Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Ապրիլ 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 23-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգիսեանի ներկայացուցած հրաժարականով Հայաստանը նոր փուլ թեւակոխեց: Փուլ մը, որ տակաւին նոր պիտի ամրապնդուի, եւ անոր ընդհանուր յատկանիշները յայտնի պիտի ըլլան յառաջիկայ օրերուն:

Հայաստանը փրկուեցաւ խուճապային, արիւնահեղութեան եւ արտաքին միջամտութեան մթնոլորտներէն` շնորհիւ հայ ժողովուրդի հայրենասիրական զգացումներուն: Խաղաղ ցոյցերուն շնորհիւ եւ խաղաղ քաղաքական հոլովոյթի հիմամբ, կառավարութիւնն ալ հրաժարեցաւ:

Ժողովուրդին առօրեայ կեանքը պէտք է վերադառնայ իր բնականոն հունը եւ նորոգուի` յանուն հայրենիքի բարգաւաճման:

Մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթը փաստած է, որ փոփոխութիւնը տեղի չ՛ունենար միայն անձի մը տապալումով  (ինչպէս որ կը կարծեն շատեր), այլ ամբողջական համակարգային փոփոխութեամբ` իր ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ազդակներով: Ներկայ ժամանակաշրջանին տիրական եղող շուկայական մենաշնորհային, ընկերային պահպանողական եւ քաղաքական փտածութեան համակարգը պէտք է արտամատախիլ ըլլայ:

Անշուշտ այլընտրանքը չի կրնար դառնալ ազատականութիւնը իր երկու տարբերակներով` դասական եւ նոր: Այդ երկու տարբերակները միայն անձեր պիտի փոխեն, արտաքին յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին որոշ երկրի մը հետ, իսկ վատթարանան` ուրիշին հետ: Տնտեսական ազատականութիւնը պիտի շուկայացնէ մարդկային ամէն իրաւունք` կրթութենէն սկսեալ մինչեւ առողջապահութիւն: Հայաստանը շատ ծանօթ է տնտեսական ազատականութեան, որուն հիմերը դրուեցան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան ընթացքին, երբ սեփականաշնորհուեցան բոլոր գործարանները, ընկերութիւններն ու հողերը: Այս քաղաքականութեան ընկերային- տնտեսական հետեւանքները հայրենիքը կը շարունակէ կրել մինչեւ այսօր:

Այլընտրանքը ընկերային արդարութեան, հասարակական համերաշխութեան եւ ժողովրդավարացման հոլովոյթի լայնացման մէջ է: Աշխատավարձերու եւ թոշակառութեան բարձրացում, արդար հարկային համակարգի (մեծ ընկերութիւններու վրայ բարձր հարկեր), աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու միութենականացման մէջ է:

Յառաջիկային ձեւաւորուելիք երկրին նոր ղեկավարութիւնը պէտք է պարտադրէ որդեգրել զուտ սկզբունքային հիմքերու վրայ ամրապնդուած ընկերային եւ տնտեսական արդարութիւն: Արդարութեան կամ յեղափոխութեան դրօշակիրի հանգամանք չեն կրնար ստանձնել գունաւոր պատեհապաշտները, որոնք կ՛օգտագործեն ժողովրդային ցոյցերը` յանուն իրենց անձնական շահերուն, յետոյ ալ ընդմիշտ կ՛անհետանան: Ճշմարիտ յեղափոխութիւնը ընկերային- տնտեսական յեղափոխութիւնն է, որ արմատականօրէն պիտի փոխէ բնակչութեան ընկերային-տնտեսական կարգավիճակը դէպի լաւը, այսինքն` աւելի արդարը: Ճշմարիտ յեղափոխականները անոնք են, որոնք պիտի ամրապնդեն ընկերային արդարութեան հիմքերը պետական մարմիններուն մէջ, այլ ոչ թէ` անոնք, որոնք կը բարձրացնեն  «յեղափոխութիւն» նշանախօսը` առանց հաւատալու կամ զգալու անոր խորքային էութիւնը:

Այսօր հրամայականը կայ լսելու ցուցարարները յուզող հարցերն ու մտահոգութիւնները` աշխատավարձերը, թոշակի, անգործութեան, ընկերային անհաւասարութեան եւ բռնի ուժի օգտագործման շուրջ: Ժամանակն է գտնելու լուծումներ` յանուն բարեկեցութեան, աշխատանքի առիթներու ստեղծման եւ, ինչո՞ւ չէ, հայրենադարձութեան:

Մետալին երեսները չէ, որ պէտք է փոխուին, այլ` ամբողջ մետալը: Այդ փոփոխութիւնը ժամանակի կարօտ է ու պէտք ունի զուսպ աշխատանքի, լուրջ ծրագիրի եւ ռազմավարութեան:

 

Նախորդը

Կարելի Չէ՞(ր)…

Յաջորդը

Մեր Ոսկեայ Պատեհութիւնը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?