Ընտրական Քրոնիկ. Զուգահեռներ` Լիբանանի 1972-ի Եւ 2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Միջեւ
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 1972-ին գիշերօթիկ աշակերտ էի Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Նոյն ժամանակ մաս կազմած եմ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան: Ծարաւ էի գիտութեան ու զարգացումի եւ ինկած էի այդ պապակը յագեցնելու ճիշդ միջավայրը: Այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները: Իսկ այդ տարիքին նոր սկսած էինք ըմբռնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրական դաշինք, ընտրական շրջան...


















