Արցախի հայութեան Հայաստանի վերամիաւորուելու արդար պահանջին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանած էին ջարդերով ու բռնութիւններով:
Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը 1 դեկտեմբեր 1989-ին որոշում տուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման:
Հայաստան 23 օգոստոս 1990-ին Անկախութեան հռչակագիր ընդունեց եւ ձեռնամուխ եղաւ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու օրինական գործընթացին:
Ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան (օմոն) ջոկատները, խորհրդային զօրքերուն աջակցութեամբ, 1991-ի ապրիլի վերջաւորութենէն մինչեւ օգոստոս «Օղակ» (Կոլցօ) ռազմական գործողութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի, Շահումեանի շրջանի եւ Գետաշէնի ենթաշրջանի հայ բնակչութեան նկատմամբ ահաբեկչութեան ձեռնարկեցին: Բուռն մարտերէ ետք Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը հայաթափուեցան, իսկ Մարտակերտի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ հայկական շարք մը գիւղեր հիմնայատակ կործանեցան:
Ազրպէյճան 30 օգոստոս 1991-ին անկախութիւն հռչակեց:
Ստեփանակերտի մէջ 2 սեպտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը:
Նստաշրջանը, արտայայտելով ժողովուրդին կամքը, որ ամրագրուած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգի մասին» օրէնքով, ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններէն ներս Արցախի Հանրապետութեան հռչակման մասին հռչակագիրը:
Քանի մը ամիս ետք` 10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ, որուն մասնակցեցաւ Արցախի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը: Քուէարկողներուն աւելի քան 99 առ հարւրը թեր քուէարկեց անկախութեան:
Այսպիսով Արցախը հռչակեց իր անկախութիւնը: