Արցախի Անկախութեան օրը` 2 սեպտեմբերին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականներ եւ Արցախի ու Հայաստանի քաղաքական դէմքեր Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ օծեցին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանի եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի նախաձեռնութեամբ կանգնած «Արցախի կանչ» յուշակոթողը: Անիկա նուիրուած է Արցախի պատերազմներուն զոհուած հերոսներուն, Արցախի մէջ հանգչող մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ` 25 սեպտեմբերին պաշտպանութեան բանակի վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ պատահած պայթումի զոհերու յիշատակին: Նոյն ատեն յուշարձանը դարձաւ սրբավայր մը այն ընտանիքներուն համար, որոնք ստիպուած եղած են առյաւէտ հեռացած իրենց սիրելիները ձգելու Արցախի մէջ, անոնք հոս կրնան աղօթել, սգալ եւ դարձեալ զգալ հոգեւոր կապը անոնց հետ:
Օծման արարողութեան ընթացքին յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Ռոբերտ Ասկարեան ըսաւ, որ անիկա Արցախի հետ անխզելի կապը կը խորհրդանշէ: «Արցախեան արմատը չի չորնար եւ միշտ պիտի մնայ հողին մէջ», ըսաւ ան: Ճարտարապետներ Վլադիմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները յուշարձանին տուած են այդ անմար պատգամը կրելու ձեւը:
Տարածքը, որուն վրայ մշակուած է նախագիծը, շուրջ 500 քառ. մեթր է, բուն կոթողը 6 մեթր բարձրութիւն ունի:
«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան առանցքային դեր ունեցած է ծրագիրի իրականացման մէջ: Ան իր ընտանիքին հետ ֆինանսաւորած է շինարարութիւնը, եւ օծման օրը ան կանգնեցաւ զոհուածներուն ծնողներուն կողքին: «Մարդիկ գերեզման չունին: Ասիկա կառուցուած է հոգիի մխիթարութեան համար, ժամանակաւոր է` մինչեւ վերադառնանք Արցախ», նշեց Վանեցեան:
«Դժուար է ելոյթ ունենալ վայրի մը մէջ, ուր յուղարկաւորուած են անձեր, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են, հերոսացած են յանուն այն բանին, որ մենք ունենանք Հայաստանի Հանրապետութիւն, ունենանք Արցախի Հանրապետութիւն, որ` մենք կարողանանք այս օրը նշել որպէս Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օր», արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ Շահրամանեան` աւելցնելով. «Ցաւօք սրտի, մենք յայտնուած ենք դաժան իրականութեան մէջ: Իրականութիւնը այն է, որ Արցախը կը նկատուի Հայաստանի վիզին թոկ, որմէ պէտք էր ձերբազատիլ, որպէսզի ստանանք կարելիութիւն` պահպանելու Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Հոս հանգչող մարդիկ զոհուած են յանուն Արցախի, պայքարած են յանուն Արցախի, բայց, ցաւօք սրտի, այսօր իրենց հարազատներն ու հազարաւոր արցախցիներ իրենց հայրենիքին մէջ գաղթական կը նկատուին»:
Շահրամանեան նշեց, որ յայտնուելով այս իրականութեան մէջ 2023-ի սեպտեմբերին, բռնի տեղահանումէն ետք, բազմաթիւ հանդիպումներ ունենալով իր հայրենակիցներուն հետ` եկած են այն եզրակացութեան, որ անհրաժեշտութիւն կայ Եռաբլուրի մէջ ունենալու այսպիսի յուշակոթող մը: «Մենք անպայման մեր մտքին մէջ պէտք է պահենք հաւաքական մեր վերադարձի յոյսն ու հաւատը, եւ ես համոզուած եմ, որ օր մը անիկա իրականութիւն պիտի դառնայ», շեշտեց Շահրամանեան: