւորելու համար:

Գէորգ Ե. կաթողիկոսին նամակ գրելով Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ կը յայտնէր, որ Ղարաբաղի տնտեսութիւնը քայքայուած է, բերքը չափազանց քիչ, եղածին ալ մեծ վնաս հասցուցած են մուկերը: Վարդապետը կը շարունակէր ըսելով. «Երկու տարի է, ինչ եկեղեցու զանգի ձայն ոչ մի տեղ չի լսուել…, Սուրբ պատարագ չի մատուցել, մկրտութիւն ու պսակ եկեղեցու ծէսով չի կատարուել»: Ան կ՛եզրափակէր ըսելով որ հակառակ այս բոլորին «Ժողովրդի մէջ վառ է կրօնական զգացմունքը»:

Իր զեկոյցին մէջ Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ կը յայտնէր նաեւ որ անցնող երկու տարիներու ընթացքին իրենց կարգը ձգած են Նորաշէնի, Մաշադիշէնի, Հացիի, Կաղարծիի, Հաղորտիի, Ղուզէ Ճարտարի, Խնուշինակի, Գիշիի, Սարուշէնի, Խաչմաչի, Տօնավարզի, Շուշիի, Շեխերի, Ղարաբուլաղի, Հարաւի, Քռասնիի, Բալուջայի, Խանաբադի, Ծմակահողի, Վաղուհասի, Կուսապատի, Մարտակերտի, Մատաղիսի, Խծաբերդի, Նախիջեւանիկի, Ղզղալայի եւ Տողի քահանաները: Կարգաթող քահանաները, չդիմանալով արտաքին եւ նիւթական դաժան ճնշումներուն, յայտարարած էին, որ իրենք մինչեւ օրս խաբած են ժողովուրդը:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ կը յիշէր նաեւ որ տեղական իշխանութիւնները բռնագրաւած են Ստեփանակերտի, Մուշկապատի, Սխտորաշէնի, Հաղորտիի, Խնուշինակի, Ննգիի, Կուսապատի եւ այլ գիւղերու եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ Ամարասի եւ Երից Մանկանց վանքերու սրբութիւններն ու հնութիւնները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն
Պատմական

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն

Սեպտեմբեր 17, 2025
Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Համատարած Պայքար Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ
Պատմական

Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Համատարած Պայքար Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Սեպտեմբեր 10, 2025
Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը
Պատմական

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը

Օգոստոս 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?